Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Արձանի Տեղադրման աշխատանքները սկսան

28 յունիսին սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման աշխատանքները։ Արձանը պիտի տեղադրուի Արամի եւ Նալբանդեան փողոցներուն հատման կէտին վրայ` մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի մերձակայ տարածքին մէջ:

Որպէսզի վերջ դրուի արձանի տեղադրման վայրին առնչուած խօսակցութիւններուն, խումբ մը երիտասարդներ կատարեցին, արդէն գրեթէ պատրաստ արձանին, իրենց բնութագրութեամբ, ոչ պաշտօնական բացումը:

«Ասիկա առաջին օրն է, որ Արամ Մանուկեանի արձանը վեր խոյացած է Հայաստանի մայրաքաղաքի սրտին մէջ, ատոր համար մենք բոլորս պէտք է զիրար շնորհաւորենք եւ ըսենք, որ դեռ կայ Արամի տուն-թանգարանի բացման խնդիր, դեռ կայ Ա. Հանրապետութեան թանգարան հիմնելու գաղափարը, որուն համար բոլորս պէտք է պայքարինք», ըսած են երիտասարդները:

«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ճարտարապետ Համլեթ Մարտիրոսեան` անդրադառնալով Քաղաքաշինութեան կոմիտէի տարածած յայտարարութեան, ըսած է, որ հանրային քննարկում կը կատարուի արձանի տեղադրման վայրը որոշելու ատեն: «Բայց չէ՞ որ մրցում յայտարարուած էր, եւ արդէն քաղաքապետարանի աւագանին որոշած է, որ այս վայրին մէջ պիտի կանգնեցուի արձանը: Մրցումի առաջին փուլին ոչ ոք յաղթած է, երկրորդ փուլին յաղթողը սկսած է իր աշխատանքներուն. աննախադէպ քանդակ է` երեք գոյնի քարով: Այսօր նաեւ պրոնզաձուլուածը կը տեղադրուի», նշած է Մարտիրոսեան:

Նշենք, որ արձանի տեղադրման աշխատանքները գրեթէ աւարտած են, մէկ-երկու օրուան աշխատանք մնացած է:

Ինչ կը վերաբերի Քաղաքաշինութեան կոմիտէի յայտարարութեան, թէ հեղինակային իրաւունքի խախտում կայ` Մարտիրոսեան ըսած է. «Մեթրոյի համալիրը Ճիմ Թորոսեանի եւ Ռազմիկ Մինասեանի հեղինակածն է` 50-50 տոկոսով: Հեղինակներէն մէկը` Ռազմիկ Մինասեանը, ողջ է եւ տուած է իր համաձայնութիւնը, իսկ Ճիմ Թորոսեանը ողջ չէ: Հեղինակային իրաւունքներու վերաբերող ոչ մէկ խնդիր կայ, ինքը` նախագծողը, որ համահեղինակ է Ճիմ Թորոսեանի հետ, իր դրական եզրակացութիւնը տուած է»:

Ճարտարապետը աւելցուցած է, որ կոմիտէին տարածած յայտարարութեան մէջ հիմքեր չի տեսներ: Իսկ այն, որ մշակոյթի նախարարութեան թոյլտուութիւն չկայ, ան դիտել տուած է, որ տարածքը յուշարձաններու ցանկին մէջ չէ ներառուած, ուստի տուեալ նախարարութիւնը չի կրնար միջամտել:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ հաղորդագրութիւն տարածուած էր այն մասին, որ պէտք է դադրեցուէին Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման աշխատանքները, եւ որ պէտք է հանրային քննարկում կատարուէր` վայրին նպատակայարմարութեան համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.