ՀՅԴ Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած դասընթացքին կը մասնակցին 50 երիտասարդներ
1668
0
Այս շաբաթավերջին, Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Դատի խտացեալ եռօրեայ դասընթացք, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին: Ցարդ արձանագրուած են Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ աւելի քան 50 երիտասարդներ:
Սեմինարի աւարտին մամուլով պիտի հրապարակուի մանրամասն զեկոյց` արծարծուած քննարկումներուն մասին։ Բանախօսութիւններով հանդէս պիտի գան ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի և քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար եւ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Ուաշինկթընի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան եւ այլ հրաւիրեալ բանախօսներ։