ՀՕՄի Հոլանտայի Մեկուսի Շրջանի Անդրանիկ Ձեռնարկը՝ Կանանց Օրուան Նուիրուած

Շաբաթ, 9 Մարտին, Հոլանտայի ՀՕՄի մեկուսի շրջանը կազմակերպեց իր անդրանիկ ձեռնարկը՝ նուիրուած Կանանց միջազգային օրուան: Գրական-գեղարուեստական երեկոն տեղի ունեցաւ Ալմելօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ մեծ թիւով հիւրեր:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներով: Ձեռնարկը վարեցին Ալին Մերտխանեան եւ Վերգինէ Դարբինեան, մէջբերումներ ընելով Վիկթոր Հիւկոյի յայտնի խօսքերը. «Ան, որ կը պաշտպանէ իր կնոջ իրաւունքները, կը պաշտպանէ իր երեխային իրավունքները, այլ խօսքով՝ կը պաշտպանէ իր ապագան», եւ այլ մեծ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Յասմիկ Օհանեան: Ան անդրադարձաւ միութեան պատմականին եւ տարած մարդասիրական ու ազգանուէր գործունէութեան, միաժամանակ կոչ ըրաւ՝ աջակցելու եւ քաջալերելու Հոլանտայի մէջ նոր հիմնուած մասնաճիւղին, որպէսզի կարելիութիւնը ունենայ մասնակցելու ՀՕՄի ծրագիրները իրականացնելու գործին:

0000HOLLAND

Լուսանկարը՝ ԱՐԱՄ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆի

Ապա տիկին Լալա Շահինեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու Պար»ը եւ Ռոզալեա Մրճոյեան՝ Յովհաննէս Շիրազի «Նուէր Սփիւռքի Հայութեան»:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը ՀՕՄի անցեալի աշխատանքներուն եւ իր ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւններուն մասին:

Ալմելոյի «Զարթօնք» պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լիլիթ Եղեազարեանի՝ հաւաքական պարերով մասնակցեցաւ երեկոյին, հայկական զուարդ մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահին մէջ: Գեղեցիկ ելոյթներէն ետք, ծանօթ արուեստագէտ Վրէժ Սահակեան ընկերակցութեամբ պարոն Վարանդ Ղազարեանին՝ ժողովրդային եւ ազգային երգերով խանդավառեցին ներկաները, որոնք միասնութեան շուրջպարով աւարտեցին երեկոն:

Նշենք, որ ՀՕՄի Հոլանտայի մեկուսի մասնաճիւղը հիմնադրուած է 30 Յունիս 2018ին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.