ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու հայրենի ճամբարները նպատակաուղղուած առաքելութիւն են. Խմբագրական

ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու հայրենի ճամբարները նպատակաուղղուած առաքելութիւն են. Խմբագրական

«Արի ու առնական կեցուածքով երիտասարդութիւն մը կը բախէ արդէն հայ կեանքի դռները: Ան պէտք է արագօրէն հասուննայ եւ ինքզինք ամրօրէն շղթայէ իր ժողովուրդի անցեալին, կերտելու համար անոր փայլուն ապագան: Բարձր տեսլականի մը համար պայքարի դաշտ կը կանչէ ձեզ ՀՅ Դաշնակցութիւնը»:

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան

ՀՅԴաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի անքակտելի մասնիկն է ՀՅԴ Երիտասարդականը։ Հայ երիտասարդութիւնը քաղաքականացնելու եւ Հայ Դատի լուծման գործընթացին մէջ նորահաս սերունդը ներգրաւելու յստակ մտադրութեամբ, 1929 թուականին գումարուած ՀՅԴ ԺԱ. Ընդհանուր ժողովը պաշտօնապէս առաջադրեց երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւն ստեղեծելու պահանջը, եւ այդ օրէն ի վեր, կուսակցութեան ընկերային-քաղաքական աշխարհընկալման առանցքային գաղափարներու դրօշակիրը դարձաւ Դաշնակցական երիտասարդութիւնը։

Վերջին տարիներուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի, Գանատայի, Իրանի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները պատանեկան ճամբարներ կը կազմակերպեն Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ… Շուշի, Ստեփանակերտ, Սիսիան, Վանաձոր, Չարենցաւան, Մարտունի, Կովսական, Ասկերան, Բերձոր, Տարագիւղ, Ախալքալաք, Մոշաթաղ, Տիգրանաւան, Այգեհովիտ….

Ճամբարներու ծրագիրները կ՚ընդգրկեն հայ ժողովուրդի յեղափոխական դէմքերու, հայդուկներու եւ դէպքերու ծանօթացում, Հայ Դատի այսօրուան եւ ապագայի մարտահրաւէրներու ներկայացում, Դաշնակցութեան պատմութեան ուսուցում, զրուցարան-ասուլիսներ, Արցախի ազատագրական պայքարի ժամանակագրութեան պատմութիւն, անգլերէն լեզուի եւ համակարգիչի դասընթացքներ, դաստիարակչական խաղեր, հայրենասիրական երգերու ուսուցում:

Նորահաս սերունդը ազգային գաղափարախօսութեամբ թրծելու առաքելութիւնը վեհ յանձնառութիւն է դաշնակցական երիտասարդին համար։ Հայրենի հողին վրայ գործունէութիւն խարսխելու նախաձեռնութիւններով դաշանակցական երիտասարդութիւնը առիթը կ՚ունենայ համաձուլուելու պատմական հայրենիքին հետ եւ իր ներուժի լիարժէք օգտագործումով իր ներդումը կը բերէ սերունդներու ազգային դաստիրակութեան կայացման գործին մէջ։ Այս ճամբարները նոր մտահորիզոններ ու աշխարհայեացքներ կ՚ընձեռեն նաեւ գործուղղուած վարիչներուն, որոնք մասնակից դառնալով ճամբարային ծրագիրներուն՝ կ՚ամրագրեն ոգեղէն կապը հայրենի հողին հետ։

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Վանաձորի ճամբարը իր 9-րդ տարին կը բոլորէ եւ իր գործունէութիւնը ընդլայնելով արդէն իսկ ծրագրին մէջ ներառած է Սպիտակ քաղաքը։ 9 տարուան ընթացքին ՀՅԴ երիտասարդականի անդամ հարիւր պատասխանատու-վարիչներ գործուղուած են Լոռիի մարզ եւ նոյն այդ ժամանակահատուածին երկու հազար երեխաներ մասնակից դարձած են ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ամառնային ճամաբարի ծրագիրներուն։

Հազարաւոր հայ պատանանիներու դաստիարակչական եւ մարմնակրթական զարգացման ուղղուած այս ճամբարները պատճառ հանդիսացած են նաեւ, որ տասնեակ դաշնակցական երիտասարդներ հայրենադարձութեան որոշումը կայացնեն։ Ի վերջոյ ՀՅԴ ծրագրային հանգանակին մէջ ամրագրուած տարագիր հայութեան աշխարհագրական միաւորման՝ ամբողջական Հայաստանի տարածքին համախմբման սկզբնակէտը հայրենադարձութիւնն է։

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը հայրենի ճամբարներու իր ծրագիրներով անգամ մը եւս կը փաստէ, որ պատնէշի վրայ յանձնառու կը մնայ հայրենատիրութեան առաքելութեան։

Բարի ե՛րթ հայ ժողովուրդի երիտասարդ սերուցքին։

«Հորիզոն»ի խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.