ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հանրահաւաքի Կը Հրաւիրէ Ազատութեան Հրապարակի Վրայ
1840
0
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Մայիս 23-ին ժամը 19:00 -ին Ազատութեան հրապարակին վրայ կը հրաւիրէ հանրահաւաքի: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան, մասնաւորապէս, նշած է. «Հրատապ․ ՀՅԴ-ն յառաջիկայ ժամերուն հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ. Մինչ այդ տեղեկացնեմ, որ Դաշնակցութիւնը Մայիս 23-ին ժամը 19:00 -ին Ազատութեան հրապարակին վրայ կը հրաւիրէ հանրահաւաքի:
Հ․գ ․ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի բոլոր ընկերներուն եւ համակիրներուն իրենց զգօն, գիտակից եւ պատրաստակամ պահուածքին համար»: