Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կը Նախաձեռնէ Մարզային Հանդիպումներու

Մանուկեան նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով իր վերջին հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, թէ երբ 2018-ին Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը փոխուեցաւ, սեղանին դրուած էր հետեւեալ փաստաթուղթը` Հայաստան կը վերադարձնէ 5 տարածքները, Արցախը առայժմ չի ճանչցուիր, բայց Արցախը, Լաչինն ու Քարվաճառը կը պահեն իրենց կարգավիճակը, ինչպէս որ է, կը բացուին բոլոր ճամբաները, եւ ինչ որ անորոշ տարիներէ ետք, քուէարկութեան միջոցով, հանրաքուէով կ՛որոշուի Արցախի կարգավիճակը` անկա՞խ պիտի ըլլայ, թէ՞ մտնէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Այդ բոլորէն ետք միայն կը քննարկուի Լաչինի ու Քարվաճառի հարցը: Դեռ պատերազմի ժամանակ մտածած են, որ այդ տարածքները պիտի տանք Արցախի անկախութեան ճանաչման դիմաց:

Վ. Մանուկեան դիտել տուաւ, որ 2,5 տարիներուն առաջին իսկ օրէն սկսաւ բանակի վարկաբեկումը, այս կամ այն զօրավարին դէմ քրէական գործ յարուցուեցաւ. «Բանակը վարկաբեկուած, վախցած էր: Հայաստանը կ՛ուզէր գնել այն զէնքերը, որոնք կ՛օգնեն պայքարիլ անօդաչու թռչող սարքերուն դէմ պատերազմին: Այդ զէնքերուն հարցը մէկդի դրուեցաւ, անոնց փոխարէն գնուեցան «Սու» օդանաւներ` առանց զինամթերքի: Պատերազմի ժամանակ ալ չօգտագործուեցան», նշեց վարչապետի թեկնածուն:

Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ Նիկոլը յիմար է, չի կրնար երկիրը ղեկավարել, նաեւ` պետական մտածողութիւն չունի, դաւաճան ալ է: Ան ընդգծեց, որ եթէ պատերազմը ժամանակին կասեցուէր, քանի մը հազար զոհ չէինք ունենար, եւ տարածքներուն մէկ մասը մեզի կը մնար:

Մանուկեան շեշտեց, որ ներկայիս խելագարութիւն ու անհեթեթութիւն է պատերազմի մէջ մտնելը, որովհետեւ առնուազն 2-3 տարի պէտք է, որպէսզի բանակը գոնէ որոշ չափով ոտքի կանգնի:

Մանուկեան յայտնեց, որ պէտք է վերցնեն ու քննարկեն եռակողմանի յայտարարութիւնը եւ պահանջեն, որ առաջին կէտը կատարուի` Կուպաթլուի եւ Զանգելանի մօտ զօրքերը կանգ առնեն հոն, ուր կանգնած էին, ոչ թէ Սիւնիքի դէմ կանգնին: Ապա 8-րդ կէտը` գերիներու վերադարձի մասին, ըստ անոր, պարտադիր պիտի կատարուի:

Յաջորդ կատարուելիքը Արցախի հարցը նորէն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ բանակցութիւններու օրակարգ տանիլն է: «Նախ եւ առաջ Արցախի ամբողջութիւնը պէտք է ապահովել եւ շարունակել բանակցութիւնները` Արցախը իբրեւ առանձին միաւոր նկատի ունենալով: Եռանախագահները այդպիսով շահագրգռուած են, Ազրպէյճանը` ոչ: Ուրեմն մեզի կը սպասէ բաւական մեծ քաղաքական պայքար», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:

Անվտանգութեան խնդիրը լուծելու համար, ըստ անոր, պէտք է 2-3 տարուան ընթացքին կարելի ըլլայ վերականգնել բանակը: «Ես ձեզի ըսեմ` առանց Ռուսիոյ… մեր խաղաղութիւնը հիմա կը պաշտպանէ Ռուսիան, ես չեմ գիտեր, եթէ Ռուսիան չըլլար, ինչ կ՛ընէին Ազրպէյճանը կամ Թուրքիան: Ռուսիան նաեւ միակ այն երկիրն է, ուրկէ զէնքը կրնանք կա՛մ ձրի վերցնել, կա՛մ շատ աժան գնել եւ արագ ոտքի կանգնիլ: Տարիներու  ընթացքին մեր ընդհանուր շահերը պիտի համընկնին», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան: Ան նշեց, որ Ռուսիոյ համար ալ ձեռնտու է, որ մենք հիմա ոտքի կանգնինք, բայց ոչ Նիկոլի միջոցով, որուն նկատմամբ արհամարհանք կայ:

Հանդիպումին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ շեշտեց, թէ դաւաճան իշխանութիւնը հեռացնելը պէտք է ըլլայ համահայկական պահանջ, որովհետեւ անիկա անկարող է պաշտպանել պետութեան շահերը, այլ իշխանութեան ներկայացուցիչները կառչած են իրենց աթոռներուն եւ երկիրը կը տանին դէպի կործանում:

«Այսօր իւրաքանչիւր արժանապատիւ, գիտակից քաղաքացիի թիւ մէկ խնդիրը պէտք է ըլլայ փողոց դուրս գալն ու այս դաւաճանները հեռացնելը: Ասիկա պէտք է ըլլայ համահայկական պահանջ, քանի որ այլ ճամբայ չկայ: Համակերպիլ այս վիճակին հետ, կը նշանակէ` համակերպիլ հայրենիքը կորսնցնելու հետ», շեշտեց Սաղաթէլեան:

Ան նշեց, որ շարժումի մարզային հանդիպումներուն նպատակն է անմիջական յարաբերութիւններու միջոցով մարզային բնակչութեան ներկայացնել իրենց ծրագիրները, կատարուելիք աշխատանքները, որոնց առանցքը դաւաճան իշխանութեան հեռացումն է:

Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ շարժումը ունի Նիկոլ Փաշինեանը հեռացնելու 4 ուղի: «Առաջինը, եթէ ան հասկնար, ինքնասիրութիւն, պատասխանատուութիւն ունենար, մտածէր մեր պետութեան մասին, պէտք է հրաժարական տար: Երկրորդը, եթէ Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը հասկնայ կրկին, որ պաշտպանելով Նիկոլ Փաշինեանը` մաս կը կազմէ այս դաւաճանութեան, հրաւիրէ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ եւ պաշտօնանկութիւն կատարէ: Երրորդը, գիտէք` մենք արդէն դատախազութեան տուած ենք հաղորդում եւ կը պահանջենք, որ պետական դաւաճանութեան յօդուածով մեղադրանք առաջադրուի եւ ձերբակալուի Նիկոլ Փաշինեանը: Եւ չորրորդ տարբերակը կայ, եթէ կառավարութեան 2/3-ը` 10 նախարար հանդէս գան  նախաձեռնութեամբ», նշեց Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ այս չորս ուղղութիւններով իրենք պիտի տանին հետեւողական աշխատանք:

Share This Article

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.