ՀՕՄ-ը Կրկին Սահմանին Կանգնած Զինուորի Կողքին է

«Հայ օգնութեան միութիւն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ յատկացուող դրամաշնորհի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած մրցոյթի ծիրէն ներս այցելած է Արցախի զօրամասերէն մէկը։

«Մենք ուժեղ ենք, երբ միասին ենք» խորագիրով ծրագիրը մեկնարկեց Քարվաճառի այն տարածքին մէջ, ուր զոհուած էր Շուշիի գումարտակի փոխհրամանատար Պետրոս Ղեւոնդեանը` Պետօն: Այստեղ ծրագրի մասնակիցները ծաղիկներ խոնարհեցին Պետոյի յիշատակին կառուցուած յուշաքարին:

Յաջորդ կանգառը Արցախի սահմանային զօրամասն էր: Այստեղ հայրենիքի համար նահատակուած ազատամարտիկ Վահէ Բաղդասարեանի անունը կրող պահակակէտերուն մէջ բացուեցան Վահէի յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակներ, զինծառայողներուն եւ ներկաներուն բաժանուեցան Վահէ Բաղդասարեանի մասին պատմող  թերթիկներ:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Դիանա Յովսէփեան նշեց, որ իւրաքանչիւր զոհուածի յիշատակը մեզի համար սուրբ է, եւ մենք երբեք իրաւունք չունինք մոռնալու, որ մեր կողքին ապրած են լուռ, անխօս հերոսներ:

Ծրագրի ծիրէն ներս բացուեցաւ նաեւ լուսանկարիչ Յակոբ Պօղոսեանի «25 տարի անց» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Լուսանկարները կը պատմէին 1992-93 թուականներու Արցախեան եւ 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմներու ու ատոնց մասնակից հերոսներու մասին:

19578123_1247200125405837_380104883_n

Տեղի ունեցաւ նաեւ կրթական ծրագիր: ՀՀ Կրութեան եւ գիտութեան ներկայացուցիչ, ՀՕՄ-ուհի Օֆելիա Գրիգորեան զինծառայողներուն ներկայացրեց կրթական այն հնարաւորութիւնները, պայմանները, որոնցմէ անոնք կրնան օգտուիլ ժամկետային զինծառայութիւնը աւարտելէ ետք:

Զօրամաս այցելուներու շարքին էր նաեւ սփիւռքահայ թատերագէտ, բեմադրիչ, բանաստեղծ Հրանդ Մարգարեան: Ան պարբերաբար կ՛այցելէ Արցախ աշխարհ, զօրամասեր` ամենատարբեր աջակցութիւն տրամադրելով: Մարգարեան կը նշէ, որ իրենց նպատակը հայրենիքը զօրացնելն է. «Արցախը մեզի համար ազգային հիմնախնդիր է, եւ մեր ուժերը պէտք է կեդրոնացնենք զայն պահել-պահպանելու համար»:

ՀՕՄ-ուհիները զինծառայողներուն փոխանցեցին Հայաստանի եւ սփիւռքի կրթօճախներու աշակերտներու նամակները, ուր երեխաները իրենց բարեմաղթանքները ուղղած էին սահմանը պահող տղաներուն:

Արցախեան այցելութիւնը ամփոփեց մշակութային ծրագիրով` հայրենասիրական երգ ու պարով, որոնց իրենց կատարումներով միացան նաեւ զինծառայողները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.