ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Այնճար

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր, 2020-ին այցելեցին Այնճար ուր «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի քաղաքապետին հետ: Գերագոյն մարմինի անդամները անդրադարձան «Օգնիր Եղբօրդ- Լիբանան» ծրագիրի տրամադրած օժանդակութիւններուն:

Հանդիպման աւարտին անոնք այցելեցին գիւղի զանազան կառոյցներն ու հաստատութիւնները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.