ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն Իրաւական Գործընթաց Պիտի Սկսի ՀԱԿ-ի անդամ Զոյա Թադեւոսեանի Դէմ

31 յուլիսին Հայ Ազգային Կոնգրես (ՀԱԿ) կուսակցութեան անդամ Զոյա Թադեւոսեան լրագրողներուն ըսած էր, թէ Արցախի ազատագրուած տարածքները գրաւեալ տարածքներ են, եւ պէտք է զանոնք վերադարձնել Ազրպէյճանին, եթէ տագնապի լուծումը այդ կը պահանջէ:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն այդ առնչութեամբ գումարած է նիստ մը, որուն աւարտին ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ին տեղեկացուցած է Կեդրոնական կոմիտէի որոշումին մասին:

«Տիկին Թադեւոսեանի հնչեցուցած տեսակէտին առիթով բազմաթիւ կարծր արձագանգներ եղած են թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

«Անցած տասնամեակներուն ընթացքին մենք բազմիցս անդրադարձած ենք նման յայտարարութիւններու: Սակայն այդ տեսակէտները երբեմն կը դիտարկուէին իբրեւ զգացական: Պէտք է խոստովանինք, որ անցեալին այս կարգի տեսակէտներ ներկայացնող քաղաքական գործիչներու կամ անձերու նկատմամբ քրէական գործընթաց եւ համապատասխան պատժամիջոցներ չեն կիրարկուած: Թերեւս ատիկա մեր թերութիւնը եղած է: Ստեղծուած է նոր իրավիճակ. օրէնքներու գերակայութեան սկզբունքը նկատի ունենալով` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկէ իրաւական գործընթացի սկսելու համար:

«Տիկին Թադեւոսեանի հնչեցուցած տեսակէտը Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան դէմ ընթանալու կոչ է: Այդ կոչով կը վտանգուի Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի ինքնիշխան պետութիւն ըլլալու հանգամանքը:

«Մեզի չի բաւարարեր քաղաքական ուժերու եւ անհատներու քաղաքական գնահատականները: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն որոշած է հարցը տեղափոխել իրաւական եւ քաղաքական դաշտ: Պաշտօնական գրութեամբ պիտի դիմենք Արցախի Հանրապետութեան նախագահին` իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան երաշխաւոր, եւ Արցախի Հանրապետութեան դատախազութենէն պիտի պահանջենք համապատասխան միջոցներուն ձեռնարկել»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.