Հայեցի կրթութիւն – Ե. Ծնողք

Ծնողք…

Այո՛, ինչպէս ըսի նախորդիւ, մանուկի հայեցի կրթութեան, այլեւ ընդհա՛նրապէս կրթութեան մարզին մէջ առաջնահերթ դերակատարներն են ուսուցիչն ու ծնողքը։ Եթէ դպրոցական տարիքէն սկսեալ կրթուելու համար առաւելաբար ուսուցչին ազդեցութեան տակ պիտի գտնուի աշակերտը, մինչեւ այդ տարիքը հասնիլը, սակայն, ան բացառաբար ծնողքէն (ու շատ հաւանաբար մեծ ծնողներէն) պիտի ստանայ իր կրթութիւնը, ներառեալ՝ հայեցի կրթութիւնը։

Այս պատճառաւ ալ շատ կարեւոր է ծնողքի ազդեցութիւնը զաւկին վրայ՝ այս վերջինին ծնունդէն սկսեալ, նոյնիսկ մօր յղութեան շրջանէն, քանի որ կազմուող սաղմը անգամ արդէն հետզհետէ կը լսէ խօսուած լեզուն, ունկնդրուած երաժշտութիւնը եւ այլ ձայներ…Որքան հայեցի ըլլան այդ լեզուն եւ մշակոյթը, նորածինը այնքան հակամէտ պիտի ըլլայ հարազատօրէն զանոնք ընկալելու եւ իւրացնելու։

Ահա ճիշտ այստեղ ալ կը դրուին մի քանի հարցեր։

Առաջին, այսօրուան հայ ծնողը որքա՞ն կը տիրապետէ իր մայրենի լեզուին ու մշակոյթին։ Դժբախտաբար անոնց իմացութիւնը, մանաւանդ հայերէնի՛ իմացութիւնը բաւական ցած, եթէ ոչ շա՛տ ցած մակարդակի վրայ կը գտնուի։ Մենք ականատես կ՚ըլլանք նոր սերունդին մէջ,– բայց ոչ միայն նոր սերունդին,– մեր լեզուի աղաւաղման՝ ըլլա՛յ բառապաշարի տեսակէտէն, ըլլա՛յ շարահիւսութեան։ Որքա՜ն օտար բառեր հետզհետէ աւելի մե՛ծ քանակութեամբ, մեր առօրեայ խօսակցական լեզուէն դուրս կը մղեն հայերէն ամենէն պարզ բառերն անգամ, իսկ այդ բառերը քով-քովի կը դրուին շատ յաճախ աւելի մեր բնակած երկրի շարահիւսութեան քան թէ մայրենիին համաձայն։ Ի դէպ, այս մեղքը օր-ցերեկով կը գործուի նաեւ մեր մամուլին մէջ, թէ՛ հայրենիքէն դուրս եւ թէ՛, ափսո՜ս, հայրենիքէն ներս։ Ասիկա հարցին տարբեր մէկ երեսն է, բայց անոր քննարկումը ներկայ յօդուածաշարքի սահմաններուն մէջ չի մտներ։ Այս կացութեան մէջ ինչքա՛ն կը դժուարանայ ուսուցչին դերը։

Երկրորդ, խառն ամուսնութիւննե՞րը ինչ դեր կը խաղան այս առումով։ Անշուշտ չե՛ն օգներ հայերէնի ու հայ երգի ու մշակոյթի այլ բնագաւառներու տիրապետման գործընթացին, մանաւանդ եթէ տան մէջ խօսուած լեզուն հայերէնը չի հանդիսանար, թէկուզ աղճատուած ձեւով։ Այո՛, դժբախտաբար, խառն ամուսնութիւններու պարագային, ընդհանրապէս հայերէնը երկրորդական, նոյնիսկ երրորդական տեղ կը գրաւէ, եթէ բոլորովին չքացած չըլլայ մէջտեղէն։ Բացառութիւնները յարգելի են, մանաւանդ մեծ ծնողներու դերակատարութիւնը յաճախ փրկարար կ՚ըլլայ այս տեսակէտէն։ Տակաւին փոքրաթիւ իմաստուն ծնողներ կ՚աշխատին, որ իրենց զաւակները սորվին թէ՛ իրենց երկուքին ալ մայրենի լեզուները, թէ՛ ալ երկրին լեզուն կամ լեզուները, սակայն այս ամենով հանդերձ հայեցիութեան նահանջը չի թաքցուիր։

Այս հարցը լուծում ունի՞ արդեօք։ Նորընծայ ծնողներուն՝ թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ ոչ-հայերուն համար դասընթացքնե՞ր հաստատուին… Եւ արդեօք միայն լեզո՞ւ, պատմութիւն ու մշակո՞յթ սորվեցնել, թէ ոչ նաեւ ծնողք ըլլալու հիմնական պայմանները…

Չէ՞ որ ներկայ ամուսնութիւններու կարճատեւ բնոյթն ալ չ՚օգներ, որ այդ ամուսնութիւններէն հասած զաւակները լաւ կրթութիւն ստանան, մանաւանդ հայեցի։ Առանձին մնացած մայրեր կամ հայրեր ի գին ի՛նչ զոհողութիւններու զաւակ պիտի մեծցնեն ու տակաւին մտահոգուին ալ անոնց խօսած լեզուի մաքրութեան կամ ճշգրտութեան համար։ Այս ալ կը ներկայացնէ երրորդ մեծ հարցը, որ կը խոչընդոտէ հայեցի դաստիարակութիւնը։

Չորրորդ հարցը, որ ի վերջոյ պիտի տրուի, ինչո՞ւ անպայման իրենց զաւակները հայկական վարժարան ղրկել կ՚ուզեն մարդիկ։ Չէ՞ որ այդ վարժարանը առաքելութիւն մը ունի։ Կը հաւատա՞ն այդ առաքելութեան։ Անշուշտ շատ այլ առաւելութիւններ ալ ունի հայկական վարժարանը, բայց առաջին հերթին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելն է իր պարտականութիւնը։ Կարելի՞ է ըսել, որ կ՚ուզենք օգտուիլ այդ այլ առաւելութիւններէն (մաքուր ու ապահով ընկերային մթնոլորտ, ուսուցիչներու նուիրում, ուսումնական բարձր մակարդակ եւ այլն), բայց ոչ իր գլխաւոր առաւելութիւնէն, որ ապագայ հայերը պատրաստելն է։ Առանց հաւատալու այս վերջինին, պարզապէս աւելորդ շքեղանք մըն է մնացեալէն օգտուելու ցանկութիւնը։

Ոմանց (շատերո՞ւ) մտքին մէջ կայ այն համոզումը, որ կը վճարենք, ուրեմն մեր ուզածը կրնանք պարտադրել։ Հայերէնը օգուտ մը չունի։ «Հայերէն պիտի սորվեցնէք՝ սորվեցուցէ՛ք, եթէ կրնաք, բայց մենք չենք հետաքրքրուած հայերէն սորվեցնելու մեր զաւակներուն»,– կը մտածեն անոնք։ Արդարեւ, անոնք չեն ալ կրնար օգնել իրենց զաւակներուն՝ դասերը սերտելու համար, ուստի դժգոհ կը մնան, որ այդքան կարեւորութիւն կ՚ընծայուի հայերէնին ու յարակից նիւթերուն։ Առանց ատոնց՝ շատ երջանիկ պիտի ըլլային անոնք։ Դժբախտաբար նման ծնողներ, այլապէս շատ յարգելի, կրնան մաս կազմել թէ՛ ծնողական յանձնախումբերու եւ թէ պատկան մարմիններու։ Եւ ի հարկէ իրենց մօտեցումներով ազդել դպրոցի կրթական ծրագիրին, տնօրէնութեան թէ ուսուցիչներուն վրայ։

Տակաւին, եթէ ծնողները իրենց զաւակները հայկական վարժարան կը ղրկեն, սակայն հեռու կը պահեն հայ ազգային կեանքէն՝ զրկելով զանոնք իրենց սորված հայերէնը գործածելու եւ զարգացնելու առիթներէ, շատ բան ըրած չենք ըլլար…

Ի՞նչ է լուծումը։ Վերցնե՞լ հայերէնի դասաւանդումը. հրաժարի՞լ հայեցի կրթութիւնը դպրոցին նպատակը դաւանելէ, թէ՞ հայկական վարժարան ընդունիլ անոնց զաւակները միայն, որոնք կը հաւատան անոր առաքելութեան ու ամեն ջանք կ՚ընեն, որ ան յաջողի զայն ի կատար ածելու։

Ահա պատասխանատու մարմիններու մեծ մարտահրաւէրը ասկէ ետք։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.