ԿՈՉ. Մայիս 28՝ վերածնունդի, յոյսի եւ ազգային վերակազմաւորման հրաւէր
- (0)

Հայաստանի անկախութեան եւ հանրապետութեան կերտումի 108-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը վերահաստատէ իր անսակարկ յանձնառութիւնը հայկական պետականութեան, ազգային ինքնութեան եւ համահայկական իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին։ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կերտումը, որ ծնունդ առաւ մեր ժողովուրդի աննկուն կամքէն եւ գոյապայքարէն, դարձաւ մեր նորագոյն պատմութեան անկիւնադարձային հանգրուանը եւ հիմքը՝ այսօրուան պետական գոյութեան։
Այսօր, սակայն, մեր հայրենիքը դարձեալ կը գտնուի ճակատագրական հանգրուանի մը դիմաց։ Ազգային իրաւունքներու նահանջը, Արցախի բռնի հայաթափումը, Հայաստանի ինքնիշխանութեան առջեւ ծառացած սպառնալիքները եւ մեր ազգային պահանջատիրութիւնը նսեմացնելու փորձերը կը պարտադրեն վերանորոգել մեր հաւաքական կամքն ու ազգային գիտակցութիւնը։ Այս օրերուն անհրաժեշտ է ամրացնել պետական մտածողութիւնը, վերակենդանացնել հաւատքը մեր ազգային կարողութիւններուն եւ նոր սերունդներուն մէջ խորացնել հայրենատիրութեան ու պատասխանատուութեան ոգին։
Այս առիթով, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը հրաւիրէ համայն հայութիւնը՝ համախմբուելու «Յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան» պատգամին շուրջ, մասնակցելով իրենց ապրած շրջաններու Հայ կեդրոններուն կազմակերպած ձեռնարկներուն, արժեւորելու մեր անկախ պետականութիւնը եւ վերանորոգ վճռակամութեամբ շարունակելու ազգային պայքարը։ Մայիս 28-ի եւ Հայաստանի անկախութեան խորհուրդը պէտք է դառնան ոչ միայն յիշատակութեան օրեր, այլեւ վերածնունդի, յոյսի եւ ազգային վերակազմաւորման հրաւէր։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ