Հայ քաղաքական միտքի նորագոյն մարտահրաւէրը՝ այս պատերազմը

Քաղաքական «մոռացկոտութեան» գինը ահաւոր է ու անչափելի, տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած, կազմաւորուած քաղաքական մշակոյթը անտեսելը՝ նոյնպէս։

20րդ դարասկիզբի հայ քաղաքական միտքը մեզի լուրջ ժառանգութիւն մը ձգեց, հարստութիւն մը։ Հայաստանը աշխարհագրական հասկացութենէն պետական կառոյցի վերածելը 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի հայ քաղաքական միտքի մեծագոյն նուաճումը պէտք է համարել։

Ի՞նչ իրագործեցինք

Այս մտածողութիւնն էր, որ գաղափարական հենքի վրայ նախ պատկերացուց հայութեան քաղաքական անօթը, ապա ձեւ ու մարմին տուաւ անոր։ Հայ քաղաքական միտքը առաջադրեց, որ ինչպէս բոլոր ժողովուրդները, հայութիւնը եւս արժանի է իր հողերուն վրայ ունենալու իր սեփական պետութիւնը։ Գաղափարականօրէն ան առաջադրեց նաեւ, որ հայ ազգը ո՛չ մէկ ուրիշէ գերադաս է եւ ո՛չ ալ ստորադաս, այլ հաւասարազօր մէկ անդամն է ազգերու համերաշխ գոյակցութեան։

Որպէսզի հայութիւնը իր սեփական պետութիւնն ունենար, անհրաժեշտ էր ազգային-ազատագրական պայքարի դաշտ նետուիլ` ունենալով գաղափարական ամուր խարիսխ ու քաղաքական ռազմավարութիւն։ Մեր ռազմավարական նպատակները իրագործելու համար անհրաժեշտ էր ոչ միայն գործի լծել մեր ներազգային կարելիութիւնները, այլեւ արտաքին ճակատի վրայ փնտռել ու գտնել զինակիցներ, դաշնակիցներ ու առ այդ՝ նպաստաւոր հող` մեր ռազմավարութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար։ Ասո՛ր համար էր, օրինակ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը նախորդ դարասկիզբին, սեփական ուժերուն ապաւինելով հանդերձ, գործնապէս զօրակցեցաւ Պարսկաստանի մէջ սկսած սահմանադրական շարժումին, զինակցեցաւ ուրիշ յեղափոխական շարժումներու հետ՝ ընդդէմ օսմանեան բռնապետութեան։ Եւրոպայի մէջ փորձեց գտնել քաղաքական յենարաններ, յատկապէս օրուան առաջադէմ մտաւորականութեան շարքերէն ներս։ Պաքուի մէջ 1918ին ՀՅ Դաշնակցութիւնը չվարանեցաւ զինակցելու բոլշեւիկներուն հետ (Ստ. Շահումեանի ճամբով)` պաշտպանելու համար թէ՛ քաղաքը եւ թէ՛ անոր հայ բնակչութիւնը։ Սեփական ուժերուն ապաւինիլ ու միաժամանակ զինակիցներ գտնել, որպէսզի անոնք եւս մեր մէջ տեսնեն վստահելի խօսակից-գործակից, եթէ պիտի ուզենք հասնիլ մեր ռազմավարական նպատակներուն.ա՛յս էր այդ օրերու հայ քաղաքական միտքի կարեւոր իրագործումներէն մին, որ այսօր`հոկտեմբեր 2020ին, սուր կերպով զգացնել կու տայ ինքզինք։

Հայ քաղաքական միտքի փայլուն դրսեւորումներէն մէկն էր Հայաստանի պետականութեան հռչակումի բանաձեւը մայիս 30 1918ին, բայց մանաւանդ այդ անկիւնադարձը իրականութիւն դարձուցած Արամ Մանուկեան երեւոյթը։ Այդ յայտարարագրին մէջ չէր խօսուէր նորաստեղծ պետութեան սահմաններուն կամ տարածքին մասին, չէր խօսուէր նորաստեղծ պետութեան վարչաձեւին մասին։ Այդ ամէնը գալիք օրերուն ձգելով` պարզապէս կ’ըսուէր, թէ, հաշուի առնելով Անդրկովկասի կոմիսարիատի փլուզումը, Թիֆլիսի Հայոց ազգ. խորհուրդը ինքզինք կը հռչակէ հայկական գաւառներու գերագոյն ու միակ իշխանութիւն, մինչեւ որ մօտ օրէն կազմուելիք կառավարութիւնը ինք ստանձնէ պետութեան ղեկը։

Բարացուցական պէտք է համարել նաեւ այն, որ նորանշանակ վարչապետ Հովհ. Քաջազնունին պնդեց համախոհական (կօալիցիոն) կառավարութեան գաղափարը, որպէսզի այդ փոթորկոտ օրերուն հայութեան մէջ գործող բոլո՛ր քաղաքական ուժերն ու հոսանքները կրէին պատասխանատուութիւնը` երկիրը ոտքի հանելու։
Պետականազուրկ ժողովուրդը մէկ ազգ-պետութեան վերածելու համար օրուան քաղաքական ղեկավարութիւնը Հայաստանը հռչակեց միացեալ, ազատ ու անկախ (28 մայիս1919)։ Վերջ կըտրուէր թրքահայ (տաճկահայ)-արեւելահայ երեւոյթին, վերջ կըտրուէր Արեւելահայաստան-Արեւմտահայաստան հասկացութիւններուն, եւ հիմը կըդրուէր ազգի ու հայրենիքի մէկութեան։

Պետականութեան հիմքերը հաստատելուն զուգահեռ` հայ քաղաքական միտքի փայլուն դրսեւորումներէն էր նաեւ 1915ի ցեղասպանութիւնը ծրագրած դէմքերը պատժելու որոշումը, որ ընդունուեցաւ Երեւանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովին։ «Նեմեսիս» գործողութիւնը, որ կը միտէր նաեւ վերականգնելու մեր ժողովուրդի վիրաւորուած արժանապատուութիւնը, միաժամանակ ցոյց տուաւ աշխարհին, որ անպատիժ չեն կրնար մնալ հայութեան ֆիզիքական գոյութեան սպառնացողները։ Այս գաղափարը տարբեր տարողութեամբ դրսեւորուած էր արդէն 1897ին Խանասորի արշաւանքով։ «Նեմեսիսի» պարագային գաղափարն ու էութիւնը նոյնն էին, միջոցներն ու պայմանները՝ տարբեր։

Ազգի մէկութեան ու ապահովութեան այս գաղափարական նուաճումը կը մնայ հենքը մեր այսօրուան քաղաքական պայքարին, եւ այդ հենքին վրայ էր, որ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական միտքը 1970-80 ական թուականներուն մշակեց մեր դատի հետապնդումի թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ քաղաքական-ռազմավարական մօտեցումները։

Հայութիւնն ու Հայաստանը միացեալ տեսնելու գաղափարական մօտեցումն էր, որ թափ տուաւ հայկական պահանջատիրութեան նոյն այդ երկու տասնամեակներուն։ Նոյն գաղափարական հենքին վրայ էր, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը փարեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին` Ստեփանակերտի մէջ ծայր առած ցոյցերուն առաջին իսկ օրէն համոզում յայտնելով, որ այդ պայքարը թէ՛ արդար է եւ թէ՛ անխուսափելի։ Ու չէինք սխալած։

Հայ քաղաքական միտքի 1918ի սերունդն էր, որ ստեղծեց պետական կառոյցներ ու վարչամեքենայ՝ նախարարութիւններ, դատական համակարգ, բանակ, արտաքին յարաբերութիւններ, դեսպանատուներ, համալսարան։

Այս բաժինը ամփոփելով` պէտք է նշել, որ Պերլինի դաշնագրէն ետք հայ իրականութեան մէջ ձեւաւորուած զէնքի գաղափարը զարգանալով ու մշակուելով հասաւ մինչեւ պետականութեան ստեղծում, «Նեմեսիս», Սփիւռքի կազմակերպում, Հայ դատի գործնական հետապնդում, Արցախի ազատագրական պայքար։ Մէկ խօսքով՝ հսկայական հարստութիւն։

Հասանք մեր օրերը

Ինչպէս վերը հաստատեցինք, 70-80 ական թուականներուն այս հարստութեան շէնքին վրայ նոր քարեր դրուեցան։ Դժբախտութիւն է, որ Հայաստանի վերանկախացման տարիներու հայ պետական ղեկավարութիւնը մեծ չափով կտրուած էր այդ հարստութենէն։ Մինչեւ իսկ ականատես եղանք նոյն այդ հարստութիւնը ուրանալու փորձերուն, յատկապէս 90ի սկիզբները եւ վերջին երկուքուկէս տարիներուն, երբ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները անտեսելու գնով Թուրքիոյ հետ «բարիդրացիական» կապերու մասին «մեծաշռինդ» յայտարարութիւններ կ’արուէին։

Ճիշդ է, որ Արցախի ազատագրումով կենսական քայլ առնուած էր Միացեալ Հայաստանի կերտման ուղղութեամբ, եւ սա անուրանալի իրողութիւն է։ Սակայն միաժամանակ հայ քաղաքական միտքի կտրած ճամբան անտեսելու դրսեւորումներէն էին նախագահՌ. Քոչարեանի օրով սկսած հայ-թրքական, այսպէս կոչուած, «հաշտեցման» փորձերը։ Անգարայի իշխանութիւնները իրենք եւս հետամուտ եղան Սփիւռքի մէջ գտնելու եւ օգտագործելու հայ Քուիսլինկներ։ Այս ճիգերը ձախողութեան մատնուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ։

Պակաս վտանգաւոր չէին նախագահ Սերժ Սարգսեանի «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» դրսեւորումները։ Բարեբախտաբար, սա եւս կարելի եղաւ օրին ձախողութեան մատնել`շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութեան թափած ճիգերուն, որ օգտագործեց իր ժառանգած, մշակած ու փայփայած այդ քաղաքական-գաղափարական զինանոցը` ստեղծելով ժողովրդային ուժեղ ընդդիմութիւն։ Միւս կողմէ, սակայն, իրողութիւն է նաեւ այն, որ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան անդրդուելի մնացին մէկ խնդրի՝ Արցախի անկախութեան պահպանման մէջ ու մերժեցին հարցի լուծման որեւէ տարբերակ, որ չէր երաշխաւորեր Արցախի գոյութիւնը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս։

Վերջին երկուքուկէս տարիներուն Հայաստանի քաղաքական ղեկը ստանձնած Ն. Փաշինեանի իշխանութիւնը, անկախ անկէ, որ գաղափարական որեւէ յայտարարուած համոզում չունէր, քաղաքականօրէն ինք եւս մեծ չափով խզուած էր մեր նշած`քաղաքական միտքի կուտակած փորձառութենէն։ Այս պատճառով ալ թէ՛ ներքին՝ ներազգային վարքագծի եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մէջ արձանագրեց լուրջ խարխափումներ։ Խօսքն ու գործը երբէք չհամապատասխանեցին իրարու։ Մինչ 20րդ դարասկիզբի հայ քաղաքական այրերը անձեւ քաոսէն պետականութեան հիմքեր ստեղծեցին` համապատասխան հիմնարկութիւններով (ինստիտուտ), ու ամէն քայլափոխի պետական մտածողութեան համահունչ քայլեր առին, այս օրերուն մենք ականատես եղանք վարչական կառոյցներու լուծարքին, ինչպէս էր պարագան կարգ մը նախարարութիւններու։ 1920ին Նիկոլ Աղբալեանի նման մտաւորական մըն էր, որ գալիք սերունդներու ազգային ու գիտական դաստիարակութեան միտող շօշափելի քայլեր կ’առնէր` պետական համալսարան հիմնելով, իսկ այսօր մենք ականատես կ’ըլլանք ազգային դաստիարակութեան այնպիսի հայեցակարգերու մշակման, որոնց ներշնչման աղբիւրները բացայայտօրէն կասկածելի նկարագիր ունին։

20րդ դարասկիզբի հայ քաղաքական միտքը ըմբռնած էր այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ, մեր սեփական ուժերուն յենելով հանդերձ, անհրաժեշտ է արտաքին քաղաքականութեան գետնի վրայ զինակիցներ որոնել ու գտնել` առանց տարբերութիւն դնելու տուեալ ուժերու գաղափարա-քաղաքական հակումներուն միջեւ։ Այսպէս կը բացատրուի թէ՛ Եւրոպա եւ թէ՛ Մոսկուա առաքուած դիւանագիտական պատուիրակութիւններու աշխատանքը, որ կը բխէր ամէնուրեք Հայաստանի շահերը հետապնդելու ռազմավարութենէն։ Իսկ արտաքին ուժերը ամէն բանէ առաջ, միշտ եւ ամէնուրեք կը փնտռեն յուսալի ու վստահելի խօսակիցներ։ Մեր պետական այրերուն կողմէ դրսեւորուած անհետեւողական ու շատ յաճախ ալ մեծամիտ դրսեւորումները չեն կրնար օտար մայրաքաղաքներուն մէջ յարգանք պարտադրել մեր երկրին նկատմամբ։

Մեր պետութեան ղեկին այսօր մենք չունինք Ռուբէն Տէր-Մինասեանի ռազմավարական միտքին հաղորդ անձեր, չունինք Նիկոլ Աղբալեանի նման հայ մշակոյթի խորքերը պեղած անձնաւորութիւններ, չունինք Արամի կամքին գաղափարական ակունքներուն քաջածանօթ պետական ղեկավարներ։

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք հայ քաղաքական միտքի` մեր նշած հարստութենէն խզումը ծանր կացութեան մատնած է մեր երկիրն այսօր։ Այսօրուան կացութեան մէջ դրական բեկում կարելի է մտցնել միայն այն պարագային, երբ մեր երկրի քաղաքական վերնախաւը ընկալէ, իւրացնէ եւ տիրութիւն ընէ մեր հարիւրամեայ կենսափորձին`հետեւելով Արամ Մանուկեանի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ ընդհանրապէս 1918ի սերունդին թողած հոգեմտաւոր ժառանգութեան։

Վաչէ Բրուտեան

«Դրօշակ», թիվ 11 (1645), նոյեմբեր, 2020 թ.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.