Հայ Դատի յանձնախումբի նամակարշաւ ուղղուած Գանատայի արտգործ նախարարին դատապարտելու թուրք-ատրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւնները
1766
0
Սեպտեմբեր 30-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ Գանատայի արտգործ նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին ուղղուած ստորագրահաւաք-նամակարշաւ մը, որպէսզի ան դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններն ու կասեցնէ գանատական զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ։
Նամակին մէջ կը նշուի, որ Գանատայի Հայ համայնքը կը պահանջէ, որ Գանատայի կառավարութիւնը
- Դատապարտէ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը,
- Պահանջէ Թուրքիոյ ռազմական եւ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան դադրեցումը Արցախեան հակամարտութեան մէջ,
- Անյապաղ դադրեցնէ գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ