Հայոց Բանակի Կազմաւորման 25-ամեակին Առիթով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ մեկնարկած տօնական ձեռնարկին ծիրէն ներս հիւրընկալուած էին Արցախի առաջին գոյամարտին մասնակցած սփիւռքահայ, հայրենադարձ ազատամարտիկներ, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմական գործողութիւններուն մասնակցած, Հայոց բանակին մէջ ծառայող սփիւռքահայ երիտասարդներ, անոնց ընտանիքներուն ներկայացուցիչները: Այդ ընտանիքիցներէն մէկուն` Դաւիթ եւ Նաթալի Գազանչեան ամուսիններուն հետ ալ ծաւալեցաւ իմ հարցազրոյցս «Հայերն այսօր»-ին համար:
-Տիկի՛ն Նաթալի, ե՞րբ հայրենադարձուած է Ձեր ընտանիքը:
-Երկու տարի առաջ հայրենադարձուած ենք Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքէն: Մեր ընտանիքին մէջ 5 արու զաւակ կայ` բոլորն ալ ` հայկական անուններով` Պօղոս, Սարգիս, Գէորգ, Մեսրոպ, Թորոս: Անոնցմէ երկուքը հիմա Պէյրութ են, երկուքը կը ծառայեն Հայոց բանակին մէջ, կրտսերն ալ Յունուար 30-ին կը զօրակոչուի:
-Դժուար չէ՞ արդեօք բանակին մէջ ունենալ երկու տղայ, այն ալ` տունէն շատ հեռու, Ղարաբաղի մէջ, եւ դեռ մէկն ալ կը պատրաստուիք շուտով ճանապարհել ծառայութեան:
-Այնչափ դժուար է, ատիկա անբացատրելի երեւոյթ է. ամէն վատ լուրի վեր կը թռչիս, կ’իյնաս անորոշութեան ու տագնապի գիրկը: Ես կը շնորհաւորեմ Հայոց բանակի տօնը եւ կը մաղթեմ, որ այն միշտ հզօր, անպարտելի, յաղթական ըլլայ, որ մեր Հայրենիքի բոլոր առաւօտները խաղաղ բացուին, որ գիշերները անխռով ու հանդարտ ըլլան մեր ժողովուրդին համար, որ բոլորին զաւակները ողջ-առողջ տուն վերադառնան, որ ոչ մէկ որդեկորոյս ծնող ըլլայ:
-Ուրկէ՞ է հայրենասիրութեան այդ կրակը տղոց հոգիին մէջ:
-Իրենց հօրմէ ժառանգած են. ան ապրիլեան օրերուն ծաւալած պատերազմական գործողութիւններուն ժամանակ կը պատրաստուէր մեկնիլ Ղարաբաղ. այստեղե՛ն կու գայ տղոց հոգիին մէջ թունդ առնող հայրենասիրութեան կրակը…Դաւիթը այդ հարցին աւելի լաւ կը պատասխանէ:
–Դաւի՛թ, Դուք կը պատասխանէ՞ք այդ հարցին:
-Անշու՛շտ: Հայրենասիրութիւնը մեր արեան մէջ է, այն ժառանգած ենք մեր պապերէն, մեր արժանաւոր նախնիներէն: Ամէն հայու հոգիին մէջ առաջին հերթին պէտք է այրի հայրենասիրութեան կրակը: Իւրաքանչիւր հայորդի պարտաւոր է իր պարտքը տալ Հայրենիքին: Եթէ անգամ տղաքս չցանկային ծառայել, ապա ես անպայման կ’ուղղորդէի անոնց: Հիմա ալ ես պատրաստ եմ `որդիներուս կողքին պաշտպանելու մեր երկրի, Արցախ աշխարհի սահմանները: Դէ՛մ եմ այն մտայնութեան, թէ` թո՛ղ ուրիշը ծառայէ. ուրիշ չկա՛յ, բոլորն ալ մեր տղաներն են, բոլորի կեանքն ալ թա՛նկ է մեզի համար: Հայոց բանակի տօնին առիթով շնորհաւորելով բոլորս, մասնաւորապէս` բանակի նուիրեալները եւ այս ցրտաշունչ ձմրան սահմանները գիշերուզօր պաշտպանող մեր ջահել զինուորներուն` կը մաղթեմ , որ մեր բանակը միշտ անպարտելի ըլլայ: Մեր բանակը մեր ամրո՛ցն է, մեր վահանը՛, մեր Հայրենիքի անառիկութեան գրաւականը:
…Զարմանալի հայեր, հիանալի՜ հայեր. ուր ալ դուք ապրիք, միեւնոյնն է, ձեր հոգիին մէջ առկայծող հայրենասիրութեան կրակը, անհրաժեշտութեան պարագային կը բոցկլտայ ու մեծ խարոյկ կը դառնայ:
Կարինէ Աւագեան
Hayern Aysor