ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային 27րդ Պատգամաւորական Ժողովը Աշխատանքային Նոր Հորիզոններ Բացաւ
Արցախեան պատերազմը, հայրենի տարածքներու կորուստը, հազարաւոր մեր հերոս հայրենի պաշտպաններու նահատակումը, տնտեսական ճգնաժամը եւ այս բոլորին առընթեր ահաւոր թագավարակը հսկայական աւերներ գործեցին մեր հայրենիքէն ներս, տեղահան ընելով մեր սիրելի Արցախի ու հայրենի սահմանագծի մէջ ապրող ժողովուրդի հսկայական զանգուածը։ Այսուհանդերձ, համայն հայութիւնը հաստատակամ մնաց եւ օգնութեան ձեռք երկարեց հայրենի իր ժողովուրդին։
Բնական է մարդասիրական իր գործունէութեամբ իր ժողովուրդին կողքին մնաց նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ողջ ընտանիքը եւ յատկապէս Հայաստանի իր միաւորը, որուն այս եւ այլ կարեւոր աշխատանքներու արժեւորումը կատարուեցաւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային 27րդ Պատգամաւորական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ 25-26 Յունիս 2022-ի շաբաթավերջին Երեւանի մէջ մասնակցութեամբ 45 պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալներու, որոնց կարգին էին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Համեստ Սասունեանը, ՀՕՄի Արցախի վարչութեան ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեանը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ու ժողովի կողմէ հրաւիրեալներ։
Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄի քայլերգներու խմբերգումէն ետք, ժողովի բացումը կատարեց ՀՕՄի Հայաստանի ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Զոյա Քոչարեան, որ հպանցիկ ակնարկ մը նետելով ՀՕՄի Հայաստանի շրջանի 30-ամեայ անցած ուղիին վրայ վստահեցուց, որ 1991-ի ազատամարտի օրերուն հիմնուած ՀՕՄը, մայրական իրաւունքով 30 տարի գործած եւ մեծ ընտանիք դարձած է։ Աւելի՛ն, ՀՕՄը վերջին տարիներու պատերազմական եւ մանաւանդ համաճարակի օրերուն չէ ընկճուած, ընդհակառակը հայրենասիրութեամբ յառաջ գացած է եւ յոյս յայտնեց, որ 27-րդ ժողովէն ետք եւս կը շարունակուի ՀՕՄի առաքելութիւնը։
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով ժողովը ողջունեց Համեստ Սասունեան եւ ընդգծեց, թէ ՀՕՄը պարտաուոր է դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները եւ այս իմաստով ան վստահեցուց, որ միշտ մնացած է պատնէշի վրայ եւ կատարած է իր առաքելութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ, օգնութեան ձեռք երկարելով մարտի դաշտէն մինչեւ հիւանդին ու կարօտեալին։ Սասունեանի համոզմամբ, ՀՕՄը կարող է աւելին կատարել, այնքան ատեն, որ աշխարհի ՀՕՄի բոլոր միաւորները ըլլան հայրենիքի հետ։
Սրտի խօսք փոխանցեց նաեւ ՀՕՄի Արցախի վարչութեան ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեանը, որ ողջունելէ ետք ժողովականները, երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՕՄի մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան, Արցախին աջակցելուն եւ մասնաւորաբար 2020-ի պատերազմի օրերուն նիւթապէս եւ բարոյապէս Արցախին թիկունք կանգնելուն համար։ Ընկերուհին նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան, որ պատերազմի եւ յաջորդող օրերուն օգնեց Արցախին։
Գնահատանքի ելոյթ ունեցաւ նաեւ Գերագոյն Մարմի անդամ Իգոր Սարգսեան, որ անդրադառնալով ՀՕՄի մեծ ընտանիքի 110-ամեայ եւ ՀՕՄի Հայաստանի միաւորի 30-ամեայ գործունէութեանց հաստատեց, որ ՀՕՄը գործած է անշահախնդիր նուիրուածութեամբ, ամբողջ հոգով մեծ գործ կատարած է հայապահպանման, ազգի, հայրենիքի, պետականութեան հզօրացման ու հայրենիքի զաւակներուն օգնելու սրբազան գործին։ Եզրակացնելով ընկերը յաջողութիւն եւ լաւ ծրագիրներու մշակում մաղթեց ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային 27-րդ Պատգամաւորական ժողովին։
Գեղեցիկ եւ իմաստաալից այս ելոյթներէն ետք, ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութիւնը, յատուկ մետալով պարգեւատրեց ընկերուհիներ Շուշան Շուշանեանն ու Վեհանոյշ Մարգարեանը, որոնք ՀՕՄի հիմնադրութենէն՝ 1 Յունուար 1991-էն մինչեւ օրս եղած են ՀՕՄի Հայաստանի շրջանի գործունեայ անդամները։ Ժողովականները յոտնկայս եւ երկարաշունչ ծափողջոյններով ընկալեցին զոյգ ընկերուհիներու պագեւատրումը։
Պաշտօնական բաժնի աւարտէն ետք, ժողովը գործնական աշխատանքի անցնելով ընտրեց իր արժամեայ դիւանն ու Իրաւասութիւնները ճշդող յանձնախումբը։ Ժողովի օրինականութիւնը հաստատուելէ ետք, ժողովը անցաւ բնականոն աշխատանքի։
Ընկհ. Համեստ Սասունեան ընթերցեց ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, որուն յաջորդեց ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան քառամեան նիւթա-բարոյական տեղեկագրերու ընթերցումները։ Այնուհետեւ, ժողովականներուն առիթ տրուեցաւ ներկայացնելու իրենց լուսաբանական հարցումները, նախ քառամեայ գործունէութեան բարոյական եւ ապա նիւթական տեղեկագրերու մասին, որոնց Շրջանային վարչութեան անդամները հերթաբար պատասխանեցին։ Զոյգ տեղեկագրերու մասին հագեցնող պատասխաններ ստանալէ ետք, տեղի ունեցաւ ակնարկուած գործունէութեանց ըստ էութեան քննարկումը։ Բոլոր ելոյթ ունեցողներն ալ բարձր գնահատեցին ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան քառամեայ գործունէութիւնը, յատկապէս հայոց բանակի, վիրաւոր եւ նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն, կարօտեալ անհատներու եւ ընտանիքներու յատկացուած նիւթական եւ բարոյական օգնութիւնները, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան որբախնամ, ուսանող եւ այլ մարդասիրական ծրագիրներու մասնակցութիւնն ու նախաձեռնած օգտակար աշխատանքները։
Կիրակի, 26 Յուլիս 2022ի առաւօտեան նիստին, ժողովականներուն առիթ տրուեցաւ ներկայացնելու իրենց առաջարկները, որոնք Բանաձեւի յանձնախումբի կողմէ խմբագրուելէ ետք, մէկ առ մէկ ներկայացուեցան ժողովականներուն, լուսաբանուեցան եւ թեր ու դէմ կարծիքներու արտայայտութիւններէ ետք իբրեւ բանաձեւ որդեգրուեցան ժողովին կողմէ։ Վաւերացուած բանաձեւերը գլխաւորաբար կը վերաբերէին ՀՕՄի կազմակերպչական, դաստիարակչական, հայրենիքի ու ՀՕՄի բարգաւաճման եւ զարգացման, մասնաճիւղերու աշխուժացման նպաստող աշխատանքներուն։
ՀՕՄի յառաջիկայ երկամեակի նախահաշիւի վաւերացումէն ետք տեղի ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան անդամներու եւ փոխանդամներու ընտրութիւնը։ Կարեւոր այս օրակարգի իրականացումէն ետք, տեղի ունեցաւ Հաշուեքննիչ յանձնախումբի ընտրութիւնը։ Ժողովը վերջ գտաւ կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, որմէ ետք նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը որու ընթացքին ընտրեց իր դիւանը։ Այնուհետեւ, ժողովականները համախմբուեցան «Jaco» ճաշարանը, ուր ուրախ մթնոլորտի մը մէջ ճաշ-խրախճանք մը ունեցան, «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» ՀՕՄի կարգախօսով վերանորոգեցին իրենց ուխտը, միշտ ծառայելու հայ ազգին ու հայրենիքին։
Ստորեւ ՀՕՄի Հայաստանի շրջանի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան կազմը.
1. Շաղիկ Մարուխեան՝ Ատենապետ
2. Սիլվա Եուզպաշեան՝ Փոխ-Ատենապետ
3. Մարօ Քէշիշեան՝ Ատենադպիր
4. Կարինէ Դադայեան՝ Գանձապահ Խորհրդականներ՝
5. Զոյա Քոչարեան (Հրազդան)
6. Սօսի Գասարեան (Երեւան)
7. Ալիսիա Բեջանեան (Երեւան)
8. Արուս Միրզոյեան (Սիւնիք)
9. Ռուզան Նահապետեան (Սեւան)
10. Լուսինէ Մուքոյեան (Արթիկ)
11. Վեհանոյշ Մարգարեան (Երեւան)