«Հայ ընտանիքին վնասող որեւէ փաստաթուղթի, մտածելակերպի դէմ ենք». Արամ Ա. Վեհափառ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ԿԸ ՊԱՐԶԷ «ԻՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԳՈՆՎԵՆՑԻԱՅ»Ի ՄԱՍԻՆ

Սուրբ Աստուածածնի ուխտի օրուան բազմահազար ժողովուրդին ուղղած իր Հայրապետական պատգամին մէջ, խօսելով հայ ընտանիքին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները պահելու հրամայական անհրաժեշտութեան մասին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր յստակ տեսակէտը պարզեց, այսպէս կոչուած, «Իստանպուլի Գոնվենցիայ»ին մասին: Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ ամփոփեց իր մօտեցումը.-

1) «Հայ ընտանիքին, անոր արժէքներուն, ինքնութեան ու կոչումին ուղղակի կամ անուղղակի վնասող որեւէ փաստաթուղթի, մտածելակերպի, գործելակերպի ու կենցաղակերպի նկատմամբ, Մենք որպէս Կաթողիկոս, բացարձակապէս դէմ ենք:

2) «Նման զգայուն բնոյթ ունեցող եւ բազմակողմանի երեսներ բովանդակող փաստաթուղթեր կամ խնդիրներ, որոնք համահայկական հետեւանքներ կրնան ունենալ, անհրաժեշտ է, որ համահայկական մասնակցութեամբ եւ վերլուծական ու իրապաշտ մօտեցումով լուրջ քննարկումի նիւթ դառնան: Այլապէս, զգացական, միակողմանի ու տեսական մօտեցումներ մեզ կրնան սխալ ուղղթեամբ առաջնորդել:

3)«Կնոջ նկատմամբ որեւէ ձեւի բռնարարքներուն Մենք խստօրէն դէմ ենք եւ այս մասին բազմիցս անդրադարձած ենք: Յիշեալ փաստաթուղթին մէջ, այս ուղղութեամբ, գոյութիւն ունին դրական կէտեր, որոնք ողջունելի են: Սակայն, նոյն փաստաթուղթին մէջ, տողամէջերուն եւ անուղղակի նշումներով ընտանիքին առնչուած այնպիսի թագուն ու մշուշապատուած ակնարկութիւններ կան, որոնք կրնան յետագային դուռ բանալ այնպիսի կենցաղակերպերու բնականոնացման եւ նոյնիսկ օրինականացման, որոնք խորթ են հայ ընտանիքի մեր հասկացողութեան: Հոս է վտանգը: Հարկ է ըլլալ զգոյշ:

4) «Այս առիթով նաեւ կ՚ուզենք յիշեցնել, ինչպէս յաճախ Հայաստանի իշխանութիւններուն ուշադրութեան յանձնած ենք, թէ Հայաստանը, որպէս պետութիւն ինքզինք երբեմն պիտի գտնէ մէկ կողմէն մարդկային իրաւունքները յարգելու ու պաշտպանելու եւ միւս կողմէն ազգային արժէքներուն հաւատարիմ մնալու կացութեան դիմաց: Նման պարագաներու,Մեր հայեցողութեամբ, Հայաստանի պետութիւնը պէտք է խուսափիընտրութիւն կատարելու մօտեցումներէ եւ փորձէ ներդաշնակութիւն կամ նուազագոյնը գոյակցութիւն մը ստեղծել այս երկու բեւեռներուն միջեւ, սակայն, բոլոր պարագաներուն, նախանձախնդիր ըլլալով ազգային արժէքներու պահպանման»։

https://www.facebook.com/CiliciaTv/videos/2356044974614192/UzpfSTQ3Mjc1MzU4OTQxMzIxMzoyNTUwMDkxMjI1MDEyNzYy/?__tn__=kCH-R&eid=ARCkGjNH_Zrc3x7CvFXWy-w4JfCqDOXwR47SLBh-1SwrD6ZYiK50iDjc4Do9WlvuG6i34pw_o36WnfP3&hc_ref=ARQasG-_kYlRyFZuff52p1ALARYW1sGzgQEJSJYVnE5DRPJ0KFeqDWaFVEDljt5nOyw&fref=nf

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.