ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Եւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորներ Հանդիպում Ունեցան Այգեձորի Եւ Չինարիի Բնակիչներուն Հետ

26 ապրիլին Տաւուշի մարզի Այգեձոր գիւղին մէջ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Գերագոյն մարմինի նախագահ Աշոտ Սիմոնեան եւ մարմինի անդամները, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Այգեձորի եւ սահմանամերձ Չինարիի բնակիչներուն հետ:

«Բաց եւ անկաշկանդ քննարկման ընթացքին խօսեցանք մեր քաղաքացիները յուզող բոլոր հարցերուն մասին, անոնց ներկայացուցինք մեր մօտեցումները, խոստացանք բարձրաձայնել զիրենք յուզող բոլոր հարցերը», տեղեկացուց Սաղաթէլեան:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան, իր կարգին, յայտնեց, որ անմիջական եւ անկաշկանդ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած զրոյցներուն իբրեւ արդիւնք` իրենք արձանագրեցին, որ մեր հայրենակիցներուն հիմնական մտահոգութիւնները կը շարունակեն մնալ` ապահովական հարցերը, երկրին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները, օրուան իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը, մեր ինքնութեան եւ գերիշխանութեան դէմ սպառնալիքները:

Նշենք, որ Հայաստանի զանազան համայնքներ այցելութիւնները եւ քաղաքացիներու հետ հանդիպումները ունին շարունակական բնոյթ: