«Հորիզոն»ի հարցազրոյցը Գանատայի տնտեսութեան զարգացման եւ պետական լեզուներու նախարարուհի Մելանի Ժոլիի հետ
Շաբաթ, 14 Օգոստոս 2021-ի, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ տարեկան քերմէսի ընթացքին, «Հորիզոն»ի թղթակից Թալիա Ճապրայեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի տնտեսութեան զարգացման եւ պետական լեզուներու նախարարուհի Մելանի Ժոլիին հետ: Հարցազրոյցի ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր, որոնց շարքին՝ Ազատական կուսակցութեան նախընտրական արշաւի մանրամասները յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն լոյսին տակ, գանատահայ համայնքին դերն ու տեղը երկրի զարգացման գործընթացին մէջ, հայ-գանատական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատուն հիմնելու հարցերը։
Հայ համայնքին հետ երկար տարիներիու աշխատանքային յարաբերութիւններու շնորհիւ, նախարարուհին այժմ ինքզինք կը զգայ որպէս հայ համայնքի բարեկամ անդամ: Հարցազրոյցին մէջ ան մասնաւորապէս ողջունեց հայ համայնքի եւ հաստատութիւնները կազմակերպուածութիւնն ու աշխատելաոճի բարձր մակարդակը:
Նախարարուհին կարեւորեց Սթեֆան Տիոնի Հայաստանի մօտ Գանատայի յատուկ դեսպանորդ պատուիրակ նշանակուելու փաստը, ընդգծելով Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնն ու Գանատայի օժանդակութիւնները Հայաստանին: