ՀՅԴ ԳՄ Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան Հանդիպեցաւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական Խմբակցութեան Ատենապետ՝ Երեսփոխան Պրայըն Մէյի եւ Գէյմպրիճի ու Նորդ Տամֆրիզի Քաղաքապետներուն Հետ
Շաբաթ 7 Դեկտեմբեր, 2019-ին, Գէմպրիճի մէջ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներու, Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի, ՀՅԴ Արամ-Դրօ եւ Գէմպրիճի Հայ Դատի տեղական մարմնի անդամներուն, յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ատենապետ՝ երեսփոխան Պրայըն Մէյի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, կողմերը քննարկեցին Գանատա-Հայաստան փոխյարաբերութիւնները զարգացնելու հեռանակարները, քաղաքական կապերը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, տնտեսական յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացումը ու մշակութային փոխանակումներու անդրաժեշտութիւնը:
Յատուկ քննարկում տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ու այդ գործընթացին մէջ Գանատայի դրական մասնակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութեան շուրջ:
Նշենք, որ Գէմպրիճ կեցութեան ընթացքին, Սաղաթելեան նաեւ հանդիպեցաւ Գէմպրիճի քաղաքապետ՝ Քաթրին Մքկարիի, ինչպէս նաեւ Նորդ Տամֆրիզ քաղաքի հայազգի քաղաքապետ՝ Սու Սահակեան-Ֆաքսթընի հետ: Զոյգ հանդիպումներու ընթացքին, քննարկման նիւթ դարձան քաղաքապետական մակարդակի երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան ու տնտեսական այլ ոլորտներու մանրամասնութիւնները: