ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` լիբանանահայութեան եւ սփիւռքահայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ գուրգուրանքին համար` շեշտելով, որ հայութեան նկատմամբ նախագահ Աունի կեցուածքներն ու զգացումները յարգանքի եւ գնահատանքի արժանի են:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նախագահ Աունի տրամադրութեան տակ դրաւ լիբանանեան ծագում ունեցող բոլոր սփիւռքահայերուն կարողութիւնները` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն իրականացման:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.