ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանը 150 հազար տոլար արժողութեամբ դեղորայք կը նուիրէ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հիւանդանոցներուն
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը յատուկ հաղորդագրութեաշբ Յունիս 4-ին յայտարարեց, որ համագործակցութեամբ եւ նուիրատուութեամբ Lernapharm ընկերութեան, $150,000.00 արժողութեամբ 2 բեռնարկղ դեղորայք առաքեց դէպի հայրենիք:
Բեռնարկղները կը պարունակեն 400,000 քանակութեամբ վիրաբուժական հեղուկ հականեխիչ պարունակող տոպրակներ եւ 400,000 հականեխիչ ցպիկներ:
Բեռնարկղներու պարունակութիւնը համահաւասար պիտի բաժնուին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հիւանդանոցներուն:
ՀՕՄ-ը որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն, քաջ գիտակցելով ճգնաժամային օրեր ապրող մեր հայրենիքի պայմաններուն, ընդմիշտ կը մնայ զօրավիգ հայրենի պետականութեան, հայ զինուորին եւ ժողովուրդին, խնամատար՝ անոնց անսահման կարիքներուն. իր ազգանուէր գործունէութիւնը կը շարունակէ, շնորհիւ իր ծրագիրներուն հաւատացող եւ իրենց նիւթական թէ բարոյական ներդրումը բերող ազգայիններու անշահախնդիր աջակցութեան:
Առ այդ՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը կու գայ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու դեղորայքի նուիրատու Lernapharm ընկերութեան սեփականատէր եւ Մոնթրէալի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ Հիւպատոս Պրն. Ռազմիկ Մարկոսեանին՝ իր հայրենանպաստ նուիրատուութեան համար։