Հայ Դատի անձնուրաց պայքարող Ռուբէն Գույումճեանի Յիշատակին
Խոր վիշտով տեղեկացայ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ գործիչ, Օթթաուայի գրասենեակի նախկին պատասխանատու և տարիներու ընկեր և գործակից՝ Ռուբէն Գույումճեանի մահուան բօթը:
Պատիւը ունեցած եմ Ռուբէնին հետ համագործակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն, որոնք կ՚ընդգրկէին Գանատայի ծերակոյտի, խորհրդարանի և գործադիր մարմիններու ոլորտները։
Ռուբէնը ինծի համար սոսկ ընկեր և քաղաքական գործիչ մը չէր։ Ան եղբօրմէ աւելի հարազատ անձ մըն էր ինծի համար։
Մեր 35 տարուան համագործակցութիւնը անկիւնադարձ էր իմ անձնական, ընտանեկան և քաղաքական կեանքէս ներս։ Իր ներդրումները, խրատները, ցուցմունքները միշտ բարձր գնահատած եմ։
Ռուբէնը՝ գանատահայութեան, Հայ Դատին և Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն նուիրուած անձ մըն էր։ Ան բարի, անկեղծ, պարկեշտ և սկզբունքի տէր անձնաւորութիւն էր։ Ռուբէնը այն անհատներէն էր, որուն համար հայ ազգին շահը և մանաւանդ գանատահայութեան շահը գերագոյն նպատակ էր։ Ան իր անկեղծութեամբ՝ իրականութիւնները բացայայտելու չէր տատամսեր, ճշմարտութիւնը լուսարձակի տակ առնելով։
Սիրելի Ռուբէն, մեր 35 տարուայ յաճախակի ճամբորդութիւնները դէպի Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուա, տեսակցելու քաղաքական անձնաւորութիւններու, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու , մամուլի և ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, միշտ վառ պիտի մնայ իմ յիշողութեանս մէջ։ Այս առիթով պիտի յիշատակեմ նաեւ ողբեցեալ Պօղօս Փօլ Տուզճեանի մասնակցութիւնը եւ ներդրումը վերոյիշեալ հանդիպումներուն, խորհրդակցութիւններուն և ծրագրման աշխատանքներուն։
Ռուբէնին կորուստը շատ ծանր է, որովհետեւ իր առյաւէտ բաժանումով,Գանատահայութիւնը կորսնցուց արժէքաւոր և թանկագին անձնուրաց անձնաւորութիւններէն եզակի և գլխագիր հայ մարդ մը։
Հայ Դատը միշտ առաջնահերթութիւն եղած էր իրեն համար։
Խորհին ցաւակցութիններս կը յայտնեմ Գույումճեան ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն:
Հաւատաւոր , բառին ամբողջական իմաստով ԸՆԿԵՐ մը առյաւէտ կորսնցնելը, մշտական վիշտ կը յառաջացնէ եւ գրեթէ անկարելիութեան առջեւ կ՚ըլլաս, երբ կը փորձես իր բացակայութիւնը լեցնել այլ միջոցներով։
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ Ռուբէն: Հողը թեթեւ գայ վրադ։ Յիշատակդ միշտ վառ մնայ բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք քեզի մօտէն ճանչցան:
Այս երկրի վրայ քու պարտականութիւններդ լիովին կատարած` բարի ճանապարհ դէպի անդենական։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի, Ամէն։
Ցաւակից ընկեր,
Արիս Պաապիկեան
Սքարպորօ-Էյճիքորթ ընտրատարածքի
Օնթարիոյի Խորհրդարանի անդամ