Հանդիպում Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալ Եանեք Փոլէյի Հետ

30 յունիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած են Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եանեկ Փոլէյի հետ:

Քննարկուած հարցերու շրջանակը ընդգրկած է Հայաստանի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ սանձազերծուած հակաժողովրդավարական գործողութիւններու նոր ալիքին, շրջանային քաղաքական գործընթացներուն եւ անոնց հիմնական միտումներուն վերաբերող հարցեր:

Իշխան Սաղաթէլեան Փոլէյի ուշադրութեան հրաւիրած է Ազրպէյճանի կողմէ թշնամական քաղաքականութեան դրսեւորումները. հայ գերիներու ապօրինի պատանդառութիւն ու կեղծ դատավարութիւններ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ բռնազաւթում, Հայաստանին ներկայացուող բազմաթիւ, ներառեալ տարածքային պահանջներ:

Նկատի ունենալով համաեւրոպական այս մեծ կուսակցութեան հետ ՀՅ Դաշնակցութեան սերտ գործընկերութեան շարունակական բնոյթը` նախանշուած են յառաջիկայ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ: