Հոկտեմբեր 2-ի օրէնքի նախագիծը նման էր մէկ բաժակ ջուրի մէջ փոթորիկ ստեղծելուն. Արմէն Ռուստամեան
Ազգային ժողովի պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբեր 2-ին, գումարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, որուն օրակարգն էր ՀՀ սահմանադրական օրէնքի մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին օրինագիծը։ Այս նիստէն ետք մեծ աղմուկ բարձրացաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ՝ մտածելով, որ օրինագիծին փոփոխութիւնը կը խոչընդոտէ Ազգային Ժողովի լուծարումը եւ արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու որոշումը։
Հոկտեմբեր 5-ին, «Շանթ» հեռուստաընկերութեան «Հեռանկար» հաղորդման հիւրն էր ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, որ անդրադարձաւ այս հարցին՝ ներկայացնելով իր տեսակէտը։
Ա. Ռուստամեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի եւ Փաշինեանի հիմնական հակասութիւնը ո՛չ թէ արտահերթ ընտրութիւններուն, այլ զայն իրականացնելու ժամկէտին մէջ է։ Անոր կարծիքով ընտրութիւններու ժամկէտը պէտք է բխի քայլերէն եւ ո՛չ թէ ամէն ինչ համաձայնեցուի ժամկէտներուն։
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը պարզաբանեց, որ իրենք ի սկզբանէ ՀՀ Վարչապետի հետ համաձայնութեան եկած են, եւ պատահական չէ, որ նախատեսուած էր մէկ տարուան ժամկէտ, որքան ալ այդ «մինչեւ մէկ տարին» ուրիշ ձեւ մեկնաբանուի՝ անիկա ունի իր տրամաբանութիւնը. նախատեսուած էր, որ պիտի իրականացուին քայլեր, որոնք, երբ կատարուին, հանգուցալուծուին եւ միջավայրը պատրաստ ըլլայ, այն ժամանակ կատարուին արտահերթ ընտրութիւններ, իսկ հիմա այդ համաձայնութիւնը մոռցուած է.
Առաջին քայլը այն էր, որ արտահերթ ընտրութիւնները իրականացուին ընտրական նոր օրէնսգիրքով, իսկ հիմա դարձեալ կասկածի տակ դրուած է այս համաձայնութիւնը, որովհետեւ նոր օրէնսգիրքով չեն հասցներ Դեկտեմբերին իրականացնելու ընտրութիւնները, անոր համար ալ կ’ըսեն «ինչ կայ որ, կարելի է հին օրէնսգիրքով ընել»։
Երկրորդ քայլը, որուն մասին Վարչապետի հետ խօսուած էր եւ ինք համաձայնած էր, գերվարչապետական համակարգէն հրաժարիլն էր, ՀՅԴ-ն ժամանակին ալ դէմ էր այդ համակարգի ընդունման։ Այդ համակարգէն հրաժարիլ կը նշանակէ, որ ոստիկանութիւնը հանուի վարչապետի լիազօրութենէն եւ դրուի կառավարութեան լիազօրութեան տակ՝ այսինքն, ոստիկանութիւնը հաշուետու ըլլայ, եւ հաշուետւութիւն ներկայացնէ նաեւ ազգային ժողովին։ Սա այն խոստումն է, որ մինչեւ հիմա չէ իրականացած։
Վերջապէս, այս ամէն ինչը ընելէն ետք, պէտք էր որոշակի տրամաբանական ժամանակ, որ հասարակութիւնը այս նոր իրավիճակին ծանօթանար եւ այնուհետեւ իրականացուէին ընտրութիւնները։ «Եթէ այս բոլորը իրականանար՝ որեւէ խոչընդոտ չէր կրնար ըլլալ սահմանադրական ճանապարհով եւ իրաւունքի ուժով ազգային ժողովի լուծարման, մենք կրնայինք այդ ամէն ինչը հաստատել թուղթով»,- կը վստահեցնէ Ռուստամեան։
Խմբակցութեան ղեկավարի համար անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ այս տրամաբանական ճանապարհը մէկ կողմ կը դրուի, եւ բացի այդ, ան դժգոհութիւն կը յայտնէ՝ ըսելով,- «ՀՅԴ-ն կառավարութեան անդամ ըլլալով հանդերձ, վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Հանրապետականներու հետ՝ առանց խորհրդակցելու, կամ ՀՅԴ-ի տեսակէտները հաշուի առնելու»։ Ռուստամեան այս մէկը կը համարէ քաղաքակրթութեան չափանիշներու խախտում։
Այս իրավիճակը, ըստ Ռուստամեանի, ստեղծուած էր Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններու ժամանակ եւս, երբ սեւ ու սպիտակի բաժնեցին ուժերը եւ ըսին. «բոլոր անոնք որոնք ձայն չեն տար վարչապետի նախընտրած թեկնածուին եւ անոր ցանկին՝ սեւ են, հակայեղափոխական են։ Հիմա ալ կ’ըսեն այս օրէնքի ընդունումը ժաղովուրդի դէմ պատերազմ յայտարարել է, նաեւ կը խօսուի հանրապետականներու հետ միասին Դաշնակցութիւնը արմատախիլ ընելու մասին։ Դաշնակցութիւնը փորձել արմատախիլ ընելու համար նախ պէտք է արմատ ունենալ»,- ըսաւ Ռուստամեան։
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարին կարծիքով՝ յաճախ ժողովուրդի կամքը կը շահագործուի, որովհետեւ Դեկտեմբերին ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելը Փաշինեանի միանձնեայ որոշումն էր, յետոյ ինք իր որոշումը թելադրեց ժողովուրդին։ Այստեղ կը գերակայէ քաղաքական նպատակայարմարութիւնը, ո՛չ թէ ժողովուրդի կամքը։ «Չէ՞ր արժեր արդեօք յանուն համերաշխութեան մթնոլորտի եւ յեղափոթեան գաղաբարներու երթալ բանակցութիւններու եւ յանգիլ տրամաբանական լուծման։ Դարձեալ իրենք պիտի ընտրուին, խնդիրը ատիկա չէ, խնդիրը այն է, թէ ինչպէ՞ս կ’երթանք արտահերթ ընտրութիւններու»,- ըսաւ Ռուստամեան։
Ըստ իրեն, Հոկտեմբեր 2-ի օրէնքի նախագիծը նման էր մէկ բաժակ ջուրի մէջ փոթորիկ ստեղծելուն։ Անիկա, Ռուստամեանի կարծիքով, բոլորովին արտահերթ ընտրութիւնները խոչընդոտելու օրէնք չէր։ «Պէտք չէ մարդոց մոլորեցնել, ես այս մէկը կ՝ըսեմ պաշտօնապէս, այս օրէնքը, ընդհակառակը, կ’ապահովէր, որ ազգային ժողովը լուծարուի իրաւունքի ուժով», իսկ իրենք կ’ըսեն, չէ, հնարաւորութիւն տուէք, որ Ազգային Ժողովը ուժի իրաւունքով լուծարուի։ Այս օրէնքի ընդունումը աւելի ձեռընտու էր նոր իշխանութեան, որ լուծարումը կատարուի օրէնքի ուժով եւ ողջ աշխարհի կողմէն ճանչցուի։ Բայց Փաշինեանը եկաւ Ազգային ժողով եւ ըսաւ ինչ ալ ընէք իմ միանձնեայ որոշումս Դեկտեմբերն է, գացէք ինչպէս կ՝ուզէք անոր պատրաստուեցէք, անկէ ետք էր, որ այս օրէնքը ընդունուեցաւ, այսինքն այնպէս չէ որ բանակցութիւնները խաբանուելու պատճառով է, որ այս օրէնքը ընդունուեցաւ, ինք հարցը տեղափոխեց այլ դաշտ։ Հիմա մեզ կը համարեն ազգի դաւաճան, իսկ ո՞վ ստեղծեց այս մթնոլորտը»,- հարց կու տայ Ռուստամեան, ըսելով, որ օր առաջ պէտք է դուրս ելլել այս մթնոլորտէն։ Ան վստահ է, որ ՀՅԴ-ի մօտեցումները շատ հիմնաւորուած են, եւ իրենք ժամկէտի հարց չեն դրած, դրած են քայլեր, որոնց համար անհրաժեշտ է ժամանակ։
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեան, Հոկտեմբեր 10-ին տուած ճեպազրոյցի մը ժամանակ յայտնած է, որ ՀՀ ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը խորհրդարանական մնացած ուժերուն միջեւ համաձայնութեան պարագային դէմ պիտի չըլլայ Դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման:
«Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է կայանան ընտրական օրէնսգիրքին փոփոխութենէն ետք: Պէտք է ըլլայ նաեւ ոստիկանութեան ենթակայութեան փոփոխութիւն, ոստիկանութիւնը պէտք է ըլլայ կառավարութեան ենթակայութեան տակ: Ընտրութիւնները կրնան օրինական ըլլալ, բայց պակաս կարեւոր չէ ընտրութիւններուն հանդէպ հանրային ընդհանուր վստահութեան ձեւաւորումը, անոր համար բոլոր խմբակցութիւններուն համար պէտք է ապահովել հաւասար մրցակցային պայմաններ: Եթէ այդ բոլոր կէտերը կատարուին, եթէ անոնք ամփոփուին Դեկտեմբերին, ընտրութիւնները թող ըլլան Դեկտեմբերին, թէ Յունուարին, թող ըլլան Յունուարին: Եթէ բոլոր քաղաքական ուժերը որոշեն, որ ընտրութիւնները պէտք է ըլլան Դեկտեմբերին, ՀՅԴ-ն չի խոչընդոտեր»,- ըսած է Սէյրանեան: