Թորոնթոն եւ գանատահայութիւնը տիպար օրինակ կը հանդիսանան՝ հայ վարժարանին միջոցաւ նոր սերունդ պատրաստելու գործին մէջ
- (0)

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թորոնթոյի նորահաստատ «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնի պաշտօնական բացման հանդիսութեան ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը՝ (20 սեպտեմբեր 2026)։
Մեծ հաճոյքով Լոս Անճելըսէն ժամանած եմ հոս՝ ականատես ըլլալու Թորոնթոյի նորահաստատ Նարեկ Հայ Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնի բացման այս պատմական հանդիսութեան։
Սիրելինե՛ր.
1924-ին էր, որ Դաշնակցութիւնը, Փարիզի մէջ կայացած իր 10-րդ Ընդհանուր Ժողովին, կ՚որոշէր յետեղեռնեան Սփիւռքին տալ կառոյց ու բովանդակութիւն, զայն կազմակերպել՝ կենցաղային, քաղաքական, բարեսիրական, կրթական, մարզական-սկաուտական, մշակութային եւ այլ իմաստներով։
Անշուշտ, մենք միակը չէինք իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւն։ Բայց մենք առաջինն ու հիմնականն էինք, որ այս ուղղութիւնը կ՚որդեգրէր։
Եւ ահաւասիկ, ճի՛շդ 100 տարիներ ետք, սփիւռքեան այդ կառուցուածքի դպրոցական ու կրթական բաժինը, որուն երբեմն սխալմամբ կ՚ակնարկուի իբրեւ հնադարեան կամ յառացոյց (paradigm), այսօր կու գայ իր այս ոգեղէն շէնքով՝ մե՛ծ եւ իմաստալից քայլեր առնելու ու նոր հիմեր դնելու։
Եւ այս՝ բարեբաստիկ 1924 թուականին յաջորդող երկրորդ հարիւրամեակի շեմին։
Սիրելինե՛ր.
Մենք մի՛շտ ալ լսած ենք ու ականատես եղած ենք Թորոնթոյի հայ գաղութին մէջ տիրող առողջ կազմակերպական կեանքին, հոս ղեկավարութիւն տրամադրած մեր կուսակցական կառոյցին, բարգաւաճող ուղեկից միութիւններուն, եկեղեցական եւ յարանուանական դրոյթին, եւ առհասարակ մեր ազգայիններուն մօտ շեշտուած կազմակերպական մտածողութեան ու առողջ համակարգին:
Համակարգ մը, որուն հիմքը կը կազմեն թափանցիկութիւնը, հաշուետուութիւնը, պարկեշտութիւնը եւ շահերու բախման՝ conflict of interest-ի չգոյութիւնը։
Համակարգ մը, ուր տեսլականով ու առաքելութեամբ առաջնորդուիլը, յստակ ծրագրումով յառաջանալը եւ յաջողութեան նշաձողեր սահմանելը այնքա՛ն շեշտակի են, որ այլեւս անոնք դարձած են այդ մշակոյթին բնազդային մէկ մասը։
Աւելի՛ն՝ համակարգ մը, որ գիտէ նոր ու երիտասարդ ուժերով պարուրել ինքզինք, բայց միաժամանակ խորունկ յարգանք ու շաղկապում պահել փորձառութեամբ հարուստ եւ տարեց գործընկերներուն հետ։
Եթէ հայերէն լեզուն «նախանձելի» բառին մէջ չունենար բացասական երանգ մը, գանատահայութիւնը, բայց յատկապէս Թորոնթօն, դիտելով դուրսէն ներս, պիտի ըսէինք, որ շա՛տ նախանձելի տեղ մը գրաւած է մեր հայկական Սփիւռքի խճանկարին մէջ։
Հայոց պատմութեան էջերը թերթատելով, սիրելինե՛ր, պիտի տեսնէք, թէ հայ ժողովուրդի երեքհազարամեայ կեանքի ընթացքին երբե՛ք ձանձրանալու առիթ չէ եղած մեզի համար։
Այսինքն՝ there was never a dull moment for us։
Եւ այսպէս, վերջին 30-35 տարիներուն ալ մենք ազգովին ունեցանք հսկայ վերիվայրումներ, իսկ վերջին 6-8 տարիները յատկապէս յատկանշուեցան մեր ազգային կեանքին դիմագրաւած ծանրակշիռ մակընթացութիւններով։
Այս իրողութեան ի տես, Սփիւռքի մէջ սկսած են բոյն կազմել տարատեսակ մտորումներ։
Այսպէս, կան մօտեցումներ, որոնք կը պնդեն, թէ աւելի քան 30 տարի Սփիւռքի բաժինէն առնելով՝ Հայաստանին եւ Արցախին տրուեցաւ, եւ ատոր հետեւանքով Սփիւռքն է, որ տուժեց։
Անդին, այլ մօտեցումներ կը պնդեն, որ Սփիւռքը ժամանակաւոր է, եւ ամէն ինչ Հայաստանի՛ն է, որ պէտք է տրուի եւ տրամադրուի։
Աւելի՛ն, Սփիւռքը իբրեւ ինքնանպատակ եւ սոսկ լինելութիւն պնդողներ ալ կան, որոնք կը ջատագովեն, թէ Սփիւռքը միայն ինքնիրմով պէտք է զբաղի։
Այնքա՛ն մը սկսած են այս բաժանարար շեշտադրումները մայրուղիէն դուրս շեղիլ ու հեռանալ, որ երբեմն մոլորեցնող բանավէճերու եւ աններդաշնակութեան տպաւորութիւն մը կը թողուն։
Բայց մայրուղին շա՛տ յստակ է, սիրելի՛ հայրենակիցներ։
Ամէն ջանք պիտի թափուի Սփիւռքը ամուր պահելու, զայն կառչած պահելու իր ինքնութեան, իր արմատներուն, իր հաւաքական յիշողութեան, իր մշակոյթին եւ, առաւելագոյնս, իր լեզուին, ու իր անիրաւուած ազգի քաղաքական իրաւունքներուն, այնքան ատեն, որ արդարահատոյցը տակաւին չէ իրականացած։
Եւ Սփիւռքը, իր տարբեր երանգներով, ըլլալով հայութեան կարեւոր մէկ մասնիկը, իր ուժերը լարելու է հայոց պատմական այս նորագոյն փուլին՝ անոր վերահաստատուած հայրենիքին շուրջ բոլորուելու համար։
Որովհետեւ ազգի մը առողջ գոյատեւման ամենահզօր երաշխիքը ի՛ր իսկ պետականութիւնն է։
Այսինքն՝ հայ ազգի ապագան շա՛տ աւելիով երաշխաւորուած է Հայաստանի կայուն գոյութեամբ։
Մենք, իբրեւ Սփիւռք, ինչպէ՞ս կրնանք հայ ազգի նեցուկն ըլլալ եւ անոր պետականութեան սատարել, եթէ տկար ու հիւանդ Սփիւռք մը ըլլայինք։
Իսկ հայ ազգը այս ժամանակաշրջանին անգամ մը եւս թեւակոխած է իր պատմութեան շա՛տ վտանգաւոր փուլերէն մէկը։
Սեւ ամպեր կուտակուած են Հայաստանի գլխուն, իսկ Արցախը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայաթափուած է։
Աշխարհաքաղաքական դրուածքը զուգորդուած է Հայաստանի այսօրուան անմխիթար եւ անհեռատես իշխանութեան հետ։ Իշխանութիւն մը, որ իր ուժն ու յարատեւութիւնը՝ նաեւ խաղաղութիւնը՝ կը տեսնէ մեզ բազմիցս եաթաղան հանած Թուրքիոյ հոգածութեան ներքոյ։
Բայց դուք ձեր օրինակով գիտէք, սիրելինե՛ր, որ դժուարութեան մէջ է, որ զօրաւորները կը յայտնուին։ The tough get going when the going gets tough.
Եւ այսօր ձեր պատրաստակամութեան ոգին, կամքի հզօրութիւնը, հաւատամքն ու աշխատանքը ա՛յս պրիսմակով է, որ կ’արժէ դիտել։
Ահա՛ ա՛յդ է, որ դուք հոս կ՚ընէք Նարեկ Կեդրոնով, Թորոնթոյի մէջ, սիրելինե՛ր։
Դուք ձեզ ամրապնդելով, դուք ձեզ կայտառ ու հզօր դարձնելով, շա՛տ աւելի լաւ եւ հաստատուն կը դարձնէք սփիւռքեան այս գաղութը։
Եւ զայն կը ծառայեցնէք ձեր համայնքի նոր հայ սերունդներու կազմաւորման ու զարգացման՝ միաժամանակ Գանատային եւ Հայաստանին համար։
Եւ հաւատացէք, սիրելինե՛ր, հոս տարակարծութեան ենթահող իսկ չկայ։
Կարելի է միաժամանակ հասնիլ Սփիւռքի բոլոր կարիքներուն, եւ հասնիլ Հայաստանին ու արցախահայութեան։
Դուք գիտէք թէ՛ Սփիւռքը զօրացնել, եւ թէ՛ Հայաստանը։ Որովհետեւ անոնց յարաբերակցութիւնը zero-sum game մը չէ։ Հոս մէկուն տրուածը միւսին զրկելով չէ, որ կ՚իրականանայ։
Ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս կարելի է հարիւր տոկոս գանատացի ըլլալ ու ծառայել Գանատային, եւ միաժամանակ ըլլալ 100% հայ անհատ ու հայ հաւաքականութեան անդամ։ Հո՛ս ալ յարաբերութիւնը zero-sum game չէ։ Ահա՛ ասոր ապացոյցն է, որ ձեր մէջ միս ու մարմին կը ստանայ՝ հոս, այսօր։
Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել 25,000-30,000 հաշուող թորոնթոհայ գաղութի մը մէջ շուրջ 1,000 ամէնօրեայ աշակերտ ունենալու երեւոյթը, իր տարբեր ենթաբաժանումներով եւ երկու համալիրներով։
Աշակերտութեան համեմատական թիւ մը, որ շուքի մէջ կը ձգէ նոյնինքն Սփիւռքի մէջ այլ կրօնք ունեցող եւ բազմահարիւրամեայ դպրոցական համակարգերու ու ցանցերու հարուստ փորձ ունեցող հրեաներու պարագան։
Իսկ անդին, արդեօք այստեղ կա՞յ որեւէ պարագայ, երբ հայրենիքը պէտք ունեցած է ձեզի, կամ հայրենիքին նեցուկ կանգնելու հարց եղած է, եւ Թորոնթօն իր արդար բաժինէն աւելին ցարդ չէ կատարած։
Մենք ծանօթ չենք, որ դուք զլացած էք ամենադոյզն իսկ պարագային։ Այլ ընդհակառակը՝ տուած էք միշտ, եւ տուած էք աւելիով։ Ահաւասիկ փաստը, որ դուք Սփիւռքը կը զօրացնէք, ո՛չ Հայաստանի հաշւոյն։ Ինչպէս ըսուեցաւ, դուք աւելիին միշտ պատրաստ եղած էք հոս, եւ միաժամանակ՝ հո՛ն։ Որովհետեւ մէկը միւսին հաշւոյն չէ։ Ձե՛ր իսկ շաղկապումով ու տրամաբանութեամբ է, որ այս երկուքը կրնան միասին առաջանալ։
Եւ ահաւասիկ, դուք կու տաք 15,000,000 տոլար։
Կ՚ապահովէք մեծագումար նուիրատու եւ նուիրատուներ, որ իր եւ իրենց կեանքին ու կազմակերպական ճանապարհին ընթացքին, իրենց գործին ու առաքինութիւններուն կողքին, անգամ մը եւս աննախադէպ նուիրաբերումով օրինակ կը դառնան տակաւին ազգին ծառայութեան մէջ գալիք ապագային շատ մը անհատներու բերելիք վսեմ ձեռքբերումներուն։ Բոլոր ընտանեկան, անհատական եւ միութենական նուիրատուներուն վարձքը կատար անխտիր:
Նոյն ժամանակ կ՚ապահովէք տեղական իշխանութիւններու դրամաշնորհը (grant-ը)։
Եւ այս 15-20 միլիոն տոլար ներդրումը, «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ղեկավարութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, ու բոլորիդ ժրաջան աշխատանքով, ապագային աներկբայօրէն տալու է իր շահաբաժինները (dividend-ները)։
Շահաբաժիններ՝ մեր կուսակցութեան համար, մեր ազգային կազմակերպութիւններուն մէջ, եկեղեցիի գաւիթին, եւ առհասարակ մեր գաղութին վերելքին ուղղուած։
Շահաբաժիններ, որոնք այս գաղութին պիտի տրամադրեն հայերէնին տիրապետած, ազգային արժէքներուն կառչած, լաւ տեղացիի կերպարը որդեգրած եւ համալսարանական բարձր ուսման համար պատրաստուած գանատահայ դաստիարակուած սերունդներ՝ 2030-ին, 2040-ին, 2080-ին եւ անկէ անդին։
Այդ dividend-ները նոր իմաստներ պիտի ստանան մեզմէ յետոյ եկող յետեղեռնեան 5-րդ, 6-րդ եւ յաջորդ սերունդներուն համար։
Եւ ա՛յդ իսկ նուիրաբերումին համար է, որ այստեղ բոլորդ կ՚ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ։
Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Սիմոն Վրացեանի, Հրաչ Փափազեանի ու Տասնապետեանի, եւ բազմահարիւր վաստակաշատ այլոց տեսլականն է, որ կը շարունակուի եւ կը վերընձիւղուի հո՛ս այսօր։
Անշու՛շտ՝ բարեփոխուած, բնականաբար՝ պատշաճեցուած նորանոր կարիքներուն։
Անկասկած՝ ճկուն, բայց ոսկեայ մետաղի նման մի՛շտ արժէքաւոր։
Եւ մի՛շտ հաւատարիմ իր ակունքներէն թելադրուող ու բխող արժեհամակարգին։
Ահա հո՛ս է, որ անգամ մը եւս Թորոնթօն ու գանատահայութիւնը որոշ այլ շրջաններու կողքին, 21-րդ դարու այս առաջին քառորդի աւարտին, իբրեւ նախատիպ, իբրեւ prototype, կը ծառայէ ուրիշներու։
Առնուազն Արեւմուտքի մէջ գտնուող բազմաթիւ հայ սփիւռքեան այլ գաղութներու՝ իբրեւ կուռ ու տիպար օրինակ, հայ վարժարանին միջոցաւ օրուան հայ մարդու կերտման գործին մէջ։
Սերունդներ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան դիմակայելու աշխարհի, ինչպէս նաեւ հայութեան դէմ ծառացած նորօրեայ մարտահրաւէրները։
Սիրելինե՛ր.
Բոլորիդ վարձքը կատար այս տիտանային իրագործումին համար։
Անոր ճշգրիտ ծրագրումին եւ անոր անթերի իրականացման համար։
Այսօր հպարտանքի օր է։
Ո՛չ միայն թորոնթոհայութեան, այլ իւրաքանչիւր հայու համար՝ Հայաստան ըլլայ ան, թէ ի սփիւռս աշխարհի։
Այս հոյակապ ու պատուաբեր լուրը արժէ տարածել համայն հայութեան։
Դու՛ք, սիրելինե՛ր, մեր ազգային իղձերն ու նպատակները մէկ քայլ աւելի կը մօտեցնէք իրականացման՝ այսպիսի՛ առաջադրանքներու եւ նախաձեռնութիւններու իրագործումով։
Շնորհաւոր ըլլայ Թորոնթօ՝ քու նորահաստատ ու ընդլայնուած կրթական եւ մշակութային Նարեկ Կեդրոնդ։
Շնորհակալութիւն։
***
Let me conclude with a few words in English for the benefit of our guests who may not have followed the Armenian portion of my remarks.
Today is about much more than the opening of a beautiful new building.
The Nareg Armenian Educational and Cultural Centre represents a powerful statement about who we are as a people and what we believe about our future.
For more than a century, the Armenian Diaspora has built institutions—schools, churches, cultural, political, athletic and youth organizations—that have enabled Armenians to preserve their identity and remain connected to their heritage.
But preserving our identity is not enough. We must also prepare the next generation to carry that identity forward in a changing world.
That is precisely what I believe you are doing here in Toronto.
This Centre demonstrates that strengthening the Diaspora and strengthening Armenia are not competing objectives. They are not a zero-sum game. We do not have to choose between investing in our communities here and supporting our homeland there.
In fact, a stronger Diaspora is better able to support Armenia, and a secure and prosperous Armenia gives the Diaspora an even stronger foundation from which to preserve and develop its identity.
What you have accomplished here is therefore much larger than a local community project.
You are creating an institution that will educate thousands of young Armenians, transmit the Armenian language and our national values, and prepare young people to become successful citizens of Canada while remaining proud and committed Armenians.
And you have demonstrated something else that is equally important: that philanthropy, organizational leadership, community cooperation and long-term vision can come together to accomplish something truly extraordinary.
The investment being made here today will not be measured only in dollars or in square feet.
Its real dividends will be measured in the young people who will walk through these doors in 2030, 2040, 2080 and beyond; in the families they will build; in the communities they will strengthen; and in the Armenian identity they will carry into the future.
That is why I believe Toronto is setting an example—not only for the Armenian community of Canada, but for Armenian communities throughout the Diaspora.
So, on behalf of the ARF Bureau, I congratulate every individual, every organization, every donor, every volunteer and every member of the Toronto Armenian community who made this extraordinary achievement possible.
May the Nareg Armenian Educational and Cultural Centre flourish for generations to come.
May it educate, inspire and unite.
And may the young Armenians who come through its doors become the strongest proof that what we build today can become the foundation of our national future tomorrow.
Congratulations, Toronto.
Congratulations to all of you.
And congratulations to the Nareg Centre.