ՀՅԴ Բիւրոն հիւրընկալեց «Լուսաւոր Հայաստան» Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը

Մարտ 4-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հիւրընկալեցին «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, Ազգային ժողովի համանուն խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Մանէ Թանդիլեանն ու Գէորգ Գորգիսեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջկուսակցական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, անդրադարձ եղաւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, մասնաւորապէս` ազգային-պետական օրակարգին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ ռազմաքաղաքական դաշինք կնքելու հետ կապուած հարցերուն։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեց միջկուսակցական շփումները շարունակելու, համագործակցութեան ուրուագծուած ուղղութիւններով համատեղ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու կարելիութիւնները քննարկելու, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ ըստ անհրաժեշտութեան խորհրդակցութիւններ կատարելու վերաբերեալ։

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.