Հայութեան հոգին ըստ Մաղաքիա Վրդ․ Օրմանեանի (Շար. 5)
- (0)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ․ Ք․ Գ․
ԱԶԳԻ ԵՒ ԱԶԳՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ
2.- Արդ, հայութեան հոգին՝ հնագոյն դարերէն ազգի կամ ազգութեան հոգի էր, ըստ Օրմանեան վարդապետի։ Անիկա հզօր իշխանութեան ժամանակներ ունեցեր էր. եւ ժամանակներ՝ երբ պառակտումներ ու կեդրոնախոյս կիրքեր տկարացուցեր էին զայն․ յետոյ ալ՝ ժամանակներ, երբ յաջորդական արշաւանքներու ենթարկուելով՝ ինկեր էր «խեղճութեանց անդունդ»ին մէջ։ Երկարատեւ էր եղած անդնդային ժամանակը, սակայն հոգին՝ ազգութեան մը յատկանիշներէն չէր զրկուած բոլորովին։
Զարթօնքի մթնոլորտին մէջ, վարդապետը «ազգին վիճակը․․․ յուսահատ կամ սակաւայոյս» չէ տեսած, այլ հակառակ հայութեան անցեալին մէջ կրած դժբախտութիւններուն, եւ իր օրով ալ՝ անոր վրայ ծանրացած թշուառութիւններուն, մեծ յոյս մը պահպանած է։ Գրած է․ «ես հայութիւնը կը նկատեմ իբր մի թշուառ եւ հիւանդագին անձն, որ ապաքինելու եւ իւր գործերը կարգադրելու սկսած է, որ ի մօտոյ առողջ եւ բարեկեցիկ ըլլալուն վրայ ապահով է, եւ որոյ կեանքը ամենեւին վտանգի նշան մը ցոյց չտար»։ (Զարմանալի է մէջբերումին այս վերջին հաստատումները, չէ՞։ Իր ունկնդիրներուն մէջ նստած՝ լրտեսական ականջներուն հաճելի խօսք մը հասցնելու ցանկութիւն մը չի՞ թելադրեր․․․)։
«Թշուառ եւ հիւանդագին» անձին կամ հայութեան թիւը ի՞նչ էր այն ատեն։
Վարդապետի կարծիքով, անցեալին, այսինքն՝ Հայաստանի «փառաց ժամանակ եւ զօրաւոր իշխանութեան միջոցին» հայութեան թիւը շուրջ քառասուն միլիոն էր։ Ան այս եզրակացութեան հասած է ի մտի ունենալով հայոց բանակներուն թիւերը, քաջագործութիւններուն ընդարձակութիւնը, ունեցած ազդեցութիւնը, եւ «այլ նմանօրինակ մակաբերութեանց փաստեր»։
19-րդ դարուն ընդհանրացած էր հայութեան թիւը ներկայացնել չորս միլիոն, որ, ինչպէս նախապէս նշեցի, վարդապետը շատ համեստ համարած է։ Յիշած է տոմարագէտ քահանայ մը՝ անունը տ․ Երեմիա (որոնումներս չկրցան մականունը գիտնալ), որ իր զննութիւններով հայութեան թիւ ցոյց տուած է 4,735,000։ Զայն ոմանք “չափազանց” համարած էին։ Օրմանեան վարդապետ անոնց իր տարակարծութիւնը յայտնած է։ Ըստ իրեն, հայութիւնը տերեւաթափուելով եւ ոստաբեկուելով՝ 19-րդ դար հասած էր, եւ կը ներկայանար գրեթէ հինգ միլիոն թիւով։
Ատոր «աւելի բազմաւոր» թիւը կամ մեծամասնութիւնը կ’ապրէր Օսմանեան կուսակալութիւններ՝ Կարինի, Վանի, Տիգրանակերտի, Ատանայի, Սեբաստիոյ եւ Տրապիզոնի մէջ․ նաեւ՝ Ռուսական կուսակալութիւններ՝ Երեւանի եւ Թիֆլիսի․ այլեւ՝ Պարսկական կուսակալութիւն՝ Թաւրիզի։ Այս շրջանակը հայութեան «թէ ոչ երեք քառորդը, գոնէ երկու երրորդի չափը» կը պարունակէր։ Մնացեալը՝ «վարատական (…) ծանօթ աշխարհաց մէջ, եւ Ճավայէն ցՄանչեսթէր, յԵթովպիոյ ցՓեթերսպուրկ»։ Անոնք անհաւասար սփռուած են ամէնուր։
Իր յոյսը՝ հայութեան «աւելի բազմաւոր» շրջանակին վրայ էր։ Ուստի գրած է, որ եթէ «հայուն ինչ ըլլալը եւ ինչ ըլլալիքը Հայաստան կը փնտռուի», ապա հայութիւնը իր ապագան ալ այդ գաւառներուն մէջ պէտք է հաստատելու ձգտէր։ Կը կարդամ․ «մեր ճիգն հոն պիտի թափեմք, եւ քանի որ այն գաւառաց ներքին վիճակը խեղճ է, եւ ինք իրեն բաւական չէ նպաստել, մեզ՝ որ աւելի կարող եմք քան զնոսա, եւ աւելի դիւրութիւններ ունիմք, սրբազան պարտք է՝ թէ՛ մեր ձեռքէն եկածը ընել, եւ թէ՝ անոնց ձեռքէն եկածը իրենց ընել տալ»։ Ակնարկած է գաւառներուն մէջ տիրող բազում անտանելի ճնշումներուն, իրաւունքներու ոտնահարումներուն, անապահովութեան։ Այս «անտեղութեանց դարման»ը՝ նախ եւ առաջ հայութեան իւրաքանչիւր անդամին յանձնառութիւնը ըլլալու է։ Ապա նկատի ունենալով, որ «մեծազօր տէրութեանց քաղաքականութիւններ»ը արդէն կ’ուզէին Օսմանեան սուլթանութեան ենթակայ կարգ մը ազգերու խնդիրներուն վերջ տալ, կարեւորած էր անոնց քաղաքականութիւններուն մէջ թափանցելը, պատեհ առիթին կարեւորը գործելը, իմաստութեամբ ժամանակը քննելը եւ իմանալը, արիութեամբ դժուարութիւններուն դէմ նահատակիլը (իր բառն է ասիկա, որ կը նշանակէ՝ գիտակից զոհողութեամբ ճիգ ընել, յառաջ շարժիլ, մարտնչիլ եւայլն), խորհիլը եւ խօսիլը, գրելը եւ գործելը, աղաչելը եւ պահանջելը, կանխելը եւ ակնկալելը, եւ վերջապէս՝ ըստ ժամուն հարկին, եւ ըստ առիթին՝ հայութեան ապագան երաշխաւորելը։ Այս միտքերը ան արձանագրած է ո՛չ թէ միայն իբր ըղձանք, այլ նաեւ ըսելու՝ թէ արդէն այսպիսի ընթացքի մէջ է Կ․ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, յանձինն՝ Ներսէս Պտր․ Վարժապետեանի։
Վարդապետին համոզմամբ՝ հայութեան ծառը չորցած եւ փտած չէր։ Անիկա դեռ կը տոկար թշուառութիւններուն, եւ վերընձիւղման գարունը հասած էր, երբ ամէն կողմէ արձակուող դալար բողբոջները աճող ոստեր պիտի կազմէին, եւ տերեւներով, ծաղիկներով եւ պտուղներով պիտի զարդարուէր ծառը։
Ժամանակն էր, որ հայութիւնը «յառաջացեալ ազգութեանց կարգը բարձրանար», ըլլալով «իրական եւ կատարեալ ազգութիւն մը», քանի որ ատիկա հայութեան «անկապտելի իրաւունք»ն էր։
Հայութիւնը ընդունակ էր նմանելու՝ «յառաջադէմ եւ զարգացեալ ազգաց օրինակին», անոնց «հանգունատիպ» ըլլալու։ Վարդապետը խորապէս հաւատացած էր, թէ «հայութիւնը սահմանեալ է կատարեալ եւ յառաջադէմ ազգ մը» ըլլալու արեւելքի մէջ։
(Շարունակելի 5)