Հայեցի կրթութիւն – Ա.- Դպրոց
Ա.- Դպրոց
Եթէ Հայրենիքը առանցքն է մեր ազգային գոյութեան,– առանց հայրենիքի, մանաւանդ առանց հայրենիքի երազին, ինչպէս եղաւ երկար ժամանակ,– մեր գոյութիւնը իմաստ ունենալէ կը դադրի,– հայեցի կրթութիւնը գլխաւոր կռուանն է այդ երազին, այդ երազը վառ պահելուն եւ այդ գոյութեան գիտակցումին։
Գլխաւոր կռուանը՝ երբ հողը չկայ ոտքերուդ տակ, գուցէ նոյնիսկ երբ հողն ալ կայ ոտքերուդ տակ…
Հայեցի կրթութիւնը այստեղ պիտի ներկայացուի վեց երեսներով՝ դպրոց, ծրագիր, դասագիրք, ուսուցիչ, ծնողք եւ աշակերտ։
Քանի որ այդ բոլորին մասին շատ է խօսուած, գրուած, անդրադարձուած հանգամանօրէն թէ մակերեսայնօրէն, այստեղ պիտի փորձուի պարզել անոնց ներկայ իրավիճակը ու զայն բարելաւելու ուղիներ՝ նկատի առնելով գալիք մարտահրաւէրները։
Դպրոց…
Դպրոցը շէնք է շատերու մտքին մէջ։ Բայց դպրոցը շէնք չէ միայն, նախ եւ առաջ շէնք չէ, այլ միջավայր է, մթնոլորտ է, սեփական կեանքով բաբախուն սիրտ մըն է։ Այս ամենէն զատ դպրոցը նաեւ հաւաքականութեան մը դրսեւորումն է։ Հայկական վարժարանը առանձին գոյութիւն ունեցող հաստատութիւն մը չէ, ինչպէս կրնան ըլլալ կարգ մը անձնական վարժարաններ։ Ան ամուր կռնակ մը ունի, ունենալու է, ատիկա ըլլայ ազգային-թեմական, համայնքային, միութենական, կուսակցական թէ այլ կազմակերպութիւն մը։ Առանց նման կռուանի հայ դպրոց չկայ, չի կրնար ըլլալ՝ ո՛չ ամենօրեայ, ո՛չ միօրեայ։ Ան կամքի մը արտայայտութիւնն է, ապրելու, հա՛յօրէն ապրելու կամքին։
Դպրոցի մասին առաջին նկատողութիւնը որ կը դրուի այստեղ կը վերաբերի անոր քանակին։ Յստակ է, բաւարար չէ այդ քանակը։ Երբ հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հայրենիքէն դուրս կ՚ապրի, տարտղնուած աշխարհի չորս ծագերուն, Սփիւռքի մէջ մեր ունեցած վարժարանները, իրենց թիւով, անհամեմատօրէն սակաւ են։ Այդ թիւը պէտք է բազմապատկուի թերեւս հարիւրով, թերեւս հազարով, որպէսզի իւրաքանչիւր հայորդի կարենայ հայկական վարժարան յաճախել։ Ահա թիւ մէկ մարտահրաւէրը։
Երկրորդ նկատողութիւնը կը վերաբերի մեր դպրոցական շէնքերու ֆիզիքական վիճակին եւ ունեցած յարմարանքներուն։ Հարցը կը դնեմ հարցումով.– Մեր վարժարաններու շէնքերը որքա՞ն կը գոհացնեն մանկավարժական, առողջապահական ու աշակերտական կեանքի զարգացման ներկայ պահանջները, չափանիշերը։ Իսկ ի՞նչ ճիգ կը կատարուի այդ ուղղութեամբ։ Այս հարցումներուն պատասխանները որոնելու են իւրաքանչիւր քաղաքի եւ իւրաքանչիւր վարժարանի պատասխանատու մարմինները։ Այդ պատասախանները պիտի ըլլան իրարմէ շատ տարբեր, կասկած չկայ։ Ահա ուրեմն թիւ երկու մարտահրաւէրը։
Երրորդ նկատողութիւն մըն ալ՝ նոյնպէս հարցումի ձեւով դրուած. ի՞նչ կ՚ընենք, որպէսզի վարժարանի մը շրջակայքին մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայորդի չզրկուի հայ դպրոց յաճախելու հնարաւորութենէն։ ի՞նչ հիմնադրամներ հաստատուած են, ի՞նչ օժանդակութիւն կը հայթայթուի հայ ընտանիքներուն, նոյնիսկ ի՞նչ միջոցներ կը հաստատուին բոլոր աշակերտները անվճար ընդունելու համար։ Եւ անշուշտ այլ հարցումներ կրնան հետեւիլ. գաղութի մը մեծատունները որքա՞ն նեցուկ կը կանգնին հայ վարժարանին. գաղութը ի՞նչ նիւթական կռուաններ կը ստեղծէ՝ իր վարժարանին կամ վարժարաններուն ոչ միայն տէր կանգնելու այլեւ տեւաբար զայն կամ զանոնք բարելաւելու, կրթութեան որակը միշտ աւելի՛ բարձրացնելու եւ այնպիսի մակարդակի մը հասցնելու, որ մարդիկ պոչ բռնեն իրենց զաւակները արձանագրելու համար…։ Ահա ուրեմն թիւ երեք մարտահրաւէրը։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
(Շար. 1)
Հորիզոն, 2017-06-12 (1980)