Հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ վերջին աւելի քան 100 տարուայ ընթացքին ապրած արհաւիրքներէն ամենացաւոտ հանգրուանը: Մենք այսօր չունինք Արցախի Հանրապետութեան շուրջ երեք քառորդը: Այնտեղ գտնուող մեր դարաւոր եկեղեցիներուն զանգերը չեն ղօղանջեր այսօր: Մեր ազգային արժանապատուութիւնը դառնօրէն վիրաւորուած է:
44 օր կենաց մահու մարտերէ ետք, նախորդ օրերուն ստորագրուեցաւ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար անընդունելի անձնատուութեան յայտարարութիւն մը: Թէ ի՞նչը պատճառ հանդիսացաւ անոր եւ մեղաւորը կամ մեղաւորները որո՞նք էին, ո՞ր ռազմական իրադարձութիւնները մղեցին այս անձանտուութեան՝ ժամանակը պիտի լուսաբանէ: Առ այդ մենք կոչ կ՛ուղղենք, որ ռազամահետաքննական անկախ յանձախումբ մը ինքը գնահատէ իրավիճակը եւ մեղադրանքներ ու ամբաստանութիւններ ուղղէ առ որ անկ է:
Մեր կուսակցութեան դաւանանքին հիմքը հանդիսացող դեմոկրատականութեան ու բազմակարծութեան որպէս ռահվիրա՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութիւնը կ՛ողջունէ հասկանալի պոռթկումով մը Երեւանի հրապարակները գրաւած Հայրենի ժողովուրդին զաւակները, միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղելով անոնց՝ իրենց բողոքը արտայայտելու քաղաքացիական օրէնքի սահմաններուն մէջ եւ խաղաղ միջոցներով: Մենք կը յորդորենք մեր եղբայրակիցներուն, իշխանութեան մէջ փոփոխութիւններ տեսնելու իրենց պահանջն ու իրագործումը սահմանափակել միայն ու միայն սահմանադրական եւ պետական հաստատութիւններու ծիրէն ներս:
Զուգահեռաբար կոչ կ՛ուղղենք հայրենի իշխանութիւններուն հանդուրժողականութեամբ մօտենալու տուեալ ժողովրդային պոռթկումին: Այս առիթով կը յիշեցնենք, որ արդար իշխանութեան մը պարտականութիւնն է ամենաարագ միջոցին՝ ձեռնարկելու ինչ որ պէտք է՝ ընկալելու եւ թեթեւցնելու ստեղծուած զայրոյթը, ի հարկին ընելով հայրենասիրական զիջումներ, միշտ հիմնուելով ու վստահելով նման պարագաներուն համար օրէնսդրին սահմանած գործընթացին՝ վերականգնելու կամ հաստատելու համար Հայ ժողովուրդին վստահութիւնը՝ հանդէպ իր իշխանութեան:
Հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է: Ո՛չ մէկը իրաւունք ունի ազգային անվտանգութեան հաշւոյն արկածախնդրութիւններու դիմելու, փորձարկումներ կատարելու, աթոռին կառչած մնալու կամ աթոռ գրաւելու, ինչպէս նաեւ անձնական թէ հատուածական շահեր հետապնդելու:
Մենք պետականամէտ կուսակցութիւն ենք եւ ո՛չ իշխանամէտ: Մեզի համար հայրենի պետականութեան պահպանութիւնը գերագոյն արժէք է, որուն համար մենք կը հաւատանք, որ պէտք է զոհել ամէն ինչ:
Մեր ժողովուրդը վրդոված է այսօր եւ մեծապէս յուզուած ու վիրաւորուած: Մենք սոսկ տարածքներ չէ, որ կորսնցուցինք: Մեր Հայրենիքին կարեւոր մէկ հատուածն է, որ բռնագրաւուեցաւ: Սակայն մենք պէտք է հասկնանք, որ մեծ պատերազմի մը մէկ ճակատամարտն է, որ կորսնցուցինք, որ աննախադէպ չէ Հայոց դարաւոր պատմութեան մէջ: Քաջարի Արցախը եւ Հայաստանը ընդհանրապէս, ապրած են նմանօրինակ արհաւիրքներ ու շրջանցած զանոնք: Այսօր մենք կը մտնենք հայ դատի նոր հանգրուան մը: Մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք անոր:
Մենք պէտք է միշտ յիշենք, որ ունինք մէկ թշնամի: Ան թուրքն է: Մենք իրաւունքը չունինք ներքին պայքարներով մեր սուղ ուժերը ջլատելու: Մեր պայքարի ամբողջ ներուժն ու կարողութիւնները պէտք է վերապահենք թուրքին դէմ մեր պայքարին համար՝ յստակ կողմնացոյցով ու նպատակակէտով:
Այս առիթով մենք դարձեալ կը խոնարհինք Արցախեան պատերազմի զոհերուն յիշատակին առջեւ: Թող, որ հանգիստ ննջեն մեր հերոսները ու անոնց հոգիները հանգիստ ըլլան: Մեզի համար բացուած է պայքարի նոր հորիզոն, որուն համար Հայ ժողովուրդը միշտ ալ ունի ու պիտի ծնի նոր հերոսներ, պիտի փառաբանէ ու սրբացնէ իր անմահացած հերոսները ու այսպէս միասին պիտի քալենք դէպի նոր արշալոյսներ, դէպի դարձեալ պայծառ ապագայ:
Ի ԴԻՄԱՑ`
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԱՐՄԷՆ ՎԱՅԷՃԵԱՆ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ատենադպիր Ատենապետ