ՀՀ Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթիւր Խաչատրեան այցելեց Արցախի Հանրապետութիւն

Յուլիս 6-ին Արցախի Հանրապետութեան Գիւղատնտեսութեան նախարարի հրաւէրով, աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն ժամանած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթիւր Խաչատրեան եւ փոխնախարար Ռոպերթ Մակարեան։

Առաջին հանդիպումը կայացեր է Արցախի Հանրապետութեան Գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեանի հետ։ Երկու նախարարները ներկայացուցեր են գիւղատնտեսութեան ոլորտին առկայ վիճակի, զարգացման միտումներու եւ հեռանկարներու վերաբերեալ իրենց տեսակէտները: Շնորհակալութիւն յայտնելով իր գործընկերոջը՝ հրաւէրին համար, Արթիւր Խաչատրեան անդրադարձեր է ՀՀ գիւղոլորտին, նշելով որ երկու գերատեսչութիւններուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը այլընտրանք չունի:

Ժիրայր Միրզոյեանը նշեր է, որ Արցախի մէջ ընդունուեր է գիւղատնտեսութեան զարգացման նոր ռազմավարութիւն, նախանշուեր են ոլորտի զարգացման ծրագիրներն ու ուղղութիւնները, արդէն մեկնարկել են այդ բոլորէն բխող միջոցառումներ:

Արթիւր Խաչատրեան պատրաստակամութիւն յայտներ է համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու՝ Արցախի մէջ իրականացուող գիւղատնտեսական ծրագիրներուն:

Նոյն օրը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց ՀՀ Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթիւր Խաչատրեանը եւ նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Մակարեանը: Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցեր է ԱՀ Գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեանը, քննարկուեր են գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ հայկական երկու պետութիւններուն համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։

Օրուան երկրորդ կէսին Արթիւր Խաչատրեանը, Ժիրայր Միրզոյեանը, Ռոպերթ Մակարեանն ու պաշտօնատար այլ անձինք այցելեր են «Արցախկաթ» գործարան կայան» եւ «Ռեյփսիդ» ձէթի գործարան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.