Մանկապատանեկան «Հորիզոն», Նոյեմբեր 2016 – PDF տարբերակը կցուած
Առաջին էջ
Մեր խօսքը
Շա՛տ սիրելի աշակերտներ
Կաղանդը կը մօտենայ, տրամադրութիւնները բարձր են, բոլորս անհամբեր կը սպասենք տօնական օրերը, եւ մանաւանդ՝ Կաղանդ Պապան…
Բոլորս մեր ծնողներուն հետ պիտի զարդարենք մեր տուները, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ ալ՝ մեր դպրոցն ու դասարանները: Շատ հաճելի ժամանակ պիտի անցընենք տօնական այս օրերուն, սակայն չմոռնանք կարիքաւոր պզտիկներն ու պատերազմական երկիրներու մէջ ապրող երեխաները: Փորձենք զիրենք ալ ուրախացնել՝ մասնակցելով զանազան բարեսիրական նախաձեռնութիւններու:
«Հորիզոն» Մանկապատանեկանի խմբագրակազմը չափազանց ուրախ է, որովհետեւ այս ամիս «Բազմագէտ»ին մասնակցող աշակերտներուն թիւը հասած է 165-ի, անշուշտ բարձր կը գնահատենք բոլոր այն ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք կը սատարեն այս գործին:
Անհամբեր կը սպասենք Կաղանդ Պապային ձեր նամակները, զորս պիտի հրատարակենք յառաջիկայ մեր թիւերուն մէջ: Հետեւաբար կը խնդրենք, որ անմիջապէս գրէք ձեր նամակները, որոնց մէջ յայտնէք ձեր փափաքներն ու մաղթանքները եւ շուտով ուղարկէք մեզի:
Ուրախութեամբ կ’ուզենք յայտնել նաեւ, թէ մօտօրէն Վանգուվըրի եւ Գէմպրիճի ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ վարժարաններու մեր աշակերտներն ալ պիտի ստանան «Հորիզոն» Մանկապատանեկանը եւ լիայոյս ենք, որ անոնք ալ մասնակից կը դառնան «Բազմագէտ»ին, ինչպէս նաեւ կը սպասենք իրենց գրութիւնները: Այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք վերոնշեալ վարժարաններու պատասխանատուներուն, որոնք սիրով ընդառաջեցին մեր առաջարկին:
Շնորհակալութի՛ւն բոլորին:
Ճանչնանք մեր մեծերը
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ (ՍԵՂԲՈՍԵԱՆ)
Գրող եւ մտաւորական Լեւոն Շանթ, բուն անունով՝ Լեւոն Սեղբոսեան, ծնած է Պոլիս 1869-ին: Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը աւարտած է 1891ին: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիա եւ Զուիցերիա: Ունեցած է աշխոյժ գործունէութիւն Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայկական կարգ մը գաղութներու մէջ. եղած է Հայաստանի Խորհրդարանի փոխնախագահ:
1928-ին իր, Նիկոլ Աղբալեանի եւ կարգ մը այլ ընկերներու ջանքերով հիմնուած է Համազգայինի Մշակութային Ընկերութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը գործէ մեր հայկական գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ: Շանթ գլխաւոր հիմնադիրը հանդիսացած է Լիբանանի Համազգայինի ճեմարանին, որուն տնօրէնը եղած է մինչեւ իր մահը (1951):
Իր գլխաւոր գործերն են հետեւեալ թատերգութիւնները. «Հին աստուածներ»ը, «Շղթայուած»ը, «Կայսր»ը, «Ինկած բերդի իշխանուհի»ն, եւ «Օշին Պայլ»ը: Ունի նաեւ վէպեր, վիպակներ եւ բանաստեղծութիւններ:
Այս ամսուան առիթը
ՄԻՍԱՔ ԹՈՐԼԱՔԵԱՆԻ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ
1915-ի թուրք ջարդարարները, զգալով գալիք վտանգը, շուտով հեռացան Թուրքիայէն եւ ապաստանեցան եւրոպական երկիրներու մէջ, ուր իրենց անուններն ալ փոխեցին: Մեր հայ քաջարի երիտասարդները, մեր մէկուկէս միլիոն զոհերուն վրէժը լուծելու համար պատժեցին այդ ջարդարարներուն մեծ մասը: Այդ հերոսներէն մէկն ալ Միսաք Թորլաքեանն էր:
Միսաք Թորլաքեան, որ նաեւ 1918-ին մասնակցած է Կարսի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերուն, կը ստանձնէ Պաքուի ջարդերու պատասխանատու եւ Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարար Պէյպուտ Խան Ճիւանշիրի ահաբեկումը: 18 Յուլիս 1921ի երեկոյեան, երբ Ճիւանշիր Պոլսոյ Փըթի Շանի թատրոնէն ելլելով Բերա Փալաս պանդոկը կ‘ուղղուէր, կը զարնուի Թորլաքեանի ատրճանակով:
Թորլաքեան կը ձերբակալուի եւ կը չարչարուի Պոլսոյ ֆրանսացի զինուորներուն կողմէ, բայց յետոյ կը յանձնուի անգլիական իշխանութիւններուն, որոնց դատարանը զինք անպարտ կ‘արձակէ 22 Նոյեմբեր 1921ին:
Երկրորդ էջ
ՀԵՔԻԱԹ
ԵՐԵՔ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐԸ
Ժամանակին աղքատ գիւղ մը կար: Օր մը երեք հարուստ ճամբորդներ հասան այդ գիւղը եւ տեսան գիւղացիներուն աղքատութիւնը: Հարուստները փորձեցին օգտակար ըլլալ գիւղացիներուն:
Առաջին հարուստը իր քով ունեցած բոլոր ոսկիներն ու դրամները հաւասարապէս բաժնեց գիւղացիներուն: Երկրորդ հարուստը բաժնեց իր մօտ ունեցած բոլոր ուտելիքներն ու խմիչքները: Սակայն երրորդ հարուստը, տեսնելով գիւղացիներուն վիճակը, արագօրէն հեռացաւ գիւղէն: Երկու հարուստները տեսնելով անոր ընթացքը այպանեցին , որովհետեւ չփորձեց օգտակար ըլլալ խեղճ գիւղացիներուն:
Երեք օր ետք հեռացող հարուստը երկրագործական սարքերով եւ հունտերով վերադարձաւ գիւղ եւ այդ բոլորը յանձնեց գիւղացիներուն, որպէսզի իրենց հողը հերկեն, մշակեն եւ վայելեն հողին բերքն ու բարիքը:
Ո՞ր հարուստին ըրածը աւելի արդիւնաւէտ է եւ ինչո՞ւ:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
– Եթէ դուն Շարայի որկորը ունիս՝ մենք Շիրակի ամբարները չունինք (ժողովրդական առած):
– Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է (Եղիշէ Չարենց):
– Տասը լեզու սորվեցէք, բայց ձեր լեզուն ու հաւատը ամո՛ւր պահեցէք (Խաչատուր Աբովեան):
– Նախանձն է չարիքի սկիզբը (ժողովրդական ասոյթ):
– Հայոց աշխարհ, հայոց երկիր, հայոց հող,
աշխարհի մէջ լոկ գիրկիդ մէջ ապրիմ թող (Սիլվա Կապուտիկեան):
– Քանց օտար վարդ՝ քաղցր է հայրենեաց փուշ (Ալիշան):
Կենդանիներու աշխարհ
Վագերաձի
Միասմբակաւորներու կարգի ձիերու սեռին պատկանող կաթնասուն կենդանիներ են վագերաձիերը: Կ’ապրին հովիտներու մէջ:
Մարմնին երկարութիւնը 200-240 սմ. է, պոչինը՝ 45-57 սմ.։ Մարմինը պատուած է սեւ եւ ճերմակ շերտերով։
Շատ զգոյշ, արագավազ եւ բուսակեր կենդանիներ են:
Սորվինք կենդանիներուն անունները
Գրէ՛ հետեւեալ անասուններուն անունները
Առիւծ – գետաձի – փիղ – վագր – ընձուղտ – ռնգեղջիւր – վագերաձի
ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ՍԱԹԵՆԻԿ
Ալանները ներխուժած էին Հայաստան: Հայ զինուորները ալաններու գահաժառանգը բռնելով կը տանին հայոց արքայ Արտաշէսի մօտ:
Սաթենիկ՝ գահաժառանգի քոյրը, Արտաշէս թագաւորէն կը խնդրէ ազատ արձակել իր եղբայրը:
Արտաշէս կը սիրահարի Սաթենիկին եւ կ’ուզէ հետը պսակուիլ: Ալաններու թագաւորը կը մերժէ Արտաշէսին առաջարկը: Արտաշէս կը հեծնի սեւ նժոյգը եւ իր ոսկեայ օղակով պարանը Սաթենիկին բարակ մէջքին նետելով՝ զայն իր կողմը կ’անցընէ:
Արտաշէս լուր կը ղրկէ ալաններու թագաւորին, որ գահաժառանգը ազատ կ’արձակէ, եթէ Սաթենիկը իրեն կնութեան տան: Ալաններու թագաւորը կ’ընդունի առաջարկը, եւ պատերազմը կ’աւարտի: Արտաշէս եւ Սաթենիկ կը պսակուին, իսկ ալանները կը խոստանան հեռանալ Հայաստանէն:
Հասկնանք դժուար բառերը
Ներխուժել – բռնութեամբ՝ զէնքի ուժով յարձակիլ
Ալան – կովկասեան անհետացած ցեղի մը անուն
Գահաժառանգ – թագաւորին յաջորդը
Արքայ – թագաւոր
Նժոյգ – արաբական ընտիր ձի
Կ’աւարտի – կը վերջանայ
Ճանչնանք մեր հայրենիքը
Սեւանայ լիճ,
ՀՀ ամենամեծ լիճն է Սեւանայ լիճը։ Կոչուած է նաեւ «Գեղամայ ծով» կամ «Գեղարքունեաց Ծով»: Սեւանայ լիճին մէջ կը թափին 28 գետակներ, բայց սկիզբ կ’առնէ միայն մէկ գետ՝ Հրազդան գետը:
Սեւանայ լիճը ունի քաղցրահամ ջուր։ Աշխարհի քաղցրահամ ջուր ունեցող 2-րդ բարձրադիր լիճն է։ Ան կը գտնուի ծովու մակերեսէն 1916 մ. բարձրութեան վրայ, խորութիւնը կը հասնի 83 մ.-ի։ Սեւանայ Լիճը շրջապատուած է հարաւէն՝ Վարդենիսի, արեւմուտքէն՝ Գեղամայ, հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Փամբակի, հիւսիս-արեւելքէն՝ Արեգունի լեռնաշղթաներով։ Սեւանի ջուրին քաղցրահամութեան պատճառով ան նշանաւոր է ձուկերու բազմաթիւ տեսակներով, որոնցմէ են իշխանը, սիգանը եւ այլն։
«Հորիզոն»ի Մանկապատանեկանի գունաւոր յաւելուածը PDF տարբերակով ներբեռնել (Download)