«Ձօ՛ն առ Տիրամայր» Նախաձեռնութեամբ Հայ Կանանց Միջազգային Միութեան
Ապրիլ 5-ին, Կոմիտասի անուան ինստիտուտ-թանգարանէն ներս, Հայ կանանց միջազգային միութեան (AIWA) նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրուան նուիրուած «Ձօ՛ն առ Տիրամայր» ձեռնարկը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երաժշտանոցի փրոֆեսր, AIWA-ի մշակութային յանձնաժողովի նախագահ Համասփիւռ Մանուկեան։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի տնօրէն՝ Ճորճ Բարսեղեան, որ գնահատելով ՀՀ Սփիւռքի նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տարած աշխատանքը եւ նկատի առնելով, որ իրենց կեդրոնը հիմնադրուած է վերջինիս նախաձեռնութեամբ, ան Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը հռչակեց՝ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի պատուաւոր նախագահ։
Արուեստաբան Սէյրանուշ Մանուկեան սահիկներով ներկայացուց Տիրամօր պատկերագրութիւնը յատկապէս միջնադարեան արուեստի մէջ: Լուսպատկերներու միջոցով դասախօսը ներկայացուց Տիրամօր պատկերներու զարգացման ընթացքը, գունային փոփոխութիւնները, ըստ երկիրներու, ժամանակաշրջաններու՝ նկարիչներու տեսլականները, մօտեցումները, մեկնաբանութիւնները: Դասախօսութիւնը կ’ընդհատուէր «Աւէ Մարիա», «Ձօ՛ն առ Տիրամայր» երաժշտական կատարումներով: Իրենց վարպետութեամբ հանդիսատեսը հիացուցին դասական երաժշտութեան վարպետներ, ՀՀ վաստակաւոր արտիստներ, Մարինէ Տէինեան, Լիլիթ Գրիգորեան, եւ Գալինա Ցոլակեան, դաշնամուրով կը նուագակցէր Էլենա Վարդանեան:
Նարեկացիի Տիրամօրը նուիրուած բանաստեղծութիւնը ներկայացուց արուեստաբանութեան թեկնածու Սուսաննա Դաւթեան:
Իրենց անզուգական կատարումներով, Մօր նուիրուած հիանալի գործերով եւ կոմիտասեան երգերու ներկայացմամբ հանդիսութեան մասնակիցներուն ջերմութիւն եւ սէր փոխանցեցին «Ծաղկազարդ» երգեցիկ խումբի երգչուհիները:
Ձեռնարկի աւարտին «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան,, տօնի առիթով շնորհաւորանքի եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ կանանց միջազգային միութեան նախագահ՝ Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց հայ մօր, հայ կնոջ դերակատարութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթէն ներս, ինչպէս նաեւ ընդգծեց անոր ընտանիքին, հասարակութեան եւ հայրենիքին անսահման նուիրումը: