Հայկական սեւն ու սպիտակը. Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան քննադատութիւններու թիրախ կը դառնայ

Սփութնիք Արմենիա.– Արդէն երկու օրէ ի վեր ընկերային ցանցերու մէջ աշխուժօրէն կը քննարկուի ու կը քննադատուի Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածու, յայտնի երգիծաբան Հայկ Մարութեանի մէկ զարտուղի յայտարարութիւնը։ Մարութեան ըսած էր, որ իրենց «թիմ»ի դէմ խաղ չկայ, ու հասարակութիւնը կը բաժնուի «սեւերու եւ սպիտակներու»։

Մարութեանի խօսքով, իր թիմը միակ սպիտակ ուժն է, եւ այն մարդիկ, որոնք չեն ուզեր, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը յաջողութեան հասնի, անոնք համապատասխանաբար սեւ ուժեր են։

Հանրութիւնը դժգոհութեան աղմուկ բարձրացուց այս յայտարարութեան դէմ եւ յատկապէս ցաւ արտայայտեց «մեր դէմ խաղ չկայ» արտայայտութեան ու հասարակութիւնը սեւերու ու սպիտակներու բաժնելու առնչութեամբ։

Ընկերային ցանցերու մէջ անմիջապէս զուգահեռներ սկսան գծուիլ նախկին իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու նմանօրինակ արտայայտութիւններուն հետ։ Օգտատէրերու մէկ մասը նշեց, որ Մարութեանի հռետորաբանութիւնը կը նմանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու քանի մըն ալ պաշտօնեաներու հռետորաբանութեան, որոնք կը յաւակնէին, թէ Հանրապետականէն զատ այլընտրանք չկայ։ Շատեր վարչապետ Փաշինեանին ու իր թիմին յիշեցուցին, որ նախապէս անոնք կը խօսէին բոլոր անջատող գիծերը մաքրելու եւ երկիրը համատեղ ուժերով զարգացնելու մասին։

Կարգ մը քաղաքագէտներ դիտել տուին, որ Փաշինեան թոյլ պէտք չէ տայ, որ իր գործակիցները այսպիսի յայտարարութիւններ ընեն, քանի որ անոնք կը վարկաբեկեն յեղափոխութիւնը:

Հարցին մասին խօսեցաւ Նիկոլ Փաշինեան, նշելով որ իր եւ իր թիմակիցներու որեւէ արտայայտութիւն եւ ընդհանրապէս քաղաքական որեւէ արտայայտութիւն Հայաստանի մէջ պէտք է տեղաւորուի սիրոյ ու համերաշխութեան յեղափոխութեան տրամաբանութեան մէջ: «Ըստ իս, մենք աւելի վառ գոյներու մասին պէտք է խօսինք, քան սեւին ու սպիտակին», ըսաւ Փաշինեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.