ՀՕՄ-ը Կրկին Զինուորի Կողքին. «Այցելութիւն Դիրքապահ Զինուորներուն»

Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի Միաւորը, Յունուար 28-ին, Հայոց Բանակի օրը, 2012 թուականէն սկիզբ առած «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորներուն» ծրագիրին ծիրէն ներս՝ այցելելով հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղեկայուած Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկը՝ հիւրասիրած է զինուորները տօնական ուտեստներով՝ հօմուհիին յատուկ նուիրումով, մայրական սիրով պատրաստուած տոլմա, աղցան, գաթա, մրգեղէն, քաղցրաւենիք, սուրճ: Այս մասին կը հաղորդէ Aparaj.am-ը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.