Հայ որբաշխարհի որբերէն Հանըմ Չագըճեանի ոդիսականը

Հանըմ Չագըճեան մոնթրէալաբնակ գեղանկարիչ Պերճ Չագըճեանի հօրաքոյրն է: Ծնած է Այնթապ: Անոր ծննդեան ճշգրիտ թուականը որոշ չէ: Իր յառաջացած տարիքին, 1987-ին, Մոնթրէալի մէջ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած է, որ  ինք կը յիշէ, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան առաջին օրերուն, իր հօր եւ մօր սպանութիւնը թուրք զինուորներու ձեռքով, իր հօրենական տան առջեւ: Անոնց սպանութիւնը տեղի ունեցած է, երբ Հանըմ եւ խումբ մը ընկեր-ընկերուհիներ կը խաղային իրենց տան մօտերը: Անոնք անակնկալօրէն լսած են հրացանաձգութեան ձայներ եւ փամփուշտներու սարսափելի տարափ մը, ապա ապշահար տեսած են հայ բնակիչներուն անխնայ խոշտանգումը թուրք զինուորներուն կողմէ: Արձակուած փամփուշտ մը վիրաւորած է Հանըմի ճակատը: Սակայն վէրքը եղած է փոքր եւ մակե-րեսային: Հանըմ նաեւ հաստատած է, որ իր հայրը կը կոչուէր Խաչեր Չագըճեան, իսկ մայրը՝ Քրիսթին Չագըճեան. ինք Այնթապի մէջ դպրոց չէ յաճախած, իրենց տունը եղած է շատ մեծ, եւ տան ետին գտնուած է մեծ պարտէզ մը: Խաչեր Չագըճեան Այնթապի մօտերը ունեցած է լայնատարած եւ խաղողով հարուստ այգի մը:

Հանըմի այս վկայութիւններէն կարելի է ենթադրել, որ ան 1915-ին 4 կամ 5 տարեկան պէտք էր ըլլար, այլ խօսքով ծնած պէտք էր ըլլար 1910-ին կամ 1911-ին: Հանըմ Չագըճեան ունեցած է երկու երէց եղբայրներ՝ Աւետիս եւ Արամ, որոնք ծնած են Այնթապ, Աւետիս՝ 1906-ին, իսկ Արամ՝ 1908-ին: Հանըմ ունեցած է երկու հօրեղբայրներ՝ Գէորգ եւ Ներսէս, որոնք Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի առաջ հեռացած են Այնթապէն եւ երկար ճամբորդութենէ ետք հասած են Եգիպտոս ու հաստատուած են Գահիրէ:

Հանըմ, Աւետիս եւ Արամ որբ մնացած են իրենց ծնողքին սպանութեան հետեւանքով: Անոնք մնացած են անպաշտպան եւ ծնողական գուրգուրանքէ զուրկ: Սակայն «Բարի Սամարացի»ին օգնութեան ձեռքը շուտով հասած է անոնց: Արժանացած են Կարմիր Խաչ կազմակերպութեան խնամատարութեան, եւ անոր միջոցով, այլ որբերու հետ միատեղ, շոգեկառքով Այնթապէն փոխադրուած են Սուրիա, իսկ անկէ՝ Լիբանան:  Անոնք տեղադրուած են Լիբանանի Ալէյ քաղաքին մօտ գտնուող Շըմլան գիւղի անգլիական որբանոցը, որ ծառայած է իբրեւ ապաստանարան հարիւրաւոր հայ որբերու: Հանըմ եւ իր երկու եղբայրները Շըմլանի որբանոցը մնացած են մինչեւ 1921: Անոնք յաճախած են որբանոցի նախակրթարանը, ուր սորված են հայերէն եւ նախնական գիտելիքներ: Հանըմ սորված է նաեւ  ասեղնագործութիւն, որ եղած է իր կեանքի   ամենէն շատ սիրած եւ պաշտած ձեռարուեստը:

1921-ի Ապրիլին Շըմլանի անգլիական որբանոց այցելած է անգլիացի մը, Չէսթ Նաթ քաղաքէն (Cհest Nut City), 1881-ի ծնունդ, եւ Միացեալ Բարենորոգեալ Եկեղեցւոյ վերապատուելի Ճոն Ուորտ Կրէյվզ (Reverend John Ward Graves): Ճոն Կրէյվզ որբանոց մնացած է 3-4 օր եւ մտերմացած է հայ որբերուն հետ, զրուցած ու հետեւած է անոնց խաղերուն ու շարժուձեւերուն: Անոր ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացած է Հանըմի վրայ, եւ իր մէջ զարգացած է զգացական կապ մը՝ հանդէպ Հանըմի: Երկար մտածումէ եւ ուսումնասիրելէ ետք, ան որոշած է որդեգրել փոքրիկն Հանըմը: Ուստի իր որոշումը յայտնած է որբանոցի վերակացուին, որ անմիջապէս չէ ընդառաջած Ճոնի առաջարկին, ընդհակառակը՝ ներկայացուցած է որբերուն մէջէն ուրիշ աղջնակ մը: Ճոն հաստատ մնացած է իր որոշումին վրայ, ուստի վերակացուն իր համաձայնութիւնը յայտնած է Հանըմի որդեգրման:

Ճոն Կրէյվզ

Ճոն Կրէյվզ որբանոցին մէջ որդեգրութեան գործողութիւնները ամբողջացնելէ ետք, 6 Ապրիլ 1921-ին դիմած է Պէյրութի անգլիական դեսպանատունը, որպէսզի պաշտօնականանայ որդեգրումը եւ ստանայ ճամբորդութեան արտօնագիրը:

Հոն, վերապատուելի Կրէյվզի խնդրանքով, Հանըմ վերանուանուած է Պրենտա, ի յիշատակ պատուելիին Պրենտա քրոջ: Դեսպանատան պաշտօնական վկայագիրին մէջ արձանագրուած է Հանըմի նոր անուն-մականունը՝ Պրենտա Ուորտ Կրէյվզ,  նշուած է նոր տարիքը՝ հինգ տարեկան, եւ այլ մանրամասնութիւններ, օրինակ՝ թուխ աչքեր, բնական քիթ եւ բերան, կիսաբոլոր երես, թուխ մորթի գոյն եւ սրճագոյն մազ:

Պրենտա Կրէյվզ իր հօր՝ Ճոն Կրէյվզի հետ Անգլիա հասած է, անցնելով Ե-րուսաղէմէն, Եգիպտոսէն, Իտալիայէն եւ Ֆրանսայէն: Լիբանանէն դուրս գալու պահուն, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կորսուած է անոնց ճամբորդական պայուսակը: Երուսաղէմի մէջ Ճոն՝ Պրենտայի հայրը, հայկական ոճով արծաթէ պզտիկ խաչ մը, շղթայով միասին, գնած է եւ անցուցած՝ Պրենտային պարանոցը: Խաչին վրայ անգլերէնով արձանագրուած է August 14, 1921: Պրենտա այդ խաչը իր վիզին վրայ պահած է մինչեւ իր մահը: Հաւանաբար Ճոն Կրէյվզ այս ընելով ուզած է փաստել Պրենտայի հայկական ինքնութիւնը:

Պրենտան հաղորդակցելու մեծ դժուարութիւն ունեցած է իր հօրը հետ, որովհետեւ ինք անգլերէն չէր գիտեր, իսկ հայրն ալ հայերէն չէր խօսեր: Անգլիա հասնելէն քանի մը շաբաթ ետք, Պրենտայի հայրը զինք արձանագրած է աղջիկներու գիշերօթիկ դպրոց մը, ուր ան մնացած է մօտաւորապէս 10 տարի: Գիշերօթիկ դպրոցը հանրածանօթ եղած է կարգապահական խիստ օրէնքներով եւ կրթական որակաւոր ծրագիրով:

Պրենտա գիշերօթիկ դպրոցին մէջ առտու-իրիկուն մասնակցած է եկեղեցական պարտադիր արարողութիւններու: Ան շուտով սորված է անգլերէն լեզուն եւ յաղթահարած է հաղորդակցելու դժուարութիւնները: Պրենտա ընտելացած է իր շրջապատին հետ եւ սերտ բարեկամութիւն մշակած է իր դասընկերուհիներուն հետ: Ճոն Կրէյվզ ամէն Հինգշաբթի կ’այցելէր Պրենտային, միասին կը ճաշէին եւ ժամերով սերտ խօսակցութիւն կ’ունենային: Արձակուրդներու օրերուն, եւ մանաւանդ ամառը, Պրենտա կը վերադառնար իր հօրը տունը, ուր կ’անցընէր շատ հաճելի եւ ուրախ ժամեր: Գիշերօթիկ դպրոցին մէջ տասը տարիներու անոր կեցութիւնը եղած է շատ ուրախ եւ հանգստաւէտ: Պրենտա ունեցած է ընկերային առողջ կեանք: Ան յաջողութեամբ ամբողջացուցած է դպրոցին երկրորդական բաժինը եւ դարձած է հասուն ու խելահաս պարմանուհի մը:

Պրենտա վերադարձած է հօրը պալատանման տունը եւ վայելած է անոր ան-կեղծ սէրն ու ամբողջական գուրգուրանքը: Փոխադարձաբար, Պրենտա իր հօրը հանդէպ տածած է որդիական  սէր եւ յարգանք: Ան իրաւամբ դարձած է Ճոնին միակ աղջիկը: Ճոն շարունակ իր խօսքը ուղղելով Պրենտային, ըսած է. «Պրենտա՛, դուն իմ ընտանիքիս մէկ անդամն ես եւ իմ հարազատ զաւակս ես»: Ան իր ամբողջ շարժուն եւ անշարժ հարստութիւնը արձանագրած է Պրենտայի անուան: Անոնք յաճախ միասնաբար արձակուրդի գացած են, ընկերային հաւաքոյթներու մասնակցած եւ այցելած են մշակութային ու արուեստի կեդրոններ:

Պրենտայի վկայութեամբ, իր հայրը՝ Ճոն Կրէյվզ, ունեցած է նիւթական շատ լաւ վիճակ եւ բարեկամական լայն շրջանակ: Ան կը վայելէր քաղաքին երեւելիներուն, քաղաքական անձնաւորութիւններուն ու պարզ ժողովուրդին յարգանքը: Ան հանրածանօթ դէմք էր, քարոզիչ եւ շրջուն վերապատուելի:

1932-ին, Ճոն Կրէյվզ կ’ամուսնանայ անգլիացի աղջկան մը հետ: Պրենտա մասնակցած է իր հօրը ամուսնութեան պաշտօնական արարողութեան եւ ծաղ-կեփունջ մը ձեռքին՝ քալած է հարսանեկան շքախումբին հետ:

Պսակին օրը, Ճոն իր բարեկամներէն ստացած է շատ արժէքաւոր նուէր մը՝ «Grand Father Clock» ժամացոյց մը, որ յետագային ժառանգ մնացած է Պրենտային: Ճոն այս ամուսնութենէն զաւակ չէ ունեցած, ուստի Պրենտան մնացած է անոր միակ որդեգիր զաւակը: Պրենտա փորձած է բնականոն փոխյարաբերութիւն ունենալ իր խորթ մօրը հետ, սակայն ան շարունակ անտեսած է Պրենտան եւ դարձած է իսկական խորթ մայր: Ան շարունակ ըսած է Պրենտային. «Դուն օտար ես եւ մեր ընտանիքին չես պատկանիր»:

Պրենտա չէր մոռցած Լիբանանի Շըմլանի որբանոցին մէջ սորված ասեղնագործութիւնը եւ փորձած է վերակենդանացնել այդ ձեռարուեստը: Իր ազատ եւ  հանգիստի ժամերուն՝ հիւսած է ասեղնագործ նուրբ ժանեակներ եւ նուիրած է իր հօրը եւ անոր բարեկամներուն: 1932-1947 Պրենտա մաս կազմած է հօրը կազմած եւ ղեկավարած փչողական գործիքներու յատուկ նուագախումբին:

Պրենտա մեծցած է իբրեւ անգլիացի: Ան մոռցած է իր մայրենի լեզուն. կը խօսէր միայն անգլերէն: Սակայն Պրենտա շարունակ կը յիշէր իր հայկական ծագումը եւ իր իսկական անունը: Մինչեւ 1946 ան ապրած է անգլիական միջավայրի մէջ եւ ոչ մէկ հայու հանդիպած է: 1946 թուականը Պրենտայի համար եղած է անկիւնադարձային: Այդ տարի բախտը ունեցած է տեսնելու իր եղբայրը եւ եղբօրորդիները Եգիպտոսի մէջ:

Ինչպէ՞ս տեղի ունեցած է այդ պատմական հանդիպումը: Այս հարցումին պատասխանելու համար, պէտք է ետդարձ մը ընենք եւ խօսինք Հանըմի երկու եղբայրներուն Շըմլանի որբանոցէն Գահիրէ փոխադրութեան եւ անոնց կեանքի փոփոխութիւններուն մասին:

Ուրեմն. Հանըմի Գէորգ եւ Ներսէս հօրեղբայրները, ինչպէս յիշած էինք նախապէս, Հայոց Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի առաջ արդէն հաստատուած էին Եգիպտոս: Մինչեւ 1921 անոնք Փոր Սայիտի մէջ դիմաւորած են հարիւրաւոր հայ որբեր եւ փորձած են անոնց մէջ գտնել իրենց նահատակուած եղբօր երեք զաւակները, սակայն՝ ապարդիւն: 1921-ի ամառը անոնք մեկնած են Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցած են հայկական գաղթակայաններու պատասխանատուներուն հետ. ի յայտ եկած է որ Աւետիս եւ Արամ կը գտնուէին Շըմլանի անգլիական որբանոցը, իսկ Հանըմ արդէն որդեգրուած էր անգլիացի վերապատուելի Ճոն Կրէյվզի կողմէ:

Գէորգ Չագըճեան իր հետ Գահիրէ տարած է եղբօրորդին՝ Աւետիսը, իսկ Ներսէս Չագըճեան՝ իր եղբօրորդին՝ Արամը: Աւետիս հասակ առած է իր Գէորգ հօրեղբօր տան մէջ եւ ստացած է հայ առաքելական կրթութիւն, իսկ Արամ հասակ առած է իր Ներսէս հօրեղբօր տան մէջ, աւետարանական ոգիով, որովհետեւ Ներսէս ամուսնացած էր աւետարանական համայնքէն հայ աղջկան մը հետ: Արամ դարձած է հասուն երիտասարդ: Ան չէ ամուսնացած եւ ապրած է առանձին: Գահիրէի մէջ ան ունեցած է ելեկտրական գործիքներու իր սեփական վաճառատունը: Մահացած է 1986-ին, Գահիրէ:

Աւետիս երիտասարդ տարիքին Գահիրէի մէջ ամուսնացած է Հերմին Պզտիկեանի հետ եւ բախտաւորուած՝ երեք զաւակներով. Արաքսի-Քրիսթին, Պերճ եւ Սեդա-Պրենտա: Աւետիս Գահիրէի մէջ դարձած է հանրածանօթ եւ յաջող վաճա-ռական: Մահացած է 1981-ին, Գահիրէ:

Արաքսի-Քրիսթին ծնած է 1936-ին, Գահիրէ: Ամուսնացած է Յարութիւն Ուզունեանի հետ, որ քանի մը տարի ետք մահացած է: Արաքսի-Քրիսթին երկրորդ անգամ ամուսնացած է Ստեփան Վառվառեանի հետ: Անոնք մինչեւ օրս կ’ապրին Եգիպտոս:

Պերճ ծնած է 1939-ին: Ուսանած է Եգիպտոս Ecole Des Baus Arts իտալական վարժարանին մէջ, մասնագիտացած է Advertising and Arts-ի մէջ: Պերճ Գահիրէի մէջ նշանուած է Նայիրի Նալչաճեանի հետ եւ անոր հետ ամուսնացած է Մոնթրէալի մէջ, 1967-ին: Նայիրիին մայրը կ’ըլլայ պոլսեցի Անիէս Գարակէօզեանը, իսկ հայրը՝ կեսարացի Երուանդ Նալչաճեանը: Պերճ եւ Նայիրի Մոնթրէալի մէջ բախտաւորուած են աղջիկ զաւակով մը՝ Քրիսթին, եւ մանչ զաւակով մը՝ Կարէն:

Սեդա-Պրենտա հաստատուած է Զուիցերիա, հոն ամուսնացած է ու բախ-տաւորուած՝ երկու զաւակներով:

Աւետիս Չագըճեան տարիներ շարունակ ապրած է մղձաւանջի մէջ՝ գտնելու համար իր Հանըմ քոյրը: Ան պզտիկուց իր Գէորգ հօրեղբօրմէն իմացած էր Հանըմի որդեգիր առնուիլը Շըմլանի որբանոցէն, անգլիացի վերապատուելի Ճոն Կրէյվզի կողմէ: 1945-ին, Աւետիս ուղղուած է Լիբանան եւ տեսակցած՝ Շըմլան որբանոցի պատասխանատուներուն հետ, որպէսզի ունենայ վերապատուելի Ճոն Կրէյվզի հասցէն, սակայն չէ յաջողած ու ձեռնունայն վերադարձած է Եգիպտոս: Ան չէ յուսահատած, այլ շարունակած է իր փնտռտուքը, որպէսզի գտնէ իր քոյրը: Աւետիս նամակցած է Անգլիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հետ եւ իմացուցած՝ իր քրոջը պատմութիւնը, խնդրելով ճիգ չխնայել գտնելու Ճոն Կրէյվզի հասցէն: Երկար փնտռտուքէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը գտած է Ճոնի հասցէն եւ փոխանցած՝ Աւետիսին: Վերջինը անմիջապէս գրած է Ճոն Կրէյվզի, բացայայտելով որ ինք Պրենտային եղբայրն է եւ կը փափաքի օր մը տեսնուիլ իրենց հետ: ճոն Կրէյվզ միշտ խուսափած է եւ չէ պատասխանած:

Այդ օրերուն, Աւետիսի մօտիկ ազգականներէն Յակոբ Քէսթէնեան անձնական գործով մեկնած է Անգլիա եւ հոն կեցութեան ընթացքին գտած է Ճոն Կրէյվզին տունը: Յակոբ այցելած է Պրենտա Կրէյվզին եւ յայտնած է անոր, որ իր եղբայրը՝ Աւետիսը, զինք կը փնտռէ տարիներէ ի վեր եւ կ’ուզէ կապ հաստատել իր հետ: Յակոբ Քէսթէնեան առաջին հայն էր, որ Հանըմին հետ կը տեսնուէր իր որդեգրումէն ետք: Յակոբ Քէսթէնեան Գահիրէ վերադառնալէ ետք Աւետիսին պատմած է Պրենտային հետ իր տեսակցութեան մասին: Ուստի Աւետիս մնայուն կապ հաստատած է իր քրոջ՝ Պրենտայի հետ: Ան պաշտօնական հրաւէր ուղղած է քրոջը, որ այցելէ զինք Եգիպտոսի մէջ: Պրենտա ընդունած է հրաւէրը եւ որոշած է անպայման երթալ եւ տեսնուիլ իր եղբօր՝ Աւետիսին հետ, սակայն Ճոն Կրէյվզ արգելք հանդիսացած է եւ դժուարութիւններ յարուցած: Այդ միջոցին, Պրենտա անդրադարձած է, որ ինք տակաւին անգլիական հպատակութիւն չէ ստացած: Ուստի, Պրենտայի հպատակութեան գործողութիւնները կատարուած են, եւ ստացած է անգլիական ճամբորդութեան անձնագիր (passport): Պրենտա օդանաւով մեկնած է Եգիպտոս, Նոյեմբեր 1947-ին, առանց Եգիպտոս մտնելու արտօնութեան: Ան հասած է Գահիրէի օդակայանը, ուր Աւետիս իր անձնական ծանօթութիւններով տեղւոյն վրայ Պրենտայի մուտքի եւ կեցութեան արտօնութիւն ապահոված է: Այսպէսով, 27 տարիներու բաժանումէն ետք, քոյր եւ եղբայր՝ Հանըմ եւ Աւետիս ողջագուրուած են. նոյն գիշերը տեղի ունեցած է ընտանեկան մեծ խրախճանք: Պրենտա Կրէյվզ Գահիրէ մնացած է մէկ ու կէս տարի: Հոն տօնած են իր ծննդեան տարեդարձը, տեղի ունեցած են ընտանեկան հանդիպումներ ու խրախճանքներ: Այս այցելութեան ամբողջ տեւողութեան, Պրենտա մատնուած է հոգեկան մեկուսացումի, որովհետեւ ինք  հայերէն լեզուն մոռցած էր եւ շարունակ կը խօսէր անգլերէն, իսկ իր շուրջը գտնուողները ընդհանրապէս կը խօսէին հայերէն: Ան ունեցած է հաղորդակցութեան որոշ դժուարութիւն իր շրջապատին հետ, սակայն մեծ հաճոյքով եւ երախտագիտութեամբ մտիկ ըրած է բոլորը եւ մասնակցած՝ անոնց սարքած ընդունելութիւններուն: Աւետիս Չագըճեանի ընտանիքին անդամները իրենց կարելին եւ անկարելին ըրած են, որպէսզի Պրենտա մնայ ուրախ եւ զգայ հօրենական տան տաքութիւնը: Աւետիսին մանչ զաւակը՝ Պերճ, 8 տարեկան հասակին, վայելած է հօրաքրոջ ներկայութիւնը եւ անոր հետ շարունակ զրուցած է անգլերէնով: Այդ օրերէն սկսեալ, երկուքին միջեւ ստեղծուած է հարազատութիւն  եւ սերտ կապ:

Պրենտա պտտած է Եգիպտոսի բոլոր շրջանները, այցելած է շատ մը պատմական վայրեր ու թանգարաններ: Ան կանոնաւոր հերթականութեամբ նամակցած է հօրը՝ Ճոն Կրէյվզին հետ եւ գրած է իր ունեցած յարգալիր ընդունելութեան, ընտանեկան գուրգուրանքին եւ յարգանքին, ինչպէս նաեւ իր հոգեկան ապրումներուն մասին: Ճոն կրկին ու կրկին գրած է Պրենտայի ու խնդրած, որ շուտով վերադառնայ: Ան կարօտցած էր իր զաւակը՝ Պրենտան, եւ անոր բացակայութեան պարապութիւն մը կը զգար իր տան մէջ: Երկար մտածելէ ետք, Պրենտա որոշած է վերադառնալ իր հօրը քով: Ան իմացուցած է այս որոշումը իր եղբօր, որ յուզումով ընդունած է եւ արգելք չէ հանդիսացած Պրենտայի մեկնումին: Տեղի ունեցած են հրաժեշտի հաւաքոյթներ, ուր փոխանակուած են ազնիւ խօսքեր, հարազատ արտայայտութիւններ եւ մնայուն կերպով հաղորդակցելու խոստումներ: Պրենտա վերադարձած է Անգլիա, իր հօր՝ Ճոն Կրէյվզի քով, Յուլիս 1949-ին, մէկ ու կէս տարի բացակայութենէ ետք:

Ինչպէս յիշեցինք նախապէս, Ճոն Կրէյվզ իր ամբողջ կտակը արձանագրած էր Պրենտայի անուան: Սակայն Ճոնի մահէն ետք, անոր այրիացած կինը յաջողած է այդ կտակը արձանագրել իր անուան եւ իւրացնել Ճոնի ամբողջ հարստութիւնը:

Ճոն Կրէյվզի մահէն ետք, անոր կինը հիւանդացած է եւ տարիներով մնացած է անկողին: Պրենտան սիրայօժար խնամած է զայն եւ հոգացած՝ անոր բոլոր պէտքերը, հակառակ որ ան շարունակ վատ վերաբերմունք ունեցած էր իր հետ, բնաւ չէր սիրած զինք եւ նոյնիսկ ատած էր զինք: Պրենտայի խորթ մայրը մահացած է 1980-ին եւ Պրենտա մնացած է առանձին: Սակայն շնորհիւ իր ունեցած ընկերային շրջանակին եւ մեծ թիւով բարեկամ-ընկերուհիներու հետ սերտ յարաբերութեան, ան ինքզինք բնաւ առանձնութեան մէջ չէ զգացած:

1949-էն մինչեւ 1980 Պրենտա շարունակ նամակցած է Եգիպտոս ապրող Աւետիս եղբօրը եւ անոր աղջկան՝ Արաքսի-Քրիսթինի հետ, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալ հաստատուած եղբօրը տղուն՝ Պերճին հետ: Ան Աւետիս եղբօր մահը իմացած է 1981-ին, սակայն փառք տուած է Աստուծոյ, որ ինք կրցած էր երթալ Եգիպտոս եւ միանալ իր հարազատներուն, ապրած էր անոնց հետ մէկ ու կէս տարի:

Պրենտա 1984-ին իբրեւ զբօսաշրջիկ հասած է Մոնթրէալ եւ ընդունուած  է իր Աւետիս եղբօր տղուն՝ Պերճին կողմէ: Ան երկու ամիս հիւրասիրուած է Պերճին եւ տիկնոջ՝ Նայիրիին կողմէ: Պրենտա շատ սիրած է Մոնթրէալ քաղաքը եւ անոր ընկերային կեանքը, մանաւանդ մոնթրէալահայութեան տաքուկ եւ առողջ միջավայրը: Ան վերադարձած է Անգլիա եւ ապրած է Մոնթրէալի յիշատակներով: Պրենտա որոշած է իր կեանքի վերջին տարիները առանձին չապրիլ, այլ ըլլալ իր անմիջական հարազատներուն հետ, մասնաւորապէս՝ Պերճ Չագըճեանին եւ անոր ընտանիքին մօտ: Ուստի ան դիմած է գանատական դեսպանատուն եւ ստացած է Գանատա գաղթելու արտօնութիւն: Պրենտա երկրորդ անգամ ըլլալով Մոնթրէալ հասած է 1986-ի ամրան, բայց այս անգամ վերջնականապէս հոն հաստատուելու համար եւ ապրելու մոնթրէալահայութեան ծոցին մէջ: Քեպէգ նահանգ իր ընդունման գաղթականական արտօնութեան պետական թուղթերուն մէջ իբրեւ ծննդավայր արձանագրուած է հետեւեալը. born in Aintab, Armenia, USSR:

Պերճ Չագըճեան սիրայօժար եւ մեծ ուրախութեամբ իր տան մէջ ընդունած է հօրաքոյրը՝ Պրենտան, եւ զայն նկատած է հարազատ մէկ անդամը իր ընտանիքին: Պրենտա մտերմացած է բոլորին, մանաւանդ Պերճին տիկնոջ՝ Նայիրիին եւ անոր զաւակներուն՝ Քրիսթինին ու Կարէնին հետ:

Ան դժբախտաբար կը խօսէր միայն անգլերէն, որովհետեւ ամբողջ 66 տարի ապրած էր միայն ու միայն անգլիական միջավայրի մէջ, հեռու հայկականութենէ, հեռու հայերէն խօսողներէ: Մոնթրէալի մէջ, Պրենտա  զգացած է իր շրջապատին հարազատութիւնը, Պերճին եւ անոր ընտանիքին սէրն ու գուրգուրանքը, շնչած է հայկականութիւն, շարունակ լսած է տարեցներու, երիտասարդներու եւ մանուկներու հայերէն խօսակցութիւնը, ունկնդրած է հայկական երաժշտութիւնը, ականատես եղած է Հայ կեդրոնին մէջ կազմակերպուած հայկական ձեռնարկներու, ակնդիր՝ հայկական պատկերասփիւռին եւ աղօթած է հայկական եկեղեցւոյ մէջ: Անոր մէջ արթնցած է հայկականութիւնը, ուզած է վերադառնալ իր արմատներուն: Պրենտա ուզած է շաղուիլ իր հայկական շրջապատին հետ, իր մայրենի լեզուով հաղորդակցիլ բոլորին հետ: Ուստի, յաճախած է Մոնթրէալի Քոնքորտիա համալսարանի գիշերային դպրոցը, սորվելու համար հայերէն լեզուն, Վարդի Դանիէլեանի հսկողութեամբ: Մօտաւորապէս 7 ամիս, Պրենտա ամէն օր հայերէն գիրքերը շալկած, գացած է Քոնքորտիա համալսարանը եւ լրջօրէն հետեւած է Վարդիի ցուցմունքներուն: Վարդի ամէն ճիգ ըրած է, որպէսզի Պրենտան կարենայ շուտով խօսակցական լեզուն իւրացնել: Ան մասամբ յաջողած է, եւ Պրենտա սկսած է հայերէն խօսիլ իր շրջապատին մէջ:

Պրենտա չէ բաւարարուած խօսակցական լեզուով. ան ամբողջ սրտով փա-փաքած է նաեւ գրել եւ կարդալ հայերէն: Դժբախտաբար, ան անակնկալօրէն հիւանդացած է եւ մատնուած է սուր շնչահեղձութեան, ուստի ստիպողաբար լքած է հայագիտական դպրոցը: Պրենտայի առողջական վիճակը վատթարացած է շատ արագ եւ մահացած է Մոնթրէալի մէջ, թոքերու քաղցկեղէ: Անոր թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Պրենտայի աճիւնները ամփոփուած են Cote des Neiges գերեզմանատան Քէսթէնեան դամբարանին մէջ, 26 Մայիս 1987-ին:

Պրենտա Մոնթրէալ ապրած է միայն 8 ամիս. այս շրջանը եղած է իր կեանքի  ամենէն ուրախ ամիսները: Մինչեւ իր մահը, Պրենտա իր վիզէն կախուած պահած է հայկական խաչը, որ իրեն նուէր տրուած էր 1921-ին, զինք որդեգրող վերապատուելի ճոն Կրէյվզի կողմէ:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Մոնթրէալ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.