ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հրապարակած է Զինուած Ուժերու Զարգացման Եօթնամեայ Ծրագիրը
1341
0
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է Զինուած ուժերու զարգացման եօթնամեայ ծրագիրը:
Անիկա տեղակայուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ: 18-էջնոց փաստաթուղթը կը կրէ «ՀՀ Զինուած ուժերու 2018-2024թթ. արդիականացման ծրագիր» անուանումը:
«Արդիականացման ծրագիրով նախատեսուած համալիր ջանքերու շնորհիւ պիտի ապահովուի զինուած ուժերու վստահ մուտքը կայացման չորրորդ տասնամեակ, որպէս ՀՀ ազգային անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիք: Այդ երաշխիքը պիտի ծառայէ որպէս հաւանական հակառակորդներու զսպող գործօն, «Ազգ-բանակ» հայեցակարգի իրագործման յուսալի աղբիւր եւ միջազգային արդիւնաւէտ գործընկերութեան ծաւալման հարթակ»,-նշուած է փաստաթուղթին մէջ: