ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Նիստին Ներկայացուեցաւ Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Սանձազերծած Յարձակումին Հետեւանքները

21 յունիսէն 14 յուլիս 2021-ին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 4-7րդ նստաշրջանը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդականի հետ քննարկման ժամանակ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը անդրադարձաւ այս ուղղութեամբ իրականացուող միջազգային հանրութեան ջանքերուն մէջ Հայաստանի ներդրումին:

Նստաշրջանին ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը մանրամասն կերպով լուսաբանեց եւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն ու համապատասխան կառոյցներուն ուշադրութեան յանձնեց Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին հետեւանքները, գործադրուած պատերազմի յանցագործութիւնները, մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւապայմանագրային համակարգի եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումները: Ներկայացուեցան նաեւ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդ վերցուած քաղաքացիական անձերուն դէմ շինծու մեղադրանքներու հիման վրայ կատարուող թատերականացուած դատավարութիւնները, հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը, Ազրպէյճանի մէջ հայերուն հանդէպ բարձրագոյն մակարդակով տարուող համակարգուած ցեղապաշտական քարոզչութիւնը եւ անոր անընդունելի դրսեւորումները, որոնց կարգին` վերջերս բացուած այսպէս կոչուած «Ռազմավարի պուրակը»: Շեշտուեցաւ, որ Ազրպէյճան կ՛արհամարհէ միջազգային դատական ատեաններու որոշումները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատարի, ՄԱԿ-ի յատուկ ընթացակարգերու կոչերը եւ յստակ հարցադրումները, որոնք մնայուն կերպով անպատասխան կը մնան: Նշուեցաւ նաեւ, որ Ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան հանդէպ համարժէք միջազգային արձագանգի պակասը պատճառ կը դառնայ վերջինիս կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ նկրտումներու ու ոտնձգութիւններու: Վերոնշեալ հարցերուն շուրջ ելոյթներ ունենալէ բացի, Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը տարածեց նաեւ շարք մը յայտարարագիրներ:

ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յատուկ ընթացակարգերու եւ հետաքննող մեքանիզմներու հետ քննարկումներու ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ զինեալ ահաբեկիչներու եւ վարձկաններու ներգրաւման` Արցախի ժողովուրդին դէմ հրահրուած պատերազմին: Հայաստան պնդեց, որ բազմաթիւ աղբիւրներէ ստացուած եւ շարք մը պետութիւններու կողմէ պաշտօնապէս հաստատուած այս փաստերը պէտք է միջազգային մանրակրկիտ հետաքննութեան առարկայ դառնան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.