Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդներու առցանց հանդիպում

5 Մարտ 2021-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդները՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ) Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան (Գանատայի Հայոց Թեմ) եւ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան (Արեւմտեան Թեմ), առցանց հանդիպում մը ունեցան:
Հանդիպումը առիթ ընծայեց խորհրդակցելու՝ եկեղեցական, կրօնական, երեք թեմերը յուզող անմիջական ու հասարակաց հարցեր, կրթական ու հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներուն վրայ:
Անուշաւան ու Բաբգէն Արքեպիսկոպոսները առաջին հերթին շնորհաւորեցին Թորգոմ Եպիսկոպոսը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առթիւ, եւ բարի երթ մաղթեցին անոր առաքելութեան:
Այնուհետեւ, օրակարգի նիւթ դարձաւ պսակաձեւ ժահրի յարուցած խնդիրներն ու եկեղեցական-ծիսական արարողութեանց պատշաճեցումները՝ յաւուր պատշաճի, նկատի ունենալով իւրաքանչիւր շրջանի կարիքներն ու պետական կանխարգիլման դրոյթները:
Նկատի ունենալով, որ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով երկու տարին անգամ մը կատարուելիք Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումարը այս տարի տեղի պիտի ունենար Նիւ Եորքի մէջ, Առաջնորդ Սրբազանները յարմար նկատեցին տարիով մը յետաձգել համագումարը:
Ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ իւրաքանչիւր ամիս կրկնել առցանց հանդիպումները, որ պիտի ծառայէ արդիւնաւոր գործի ու առաքելութեան համապատշաճեցման ու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ փորձառութեանց փոխանակման ու վերաշխուժացման աւելի արդիւնաւոր միջոցներ որոնելու: Երեք առաջնորդները որոշեցին, որ յառաջիկայ ամիսներուն՝ ամենապատեհ առիթին, հանդիպում մը կայացնել թեմերէն մէկուն մէջ, համադրական աշխատանքեր մշակելու եւ հասարակաց ծրագիրներու շուրջ քննարկումներ կատարելու, ի խնդիր՝ մեր Եկեղեցւոյ ու թեմերու պայծառացման:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.