«Հայ Եկեղեցւոյ դէմ պայքար մղելու փորձը երբե՛ք ընդունելի չէ». Արամ Վեհափառ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ֆեյսպուքեան էջով օրերս ներկայացուած էր իր գրառումմներէն մէկը, որ վերնագրուած էր՝ «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԿՈՂՄԷ ՅՈՐԴՈՐ ՈՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ», ուր կը նշուէր.

«Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի Հայ Եկեղեցին ժողովուրդին հետ պէտք է ըլլայ՝ հոգեւոր սնունդ հայթայթելով, կարիքաւորներուն օգնելով եւ ժողովուրդին ծառայելով։ Ա՛յս է հայ հոգեւորականին կոչումը։ Դուք, սիրելի հոգեւոր հայրեր, այս ոգիով թրծուեցաք Անթիլիասի մէջ եւ կոչումի խոր գիտակցութեամբ կը ծառայէք։ Մօտէն կը հետեւինք ձեր հովուական աշխատանքներուն։ Բարձրօրէն կը գնահատենք ձեր ծառայական նուիրումը։ Թող մեր Տէրը Քրիստոս վարձահատոյց ըլլայ ձեզի։ Աղօթեցէք մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար»։

Արամ Ա կաթողիկոսի այս գրառումը ընկերային ցանցերու վրայ ոմանք մեկնաբանեցին որպէս աջակցութիւն ՀՀ իշխանութիւններուն, մասնաւորապէս՝ ՀՀ վարչապետին:

Նշենք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ և Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի դէմ այս օրեուն հակաքարոզչական արշաւ սկիզբ առած է, որուն առիթը հանդիսացաւ News.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Վեհափառի մտահոգութիւնը ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի առողջութեան վերաբերեալ։ Այդ զրոյցին մէջ Գարգեգին Վեհափառ ըսած էր. «Հաղորդ լինելով նախագահի առողջութեան առնչութեամբ բժիշկների մասնագիտական կարծիքներին՝ կարևոր ենք համարում, որ արդարադատութեան իրագործման հետ մէկտեղ ձեռնարկուեն բոլոր կանխարգելիչ միջոցներն ու միջոցառումները, այդ թւում՝ խափանման միջոցի փոփոխութիւն՝ համավարակի այս շրջանում ապահովագրելու նրան առողջական վիճակի հետագայ բարդացումներից»:

168.am լրատուական կայքէջը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսէն գրաւոր պարզաբանում խնդրած էր՝ որուն ի պատասխան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան գրած է պատասխան-նամակ մը, որը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ:

«Այս առաւօտ, շնորհակալութեամբ ստացայ Ձեր e-mail-ը: Կ՚ուզեմ կարեւորութեամբ Ձեր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ երկու կէտերը.-

1) Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ստեղծուած համաշխարհային տագնապի լոյսին տակ, նման գրառումներ կը կատարէ Facebook-ի ճամբով: Ան յաճախ իր յորդորները ու թելադրութիւնները կը փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն, առաջնորդներուն, ազգային իշխանութիւններուն եւ հոգեւորականներուն՝ շեշտելով աղօթքի ու մարդասիրական ծառայութեան ճամբով մեր ժողովուրդին հետ ըլլալու հրամայականը: Նորին Սրբութեան կատարած յորդորներուն ու յիշեցումներուն մաս կը կազմէ նաեւ Ձեր մէջբերած գրութիւնը: Հետեւաբար, ան ո՛չ մէկ կապ ունի Հայաստանէն ներս ստեղծուած ներկայ կացութեան հետ: Վեհափառ Հայրապետին խօսքը եւ գործը արեւու լոյսին նման միշտ յստակ եղած են. մեկնաբանութեան ու լուսաբանութեան կարիքը չունին: Հետեւաբար, ՎԵՀԱՓԱՌ ՀՕՐ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՆԵԼԸ ՃԻՇԴ ՉԷ՛:

2) Վեհափառ Հայրապետը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանէն ներս ստեղծուած ներկայ կացութեան նկատմամբ: Ինչպէս Նորին Սրբութիւնը յաճախ կը շեշտէ՝ մեզի համար եկեղեցի եւ ժողովուրդ անջատ իրականութիւններ չեն, այլ մէ՛կ ամբողջութիւն են՝ ներքին անքակտելի կապերով իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած: Արդ, որոշ շրջանակներու կողմէ պահեր ու կացութիւններ օգտագործելով եւ ծրագրուած մօտեցումով Հայ Եկեղեցւոյ դէմ պայքար մղելու փորձը Մեզի համար, վստահ ենք նաեւ մեր ժողովուրդին համար, երբե՛ք ընդունելի չէ։ Ձայնակցելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ՚ուղղէ՝ փոխադարձ յարգանքով ու հանդուրժողական ոգիով, ինչպէս նաեւ իրողութիւններն ու հանգամանքները նկատի ունենալով եւ երկխօսութեան ճամբով քննարկելու մեր ազգը, եկեղեցին եւ հայրենիքը դիմագրաւող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: Անհրաժեշտ է, յատկապէս ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, համախմբուիլ մեր ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներու ու ձգտումներու շուրջ: Մեր հայրենիքին եւ Սփիւռքի համայնքներուն անվտանգութիւնը առաջնահերթ մտահոգութիւն է Մեզի համար: Յառաջիկայ շաբաթ Ապրիլ 24-ի առիթով մեր ազգային պահանջատիրութեան նկատմամբ մեր հաւաքական յանձնառութեան վերահաստատումը հրամայական է, կը շեշտէ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:

Թող Աստուած անվտանգ ու ամուր պահէ մեր ազգը, եկեղեցին ու հայրենիքը։

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան

Վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Տեղեկատուական Գրասենեակի

Անթիլիասի

18 Ապրիլ 2020»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.