Հայ Դատի Յանձնախումբի հիմնադրութեան թուականը
Ծ.Խ.- «Հորիզոն»ի արխիւները պրպտելու ընթացքին, «Հայրենիք» տարեգիրքի 1947-ի թիւին մէջ հանդիպեցանք Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրութեան մասին շահեկան տեղեկութիւններու, զորս կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն: Յիշեցնենք, որ «Հայրենիք» տարեգիրքը խմբագրած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեան:
Պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն յետոյ ալ տակաւին, հայ հասարակութեան գիտակցութեան մէջ ընդհանրացած չէր այն միտքը, թէ հայ ժողովուրդը հաւաքաբար ոտքի պիտի կանգնի հրապարակ դնելու եւ պաշտպանելու համար Հայ Դատը: Հայութեան այն մասը, որու դաւանանքն էր «արտաքոյ Խորհրդային իշխանութեան չիք փրկութիւն», կը մտածէր ու կÿարտայայտէր, թէ արտասահմանի հայութիւնը, քաղաքական տեսակէտով, որեւէ ընելիք չունի, թէ Խորհրդային իշխանութեան վերապահուած է ամէն իրաւունք եւ պարտականութիւն արծարծելու եւ պաշտպանելու Հայ Դատը եւ թէ արտասահմանի հայերու կողմէ որեւէ քայլ այդ ուղղութեամբ պիտի նշանակէ միջամտել Խորհրդային իշխանութեան եւ Հայաստանի գործերուն: Այս վերջիններն ալ, առհասարակ կÿանտեսէին եւ մինչեւ իսկ կÿուրանային Հայ Դատի գոյութիւնը:
Հայութեան միւս մասը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, կը պնդէր, թէ պատերազմը եւ Միացեալ ազգերու յաղթանակը պատեհ առիթ են արծարծելու Հայ Դատը եւ, թէ, քանի որ Հայաստան ի վիճակի չէ իր կողմէն ստանձնելու նախաձեռնութիւնը, արտասահմանի հայութիւնը ինքը, իբրեւ սեփականատէրը թրքահայ հողերու եւ ժառանգորդը Հայ Դատի, պէտք է հրապարակ գայ պաշտպանելու իր իրաւունքները:
Այս երկու հակընդդէմ մտայնութիւններու միջեւ երկար ատեն եւ շատ բուռն վիճաբանութիւններ տեղի ունեցան, գլխաւորապէս, մամուլի մէջ. Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը գործնական քայլերու ալ դիմեց համոզելու համար հակառակ տեսակէտ ունեցողները ազգային միացեալ ճակատ ստեղծելու Հայ Դատի պաշտպանութեան համար, բայց բոլոր ճիգերը անցան ապարդիւն. կողմերը մնացին հոն ուր որ էին:
Ասոր վրայ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ստիպուած եղաւ իր սեփական ուժերով նախաձեռնելու Հայ Դատի արծարծման եւ պաշտպանութեան գործը: Ան էր, որ ձեւակերպեց հայ ժողովուրդի ազգային բաղձանքները, միջազգային նոր պայմաններու համապատասխան, եւ հրապարակ դրաւ Հայ Դատի բանաձեւը – Թրքահայ հողերու կցումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տարագիր հայութեան վերադարձը հայրենիք: Ան էր, որ ձեռնարկեց Հայ Դատի Պաշտպանութեան Ֆոնտի հանգանակութեան, 1944-ի սկիզբը, եւ հայ ժողովուրդը խանդավառութեամբ արձագանգեց՝ կարճ ժամանակի մը մէջ տալով 165 000 տոլար Հայ Դատի պաշտպանութեան համար: Ան էր, վերջապէս, որ համազգային մարմին մը ստեղծելու նոր եւ ապարդիւն փորձերէ յետոյ, 1944-ի վերջերը կազմեց Հայ Դատի յանձնախումբը Նիւ Եորքի մէջ, ազգային գետնի վրայ, անոր վստահելով հայ Դատի պաշտպանութեան գործը:
Հայ Դատի Յանձնախումբը, Armenian National Committee գործի սկսաւ 1944-ի Դեկտեմբերին եւ առաջին իսկ նիստին մէջ գծեց իրենց համար գործունէութեան հետեւեալ ծրագիրը.-
1. Հայ Դատ ըսելով յանձնախումբը կը հասկնայ՝ նախագահ Ուիլսընի սահմանագծած թրքահայ հողերու կցումը Խորհրդային Հայաստանին եւ տարագիր հայութեան վերաբնակումը հայկական հողերու վրայ:
2. Օգտակար եւ բաղձալի նկատել ազգային բոլոր ուժերու գործակցութիւնը Հայ Դատի հետապնդման շուրջ:
3. Եթէ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնն ինքը ստանձնէ Հայ Դատի հետապնդումը, Հայ Դատի յանձնախումբի գործը պէտք է ըլլայ աջակցիլ անոր:
4. Հայ Դատի յանձնախումբը պէտք է Հայ Դատը ներկայացնէ ամերիկեան կառավարութեան եւ հանրային կարծիքին, այլեւ, միջազգային գետնի վրայ, քաղաքական այն ուժերուն եւ ժողովներուն, որոնք կարող են դեր կատարել Հայ Դատի լուծման մէջ:
5. Իր նպատակին հասնելու համար Հայ Դատի յանձնախումբը դիմումներ կÿընէ ամերիկեան կառավարութեան, միջազգային խորհրդաժողովներու, կը հրատարակէ նիւթեր Հայ Դատի մասին, կը ջանայ մամուլով, ռատիոյով եւ այլ միջոցներով արծարծել Հայ Դատը:
Այս հիմնական սկզբունքներու հետ որոշուեցան նաեւ յանձնախումբի աշխատանքի գործնական միջոցները:
Հայ Դատի յանձնախումբը հաստատեց իր գրասենեակը Նիւ Եորքի մէջ, եւ ձեռնարկեց գործի 1945-ի սկիզբը:
Հայ Դատի յանձնախումբի առաջին մտահոգութիւնը եղաւ՝ յիշեցնել պետութիւններուն Հայ Դատի գոյութիւնը եւ անոր լուծման ստիպողական անհրաժեշտութիւնը: Այդ նպատակով, Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն, յուշագրեր ներկայացուեցան ամերիկեան, անգլիական եւ Խորհրդային Միութեան կառավարութիւններուն եւ այդ առթիւ տրուեցան նաեւ բացատրութիւններ յանձնախումբի ներկայացուցիչերու կողմէ:
Յանձնախումբի երկրորդ քայլը եղաւ՝ Հայ Դատը տանել Միացեալ Ազգերու Սան Ֆրանսիսգոյի խորհրդաժողովին, իր պատուիրակներու միջոցով: Յուլիս 7-ին յանձնախումբը խորհրդաժողովին եւ անոր անդամ բոլոր պատուիրակութիւններուն տուաւ ընդարձակ եւ հիմնաւորուած յուշագիր մը, որ համակրական ընդունելութիւն գտաւ նաեւ խորհրդաժողովի շրջանակներու մէջ, ինչպէս եւ լայն արձագանգ գտաւ ամերիկեան եւ միջազգային մամուլի կողմէ: Հայ Դատի յանձնախումբը ունեցաւ նաեւ ռատիոժամ մը Սան Ֆրանսիսգոյի մէջ, Հայ Դատի մասին, որ նոյնպէս ջերմ արձագանգ գտաւ:
Ամիս մը յետոյ, Յունիս 8-ին, Ամերիկահայ Ազգ. Խորհուրդն ալ – Ռամկավար, Հնչակեան եւ Հայ Բոլշեւիկ կազմակերպութիւններու միութիւնը – իր կողմէն յուշագիր տուաւ Սան Ֆրանսիսգոյի խորհրդաժողովին՝ կրկնելով նոյն պահանջները ինչ որ Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացուցած էր:
Սան Ֆրանսիսգոյի խորհրդաժողովին ներկայացուած պահանջները հետզհետէ իւրացուեցան եւ ուրիշ երկիրներու մէջ ապրող հայկական զանգուածներու կողմէ: Հայաստանի ժողովուրդն ու կառավարութիւնն եւս միացուցին իրենց ձայնը արտասահմանի հայութեան ձայնին: Էջմիածնի Ազգային-եկեղեցական ժողովի պատգամաւորներն ալ հաստատեցին ազգային միահամուռ կամքը Հայ Դատի մասին: Վերջապէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Երեք Մեծերուն դիմելով եւ Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան քարտուղար . Յարութիւնեան ճառով մը նուիրագործեցին հայութեան պահանջներու համազգային բնոյթը: Այսպիսով, այն գործը, որուն ձեռնարկեց Հայ Դատի յանձնախումբը Սան Ֆրանսիսգոյի խորհրդաժողովին ներկայացուցած իր պատմական յուշագրով եւ որուն այնպէս կուրօրէն հակառակեցան որոշ տարրեր, ի վերջոյ, իւրացուեցաւ ամբողջ ազգի կողմէ եւ դարձաւ համազգային քաղաքական փլաթֆորմ Հայաստանի եւ արտասահմանի հայկական բոլոր խաւերու համար:
Հայ Դատի յանձնախումբը, հակառակ իր դէմ յարուցուած անհարկի դժուարութիւններու, անայլայլ շարունակեց իր աշխատանքները նախագծուած ուղիով: Ան ներկայացուց յուշագրեր Փոցտամի խորհրդաժողովին, երեք նախարարներու Լոնտոնի եւ Մոսկուայի ժողովներուն, Միացեալ Ազգերու Լոնտոնի ժողովին, ամերիկեան արտաքին քարտուղարութեան եւայլն: Քուպայի իր մասնաճիւղի միջոցով ան յուշագրեր ներկայացուց Լատին Ամերիկայի 20 հանրապետութեանց կառավարութիւններուն: Աշխատանքներ կատարեց Փարիզի խաղաղութեան ժողովի մօտ, իր ներկայացուցիչներու միջոցով: Եւ առհասարակ, դիմումներ ըրաւ ամէն տեղ, ուր որ հնարաւոր էր, ի նպաստ Հայ Դատի:
Բացի քաղաքական այս քայլերէ, Հայ Դատի յանձնախումբը ջանաց հանրային միտքն եւս լուսաբանել Հայ Դատի մասին՝ ըլլայ մամուլով, ռատիոյով, հրապարակային ժողովներով կամ ուրիշ միջոցներով: Ոյժ տուաւ անգլերէն լեզուով հրատարակութիւններուն՝ մինչեւ այժմ տպելով եւ հազարաւոր անձերու, հաստատութիւններու, թերթերու, ռատիոկայաններու եւ պետական գործիչներուն ղրկելով հետեւեալ հրատարակութիւնները.-
1. A Memorandum Relating to the Armenian Question.
2. The Frontier between Armenia and Turkey as Decided by President W. Wilson.
3. An Inquiry into the Pattern of Turkish Nationalism, by V. Kalendarian.
4. The Return by the Turu, by Charles F.G. Masterman.
5. Memorandum to the Council of Foreign Ministers at London.
6. An Appeal to the Government of the United States of America.
7. Telegram to the Secretary of State.
8. Հաղորդագրութիւն Հայ Դատի յանձնախումբի:
9. I Ask You, Ladies and Gentlemen, by Leon Surmalian.
10. What do the Armenians Want? by James Mandalian.
11. Armenian Bulletin – 8 թիւ:
Այս բոլոր հրատարակութիւնները կարելի է ստանալ Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակէն, որու հասցէն է՝
Armenian National Committee
11 W. 42nd St., New York 18, N.Y.
Phone: CHickering 4-7712