ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեանը ընդունած է Ճաբոնի դեսպան Ճոն Եամատային
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեանը Յունիս 21-ին ընդունած է Հայաստանի մօտ Ճաբոնի նորանշանակ արտակարգ և լիազօր դեսպան Ճոն Եամատայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Բարձր գնահատելով Ճաբոնի կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացման ուղղութեամբ` նախարար Արթուր Խաչատրեանը յոյս յայտնած է, որ հայ-ճաբոնական համագործակցութիւնը կը շարունակուի և կ՚ընդլայնի:
Այնուհետև նախարարը հիւրերուն ներկայացուցած է ՀՀ գիւղատնտեսութեան ոլորտի ներկայ վիճակը, առաջնահերթություններն ու ընթացիկ ծրագրերը: Մասնաւորապէս, նշուած է, որ ներկայիս պետութեան ուշադրութեան առարկայ են փոքր գիւղացիական տնտեսութիւնները, որոնք կ՚ապահովեն գիւղատնտեսական արտադրանքի մեծ մասը:
Ճաբոնի դեսպան Եամատան իր հերթին շարք մը առաջարկներ ներկայացուցած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտի հետագայ զարգացման ուղղութեամբ: Դեսպանը առաջարկած է ուսումնասիրել «Մէկ գիւղ, մէկ արտադրանք» ծրագրի իրականացման հնարաւորութիւնը, որ Ճաբոնի մէջ բարեյաջող ընթացք ունեցած է:
Քննարկուած է նաև հայկական գիւղական մթերքի, մասնաւորապէս վերամշակուած արտադրանքի արտահանման հնարաւորութիւնը դէպի ճաբոնական շուկայ: