ՀՀ Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց այցելեց Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութիւն
Յուլիս 13-ին Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը հիւրընկալեց Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի, Երիտասարդական Հարցերու եւ Զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանն ու ՀՀ Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը։
«Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեան կեդրոնի աշխատակազմին հետ դիմաւորեց հիւրերը, տեղեկացուց կեդրոնի գործունէութեան մասին, ներկայացուց խմբակները եւ երեխաներուն աշխատանքները:
Անոնք նաեւ ներկայ գտնուեցան «Բրուտ արդ» կաւագործութեան սիմպոզիումի ցուցահանդէսին։
Նշենք, որ «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշիի մասնաճիւղը հիմնադրուած է 2006 թուականին: Ունի համերգասրահ, ցուցասրահ, թատերասրահ, դասարաններ եւ գրադարան: Արուեստի տուն է 80-100 երեխայի եւ աշխատավայր` շուրջ 20 մանկավարժի եւ աշխատակիցի համար:
Այնտեղ կը գործեն գեղանկարչութեան, արդ-թերապիայի, կարպետագործութեան, թատերական, խամաճիկային թատրոնի, անիմացիոն, կաւագործութեան, հոգեւոր ուղղուածութեան խմբակներ: Անոնք յատուկ ծրագիրներով հանդէս կու գան սահմանապահ զինուորներու համար:
Հիմնադրման օրէն, անոր կից կը գործէ սփիւռքահայ Շամլեան ընտանիքին կողմէ հիմնուած «Արամ Մանուկեան» ճամբարը, ուր տարեկան կը յաճախեն մօտ 300 երեխայ: