Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի կառոյցը՝ միշտ զօրավիգ Արցախի Հանրապետութեան

Ֆոնէթոն 2018-ին առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Փարիզ այցելութեան ընթացքին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ԱՀ նախագահին հետ:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, որը յատկանշուեցաւ փոխվստահութեան եւ տեսակէտներու նոյնանմանութեան առկայութեամբ, նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց ֆրանսական իշխանութիւններու կողմէ գործադրուող ճնշումներուն կապակցութեամբ, որոնք առաւել ուժգնացած են այս վերջին ամիսներուն, եւ որոնց նպատակն է չեղեալ համարել քաղաքապետութեանց կողմէ Արցախի քաղաքներուն հետ կնքուած բարեկամութեան համաձայնագրերը:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հաստատեց թէ ինք վճռականօէն կը հովանաւորէ բարեկամութեան նշեալ համաձայնագրերերու պահպանումը, որոնց շնորհիւ կը հաստատուին մարդկային, բարեկամական եւ մշակութեային յարաբերութիւններ այն շրջաններուն հետ, որոնք կը մնան մեկուսացուած՝ այնքան ատեն որ չէ իրագործուած Արցախի միջազգային ճանաչումը: Հ.Յ.Դ. յանձնառու եղած է՝ նահանգային իշխանութիւններու կողմէ ճնշումի ենթարկուած քաղաքապետութեանց հետ միասնաբար կատարելու հանրային եւ քաղաքական նախաձեռնութիւններ: Ան, Ֆրանսայի այս քաղաքականութիւնը կը դիտէ իբրեւ անհանդուրժելի մեղսակցութիւն ազրպէյճանական իշխանութիւններուն, մեղսակցութիւն՝ որուն հետեւանքով պիտի խախտուի ֆրանսահայ համայնքի եւ Ֆրանսայի կառավարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող վստահութիւնը:

Միւս կողմէ, Բակօ Սահակեան գոհունակութիւն յայտնեց այն առումով, որ վերջերս շատ աւելի մեծ թիւով ֆրանսացի խորհրդարանականներ, ծերակուտականներ եւ եւրոխորհրդարանականներ այցելած են Արցախ: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որ Ֆրանսայի մէջ նախաձեռնողը եղած է նմանօրինակ բազմաթիւ այցելութիւններու կազմակերպման, պիտի շարունակէ իր աշխատանքը այդ գծով:

Նախագահ Սահակեան միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժաք Մարիլոսեանի ընթացքին կապակցութեամբ, որը ապացուցած է թէ ամբողջովին անտեղեակ է հայկական հարցէն: Ազրպէյճանական կառավարութեան կողմէ նախաձեռնուած եւ եւրոխորհրդարանականներու առնչուող՝ «Caviar Gate» լայնածաւալ կաշառակերութեան գործողութեան բացայայտումէն ամիսներ ետք, Ժաք Մարիլոսեանի բարեկամական կապերը Խորհրդարանաի Ֆրանսա-Ազրպէյճան բարեկամութեան խումբի նախագահին հետ (որուն կապերը Ազրպէյճանի դեսպանութեան առնչուող կաշառակերութեան խնդիրներուն հետ բացայայտուած էին) կը յարուցեն նոր մտահոգութիւններ: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հաստատեց, որ կազմակերպած է Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահութենէն Ժաք Մարիլոսեանի հրաժարումը պահանջող արշաւ:

Հանդիպման վերջաւորութեան ընդգծուեցաւ Ֆրանսայի մօտ Արցախի ներկայցուցչութեան հետ առկայ սերտ կապերը պահպանելու եւ նոր համագործակցութեանց առիթները բազմացնելու կարեւորութիւնը:

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Փարիզ, 16 Նոյեմբեր 2018

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.