Հոն, Սեւ Ծովու Ափին… Համշէն

ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ

Ես պատմաբան չեմ, թրքագէտ չեմ, ազգագրագէտ չեմ: Մէկ խօսքով, մասնագէտը չեմ այն թեմային, որուն մասին կ՛ուզեմ միտքերս բաժնեկցիլ:

Հոկտեմբեր 2008-ի սկիզբը Համշէն այցելեցի: Կարճ այցելութիւն էր, ընդամէնը` երեք օր, որոնց ընթացքին Հոփայի եւ շրջապատի լեռները շրջեցանք, գիւղեր այցելեցինք եւ քանի մը համշէնահայու հանդիպելու առիթ ունեցանք:

Հոփան այսօրուան Թուրքիոյ Արտուին նահանգի մէջ 32.000 բնակչութեամբ ծովեզերեայ քաղաք է: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը համշէնահայեր են:

Վերջին տարիներուն շատ գրուած եւ խօսուած է համշէնահայութեան եւ Համշէնի մասին: Հայկազուն Ալվրցեանը (Արեւմտահայոց հարցերի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն,  հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու) կը նշէ. «Համշէնահայերը մինչեւ 19-րդ դարու 90-ական թուականները հիմնականում բնակուել են Թուրքիայի Սամսոն քաղաքից մինչեւ Պաթում ընկած ծովափնեայ ընդարձակ տարածքներում: Պատմիչ Ղեւոնդի վկայութեամբ, 788 թ. Մեծ Հայքի Կոտայք եւ Արագածոտն գաւառներից մօտ 12.000 մարդ, չդիմանալով արաբական իշխանութեան ճնշումներին, Աբաս Ամատունու եւ նրա որդի Համամ Պայազատի գլխաւորութեամբ հեռանում է Հայաստանից եւ բնակութիւն հաստատում Բիւզանդական կայսրութեան մաս կազմող Պոնտոսում: Ի դէպ, Պոնտոսում հայերն ապրում էին հնագոյն ժամանակներից: Հետագայ դարերում նրանց թիւն աւելանում է քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումների պատճառով Հայաստանի տարբեր գաւառներից արտագաղթածների հաշուին: Նման մի խոշոր արտագաղթ էր նաեւ այս մէկը: Բիւզանդիայի կայսր Կոստանդինը սիրով ընդունում է հայերին, բնակեցնում բարեբեր հողերում, իսկ հայ նախարարներին նուիրում Տամբուր քաղաքը, որը կարճ ժամանակ անց պատերազմի պատճառով հիմնովին աւերւում է: Համամ Ամատունին այն վերականգնում է եւ իր անունով կոչում Համամաշէն (այստեղից էլ` Համշէն)»:

Այս տարածքի համշէնահայերը ե՞րբ իսլամացեր են: Հայկազուն Ալվրցեանին համաձայն այդ ընթացքը ունեցած է 4 փուլ. առաջին փուլ` 16-րդ  դարու վերջերը` 1722, երկրորդ փուլ` 1722-1838, երրորդ փուլ` 1838 մինչեւ 1915 Հայոց ցեղասպանութիւնը, չորրորդ փուլ` 1915-1930 թուականներ:

Պատմութեան մասին այսքանով բաւարարուիմ:

Այս այցելութիւնը պայմանական երկու մասին պիտի բաժնեմ. Բնութիւն եւ մարդ: Նախ` բնութեան մասին:

Երեւանէն Արեւմտեան Հայաստան անցանք Վրաստանի ճամբով: Այս ճանապարհի ամէնէն դժուար եւ անխնամ եւ յոգնեցնող հատուածը հայ-վրացական սահմանի վրացական մասն էր: Մարտ 2018-ին նոյն ճանապարհով Կարին գացսծ էինք: Այն ատեն ալ վատ ու դժուար էր. Քանի մը քիլոմեթր ճամբան հազիւ մէկ ժամէն կրցանք անցնիլ: Անցեալ ամիսներուն ոչ մէկ նորոգութիւն եղած է: Ջաւախքի հանդէպ վրացական իշխանութիւններու դիտումնաւոր անտարբերութեան վառ ապացոյցն է այս ճամբան:

Վրաստան-Կարս-Արտահան-Արտուին-Հոփա ճամբան բաւական հեզասահ ընթացաւ: Արտահանի հարազատ, լերկ լեռներէն ետք Հոփայի անծայրածիր, կանաչ, թիկունք-թիկունքի տուած լեռները, մերթ բարձրացող ճանապարհին տակ տարածուող ամպերը, անսահման լռութիւնը սքանչելի բնանկար կը կազմեն, ու այդ նկարին մէջ յայտնուիլը աննկարագրելի հաճոյք է: Ջրվէժներն ու լիճերը, Զիլ Բերդն ու Դժոխքի դուռ կոչուող վայրերը անպայման կը գրաւեն զբօսաշրջիկները: Բայց…

Խոստովանիմ, որ ես չկրցայ զանոնք լիակատար վայելել: Շրջանի պատմութեան մանրամասն ծանօթ չեմ ու թերեւս այդ պատճառով չկրցայ վայրերուն մէջ պատմական դէպքեր եւ դէմքեր տեղադրել, պատմութիւնը վերապրիլ: Սա իմ թերացումիս արդար պատիժն էր: Այս վայրերուն մէջ հայկական հետքեր (եկեղեցի, մատուռ, շիրմաքար եւ այլն) չնկատեցի… Երեւան վերադարձիս այս մասին տարբեր պատասխաններ ստացայ: Մէկը ըսաւ, որ գիւղերուն մէջ տակաւին այդ հետքերը կան, եւ «լաւ իմացողները» գիտեն: Ուրիշ մը ըսաւ, որ հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին կամաց-կամաց անոնք ջնջուած են:

Բայց հայերէնի թռչող ձայները կը վկայեն հայերու գոյութեան մասին: Մեր խումբը քանի մը համշէնահայու հանդիպելու առիթ ունեցաւ: Ամէնէն հետաքրքականը երեկոյեան ճաշարանին մէջ հաւաքուած երիտասարդներու հետ պատահական հանդիպումն էր: Իրենց թրքախառն զրոյցներուն մէջ հայերէն բառերը կ՛որսայի. «կ՛ուզիմ, ելլուշ, բերէի գու…»: Առանձին զրոյցի ընթացքին, երբ իմացան, որ Հայաստանէն եկած ենք, անոնք սկսան աւելի հանգիստ ու ջերմ խօսիլ: Խաժ, կապոյտ, կանաչ աչքերով երիտասարդները մտահոգ են, որ իրենք կը կորսնցնեն իրենց նախնիներու լեզուն: Հայերէն չեն գրեր. այբուբենը չեն գիտեր, բայց իրենց բարբառը պահել կ՛ուզեն:

Աւելի ուշ քանի մը համշէնահայեր ընթրիքին միացան: Սուլթանն ու Նեճտեթ զոյգը մօտաւորապէս մէկուկէս տարի առաջ ամուսնացեր են: Նեճտեթը համշէնահայ է: Սուլթանը Տիգրանակերտէն (Քաղաքի Սուր շրջանէն) քրտացած հայ ընտանիքի զաւակ է, որ իր պատկանելիութեան զգացումը դեռ կը պահպանէ: Երկուքն ալ փնտռած են հայ արմատներով կողակից ու գտած են… Հոփացի Նեճտեթի խօսքին մէջ ցաւ կայ. նոր սերունդին, իր զարմիկներուն համար ցաւ է, որովհետեւ անոնք կը մոռնան իրենց լեզուն: Հիմա լեզուն կը մոռնան, վաղը…

Կար նաեւ Մարիամը (անունը փոխած եմ), որ դարձեալ Տիգրանակերտ քաղաքի Սուր շրջանէն էր (Սուրը Տիգրանակերտի պատմական այն շրջանն է, որ 2015-ին թրքական բանակի հարուածներուն թիրախ դարձաւ, որուն պատճառով 300.000-էն աւելի քիւրտ գաղթական դարձաւ, շրջանը գրեթէ ամբողջութեամբ քար ու քանդ եղաւ…): Մարիամը պատանի տարիքին գիտցած է, որ հայ է եւ այդ բացայայտումի տագնապը մինչեւ այսօր կ՛ապրի: Այն ատեն միայն անդրադարձած է, որ մեծ-հօր եղբօր արտասանած տարօրինակ բառերը հայերէն աղօթքներ էին: Թրքերէնով կարդացած է Մկրտիչ Մարկոսեանին գիրքերը ու աւելի կապուած` Տիգրանակերտին եւ հայու արմատին…

Մարիամը արագ կը խօսէր.. կարծես` այդ կարճ, պատահական եւ աղմկոտ հանդիպումի ընթացքին իր արմատներու մասին ամէն, ամէն բան կ՛ուզէր պատմել:

«Քոյրս ծանօթացեր էր տէրսիմցի քիւրտ երիտասարդի մը հետ: Զիրար սիրած էին: Երբ մեր փեսացուին ընտանիքը եկած էր քրոջս ձեռքը խնդրելու, մայրս յստակօրէն ըսաւ. «Մեր մասին իրականութիւնը պէտք է ձեզի ըսեմ: Աւելի լաւ է, որ մեզմէ լսէք, քան` մեր դրացիներէն… Մենք քրտացած հայեր ենք»:Անակնկալ լռութիւնը խզեց փեսացուին չափազանց մոլեռանդ եւ պահպանողական քեռայրը,- շարունակեց Մարիամը,- «է՜հ, այս հողերուն վրայ ո՞վ այդպիսի դժբախտութիւն չէ ապրած…»:

«Թերեւս այդպիսի դժբախտութեան զոհ էր նաեւ ի՛նքը, քեռայրը», մտածեցի բարձրաձայն… Մարիամը չժխտեց եւ շարունակեց պատմել ընտանիքին եւ իր տագնապներուն մասին: Ամուսնացած է. 7 տարեկան աղջիկ ունի: Ե՞րբ կրնայ իրականութիւնը պատմել անոր: Ի՞նչ տագնապներ կրնայ ապրիլ աղջիկը: Չէ՞ որ թուրքերը օրէ օր աւելի անհանդուրժող կը դառնան… Ինչպէ՞ս խնայել անոր զգացումները.. չէ՞ որ ինքը անցած է նոյն ճանապարհը: Բայց Մարիամը վստահեցուց, որ անպայմա՛ն պիտի պատմէ. պիտի չթաքցնէ…

Գիշերուան հանդիպումներու տպաւորութիւնները չթօթափած` առաւօտը հասաւ: Այս անգամ համշէնահայ գիւղական տուն մըն էր մեր ժամադրավայրը, ուր մեզ հիւրընկալեց Նարիէ տատիկին ընտանիքը: «Նար» արաբերէն «կրակ, հուր» կը նշանակէ… եւ դեռ այս տարիքին սուր եւ սթափ էր համշէնահայ Նարիէն… Կանաչապատ լեռներուն մէջ, գիւղական ամառնային տան մէջ թագուհի է Նարիէն… Որդին, թոռնիկն ու ծոռները ժառանգած են իր ծաւ կապոյտ աչքերը: Համշէնի քաղցր բարբառը հասած է մինչեւ թոռնիկը: Արդէն հասուն տարիքով թոռնիկին հետ համշէնահայերէնով կատակներուն մէջէն քաղցր կը զրնգայ անոր ծիծաղը…

Իսկ հազիւ 10-12 տարեկան թոռնիկներուն երբ հարցնես` «Դուք թո՞ւրք էք», ընդվզումով կը պատասխանեն` «Ո՛չ, մենք համշէնցի հայ ենք»:

Երեք օրը բաւարար չէր, բայց կրնամ ըսել, որ Համշէնի մէջ հայասիրութեան, պատկանելիութեան ճչացող երեւոյթներու չհանդիպեցայ, սակայն զգացի հայ ըլլալու, արմատին կառչած ապրելու տագնապը…

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.