ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան 5-րդ Խումբը Յունիս 16-ին Մեկնած է Սուրիա
Յունիս 16-ին տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականցանող խումբի հերթափոխը:
Այս մասին «Եռագոյն»ը կը տեղեկանայ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնէն:
Ականազերծողներէ եւ բժիշկներէ բաղկացած հերթական խումբը, ռուսիոյ գործընկերներու աջակցութեամբ մեկնած է Հալէպ եւ մինչեւ Հոկտեմբեր այնտեղ պիտի իրականացնէ իր առաքելութիւնը: Համաձայն հակաականային գործողութիւններու միջազգային չափորոշիչներուն 5-րդ խումբի սակրաւորները, անցնելով ուսումնական նախավարժանք, պիտի սկսին դաշտային աշխատանքներու:
Իսկ Մարդասիրական առքելութիւն իրականացնող 4-րդ խումբի ականազերծողներն ու բժիշկները, թէեւ Սուրիոյ մէջ COVID-19 քննութիւն յանձնած են եւ ստացած են բացասական պատասխան եւ վերադարձած Հայաստան, սակայն համաձայն Պարէտի որոշման` 14 օր պիտի ինքնամեկուսանան: