Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Ալպերթա նահանգի վարչապետ Ճէյսըն Քէնիի Հետ
Երեքշաբթի 4 Փետրուար, 2020-ին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպեցաւ Ալպէրթա նահանգի վարչապետ, դաշնակցային նախկին նախարար եւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Ճէյսըն Քէնիի հետ:
Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ատենապետ Մհեր Գարագաշեան, Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի ատենապետ Հրակ Տարաքճեան, յանձնախումբի անդամ Հրակ Չինչինեան, Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի նախկին գործավար եւ վաստակաշատ գործիչ Ռուբէն Գոյումճեան եւ Սէլին Գույումճեան:
Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի պատուիրակները վերյիշեցին իրենց ունեցած սերտ գործակցութիւնը վարչապետ Քէնիի հետ եւ անոր ցուցաբերած անվերապահ աջակցութիւնը Գանատահայ համայնքին: Անոնք նաեւ շնորհաւորեցին Քէնիի արձանագրած ընտրական յաջողութիւնը Ալպէրթայի մէջ, մաղթելով յաջողութիւն:
Հարկ է նշել, որ Քէնի այս ընդունելութիւնը կազմակերպած էր յատկապէս հանդիպելու տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու հետ, որոնց հետ ինք անմիջական համագործակցութիւն ունեցած էր դաշնակցային իր պետական գործունէութեան ընթացքին: