Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Առցանց Հանդիպում՝ «Դէպի Սիւնիք»

Սեպտեմբեր 12-ի երեկոյեան, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան քսան երկիրներէ Հ․Յ․Դաշնակցութեան Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններէ ներկայացուցիչներ:

Հանդիպումը կը կեդրոնանար վերջին ամիսներուն Հայաստանի Ուսանողական եւ Երիտասարդական Միութիւններու մեկնարկած «Դէպի Սիւնիք» ծրագրի գործունէութեան վրայ, որ կը ներառէ պատանեկան ճամբարներ, գործուղումներ, խորհրդաժողովներ, ուսումնասիրութեանց մրցոյթներ, քաղաքական դպրոցներ եւ աւելի մասնագիտացուած հմտութիւններու ծրագիրներ: Հիմնական նպատակ ունենալով կայացնել Սիւնիքի մէջ Դաշնակցութեան Պատանեկան եւ Երիտասարդական կառոյցները, որպէս պայքարի եւ դիմադրողականութեան կռուաններ:

Աւելի յստակացնելով, «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը, կը նախատեսէ.

– Ներքաղաքական եւ միջազգային երիտասարդական հարթակներու վրայ քաղաքական, արտաքին յարաբերական և քարոզչական աշխատանքի ծաւալում։
– Ամրապնդելու համար ազգային ոգին, պատանեկան ճամբարներու կազմակերպում։
– Սիւնիքի երիտասարդութեան խնդիրներու լուծման նուիրուած ուսումնասիրութիւններու պատրաստութիւն եւ խորհրդաժողովի կազմակերպում։
– Սիւնիքի մէջ երիտասարդական կեդրոններու ստեղծում։
– Երիտասարդութեան մասնագիտական կարողութիւններու եւ հմտութիւններու զարգացման միտող «Վերելք Ծրագիր»-ի իրագործում։
– Սփիւռքի երիտասարդներու յատուկ գործուղումներ։

Այս բոլորը եւ ոչ միայն համասփիւռ Դաշնակցական Երիտասարդական եւ Ուսանողական միաւորներու ներդրմամբ եւ ներուժով առաջ մղելու եւ իրագործելու նպատակով, կատարուեցաւ օգտաշատ քննարկում։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.