Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները Գանատայի Վարչապետ Թրուտոյին իրազեկ պահեցին Արցախի հիմնահարցին մասին

Փետրուար 10ին, Վանգուվըրի մէջ կայացած Գանատայի Ազատական Կուսակցութեան նախընտրական հաւաքին հրաւիրուած Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները առիթ ունեցան առանձնազրոյց ունենալու հաւաքին ներկայ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ։ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ Հայաստանի հանդէպ իր ջերմ վերաբերմունքին առիթով, ինչպէս նաեւ խօսեցան Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին մասին, շեշտելով Արցախի հիմնահարցի գծով Գանատայի ժողովուրդի աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Պատուիրակութիւնը նաեւ Հայ Դատի անունով հրաւէր ուղղեց վարչպետին այցելելու Արցախի Հանրապետութիւն։

Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վահէ  Անտոնեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբիԱրեւմտեան Շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան, Բալիկ Քօշքերեան եւ Թիթառ Քօշքերեաններ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.