Մայիս 28-ը՝ անկախութեան արարչագործութեան աւանդը. Խմբագրական
«Հայե՛ր, հասել է ժամը, երբ բոլորս միասին՝ ծեր թէ երիտասարդ, կին թէ տղամարդ, պարտաւոր ենք հրապարակ իջնել, դէպի ճակատ վազել եւ բոլորանուէր զոհաբերութեան գնով փրկել Ազգն ու Հայրենիքը: Բոլորիս միասնական կամքով միայն կարող ենք ազատուիլ մահուան մղձաւանջէն, մահասփիւռ նենգ թշնամու եաթաղանէն: Կարգապահ, հնազանդ եւ հերոսական կեցուածքով բոլորդ դէպի սրբազան գործ, դէպի անհաւասար պատերազմ»:
Արամ Մանուկեան
Պատմութիւնն ու անցեալին արձանագրուած փորձութիւնները ժողովուրդներու յիշողութիւններն են։ 1918 թուականի Մայիս 28-ի Հայաստանի պետականութեան վերականգնումը 543 տարուան անկախութեան բացակայութենէ ետք, Հայոց Պատմութեան մէջ ամենէն կարեւոր ձեռքբերումն է, որ կը յատկանշուի ոչ միայն անկախութեան վերականգնումով, այլեւ՝ Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ գաղթաշարժի ենթարկուած հայութեան աշխարհագրական մէկ տարածքի մէջ համախմբումով։
Տասնամեակներ ետք, 23 Օգոստոս 1990-ին հաստատուած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրով, հայութիւնը վճռած էր հետեւիլ 1918 Մայիս 28-ին նուաճուած Հայաստանի անկախութեան աւանդին եւ անոր ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական ու ազգային աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան ուղեգիծին:
Այսօր, Արցախեան յաղթական գոյամարտով արձանագրուած յառաջխաղացքէն ետք, համազգային մեր ներկայ իրավիճակին մէջ երկփեղկուածութեան ընթացքը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ։
Բազմակարծութիւնը ամլացնելով եւ ատելավառութիւն սերմանելով կը ստեղծենք պառակտման եւ անմիաբանութեան այն վիհը, որուն դառն փորձառութիւնը ունեցած ենք տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՀՇ-ի տխրահռչակ իշխանութեան օրօք։ Ուրեմն, որպէսզի չվերածուինք ժխտավայրի (dystopia) մը, այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է երկրի հիմերը սնուցանել ժողովրդավարական բարձրագոյն արժանիքներով։
Արեան գնով ձեռքբերուած անկախութեան երաշխաւորը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համախումբ ու միասնական երթն է:
Իսկ ապագայ նորանոր նուաճումներն ու յաղթանակները կրնանք իրագործել, երբ կը սնանինք պատմական մեր գոյամարտերու՝ սարդարապատներու եւ շուշիներու ակունքներէն:
Ազգային միասնութեան խորապատկերին վրայ՝ հայութեան դարաւոր իրաւունքներու վերատիրանալու պայքարը շարունակելու վճռականութիւնը պետական մակարդակին բարձրացնելով՝ մենք յաւելեալ թափ ու ներուժ կը ներարկենք մեր դարաւոր պայքարին։
Քաղաքական հակոտնեայ գաղափարախօսութիւններու պատճառով եկպառակտումներու առաջնորդող բեւեռացումները պարզապէս կը տկարացնեն պայքարի ուժականութիւնը։
1919-ի Մայիս 28-ի հռչակագրով հայ սերունդներուն փոխանցուած պետական աւանդ է Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրագործման տեսլականը։ Այդ միացեալ պետութիւնը պէտք է ստեղծուի հայապատկան հողերու վրայ: Հայապատկան կը կոչուին այն հողերը, որոնց վրայ այսօր կ՚ապրի հայ ժողովուրդի մէկ հատուածը եւ այն հողատարածքները, որոնց վրայէն բռնութեամբ վտարանդուած է հայութիւնը: Այդ անժամանցելի տեսլականի դրոյթը կը թելադրէ՝ հայապատկան հողերու վրայ համահայկական պետութեան ստեղծում:
Եւ վերջապէս՝ հայութեան գոյազարգացումը իրականութիւն կը դառնայ ազգահաւաքով ու հայրենադարձութեամբ։ Լիակատար կը յաղթենք ազգովին, երբ միասնական մեր ներուժին հաւատալով կը նայի՛նք Միաւորուած Հայաստանի պայծառակերտ տեսլականին։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական