ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարին Հետ

6 փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամները հանդիպում ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի հետ:

Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ նախագահէն պահանջած են թափանցիկ եւ հրապարակային ձեւով հանրութեան ներկայացնել անվտանգութեան վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններու եւ տարբեր հանդիպումներու մասին պատշաճ տեղեկատուութիւն տրամադրել` տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններէ խուսափելու եւ առկայ անորոշ մթնոլորտը փարատելու համար:

«Մեզի համար կարեւոր կը նկատուի այս հարցերուն ներկայացումը Ազգային ժողովին մէջ` իբրեւ առաջնային լիազօրութիւն ունեցող պետական մարմին: Նշած ենք նաեւ պետական հաստատութիւններու գործունէութեան, յատկապէս անվտանգութեան հարցերու լոյսին տակ Անվտանգութեան խորհուրդի ձեւաւորման կարեւորութիւնը», ըսած է Դաւիթ Իշխանեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.